ԿԱՐԳԸ
ՁԵ՛ՐՆ
Է,
ՏՂԱՔ
Ամէն
սերունդ
պիտի
ունենայ
կամաւորներ,
ծառայելու
համար
իր
ժողովուրդին
եւ
անոր
միջոցաւ՝
ընդհանուր
մարդկութեան։
Բնութիւնը
այլազան
շնորհներ
տուած
է
բոլորին։
Մնացեալը
կը
լրացնէ
մարդը
ինք՝
հաւատքով
ու
աշխատանքով։
առանց
այս
հիմնական
դաւանանքին
որեւէ
մտաւորականութիւն
պիտի
դառնար
ամբոխին
մէկ
մասը։
Թերեւս
ամէնէն
անպիտանը։
Եւ
ամէն
սերունդ
միշտ
քայլ
մը
յառաջ
պիտի
նետուի,
նոր
արժէքներու
հետապնդումով։
Իր
նայուածքը
պիտի
ըլլայ
վճիտ։
Միտքը
սուր։
Սիրտը
տաք։
Բնականաբար
պիտի
ջանայ
պաշար
ալ
ամբարել,
շահելու
համար
գերազանցութեան
պայքարը
նախորդին
վրայ։
Գոնէ
լրացնելու
համար
անոր
պակասները։
Ճիտի
պարտք
մըն
էայս
եւ
օրէ
օր
աւելի
կը
ծանրանայ,
օտարութեան
տառապանքին
հետ։
Եւ
սակայն
պիտի
դիմանանք,
ինչպէս
դիմացան
յաջորդական
սերունդներ,
արժեցնելով
իրենց
գոյութիւնը
իբրեւ
միտք,
իբրեւ
ձայն
եւ
իբրեւ
բազուկ։
Մէկ
խօսքով՝
իբրեւ
աշխատանք
եւ
ստեղծագործութիւն։
Ի՞նչն
է
որ
կը
պակսի
նորերուն,
հո՞ղը։
Այդ
ալ
ունինք,
հոգ
չէ
թէ
ոչ
ամբողջական։
Ինչ
որ
երգ
էր
երէկ,
իրականութիւն
է
այսօր,
որքան
ալ
երազը
կիսկատար
մնացած
ըլլայ,
սաստկացնելով
կարօտը։
Միայն
այդ
կարօտը
աշխարհ
մը
Սաղմոս
կ’արժէ։
Մեր
Խորենացին
ինչո՞վ
ետ
կը
մնայ
հրէական
Թալմուտէն։
Անոնք
մաշեցուցին
իրենց
մէկ
հատիկ
Լացի
Պատին
քարերը։
Մեր
բիւրաւոր
Լացի
Պատերը,
թէեւ
անհետ
կորսուած,
լոյս
կը
ցանեն
մեր
ճամբաներուն
վրայ։
Այստեղ
եւ
ամէն
տեղ։
Սերունդներու
պարտականութիւնն
է
փնտռել
գտնել
այդ
լոյսերը
եւ
ճոխացնել,
յաւերժացնելու
համար
Հայկազանց
Բոցը։
Օտարութեան
մէջ
անգամ,
ինչո՞վ
ետ
կը
մնանք
«քանց
մեզ
աղէկ»ներու
տաղանդէն
ու
արժանիքէն։
Ո՞ր
ասպարէզին,
գրականութեան,
արուեստի
եւ
գիտութեան
ո՞ր
ճիւղին
մէջ
սեւ
տախտակը
անցած
ենք,
հայրենիքէն
մինչեւ
ակնախտիղ
պողոտաները։
Սեւը
մենք
մեր
ձեռքով
քսած
պիտի
ըլլանք
մեր
ճակտին,
եթէ
մոռնանք
ծառայել
այս
անտէր
ժողովուրդին։
Եթէ
մեր
արժանիքները,
մեր
ամբարած
պաշարը,
մեր
աշխատանքը
չտրամադրենք
անոր
փրկութեան,
բարօրութեան
եւ
յաւիտենական
փառքին։
Կարգը
ձերն
է,
տղաք։
Երեսնամեակները
կուգան
ու
կ’անցնին
իբրեւ
յիշատակ,
եթէ
նոր
ուժեր
չհասնին,
արծարծելու
համար
Անշէջ
Բոցը։
Արդէն
կիսուեր
է
այն
սերունդը
որ
իր
երակները
քամեց,
որոշ
հանգրուանի
մը
հասցնելու
համար
տարագիր
բազմութիւնները։
Երէկ
տժգոյն
եւ
նկուն,
այսօր
բոցավառ
եւ
հասակագեղ,
դո՛ւն,
երիտասարդութիւն
Հայոց,
աչքերդ
ուղղէ
դէպի
հայրենի
Տուն։
Ոչ
թէ
անոր
չորս
պատերուն
մէջ
կծկուելու,
այլ
նոր
հորիզոն
փնտռելու
եւ
պարպուած
դիրքերը
գրաւելու
համար։
«Եաթաղան»ը
արեան
գետեր
հոսեցուց,
բայց
Հայկազանց
ոգին
մնաց
անեղծ,
սաւառնելով
հորիզոնէ
հորիզոն։
Թոյլ
մի՛
տաք,
տղաք,
որ
օտարութեան
գոլորշիները
ծծեն
այդ
ոգին,
ձեր
ետին
ձգելով
միայն
դարաւոր
պատմութեան
մը
կմախքը։
4
Օգոստոս
1955