ԵՐԳԴ
ՔԵԶ
ՕԳՆԱԿԱՆ
Վարդապետին
տօնն
է
այսօր-
թէեւ
ուշ
մնացած-
եւ
պարտք
սեպեցինք
թիւ
մը
նուիրել։
Թիւ
մը՝
բաբախուն
կարօտի
եւ
փառքի
արտայայտութիւններով։
Գեղարուեստական
դատումներով
եւ
քաղցր
յուշերով։
Այլ
մանաւանդ
ինքնաճանաչման
վկայութիւններով։
Արդարեւ,
Կոմիտաս
վարդապետի
60
ամեակը
առիթ
մը
եղաւ
հայկական
ստեղծագործութեան
փառքը
երգելու։
Փառաբանելու
մեր
երգը։
Ինչ
որ
կը
նշանակէ,
դարձեալ,
պանծացումը
այս
հալածական
ժողովուրդին։
*
Երգ
ու
վէրք՝
մեր
ամբողջ
կեանքը։
Դարերու
ընթացքին
եւ
մինչեւ
այսօր։
Երգեր՝
ցնծութեան
եւ
տրտմութեան։
Ծիծաղի
եւ
վշտի։
Ռազմի
եւ
կարօտի։
Ազատութեան
եւ
աշխատանքի։
Ու
վէրքեր՝
անսկիզբ
եւ
անվախճան։
Խոր
եւ
անչափելի։
Յարաճուն
եւ
մշտանորոգ։
Բայց
երգերն
եղան
աստուածաշնչական
սպեղանին
մեր
անասելի
վէրքերուն։
Ե՛րգը
փրկեց
մեր
ոգին,
միեւնոյն
ատեն
պրկելով
մեր
ջիղերը։
Երգը՝
սարի
կատարէն,
գետափէն,
դաշտին
մէջ,
ճամբուն
վրայ։
Երգը՝
վճիտ
եւ
հոսուն,
ինչպէս
աղբիւրներն
ու
առուները
մեր
աշխարհին։
Երգը՝ծաւալուն
եւ
գունագեղ
ինչպէս
ծաղիկներն
ու
հորիզոնը
Բիւրակնի։
Եւ
ո՞վ
պիտի
կրնար
պնդել
թէ,
գոնէ
ոգիով,
միօրինակ
են
կամ
յետամնաց
մեր
երգերը։
Լալկան
ու
մեղկ։
Մաշած։
Դատապարտուած՝
կորսուելու
ժամանակի
ընթացքին։
Կրնայի՞ք
ճշդել
թուականը
«Կռունկ»ին։
Ո՛րեւէ
ժամանակի
հետ
կապել,
անցեալ
եւ
անդարձ
շրջանի
մը
հետ
փակել
զայն։
Նոյն
իսկ
անոր
մէկ
նախադասութիւնը.
Ո՛չ
զլուր
օրն
գիտեմ,
ո՛չ
զկիրակին,
Զարկած
է
զիս
շամփուրն՝
բռնած
կրակին։
Լալկա՞ն։
Անո՞ր
համար
որ
երգեցին,
երէկ,
մեր
հողին
վրայ,
կ’երգեն,
այսօր,
խորթ,
անհաղորդ
ոստաններու
մէջ.
Վարդավառը
գալիս
ա,
. . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . .
Ձէնդ
ծլւլալիս
ա…
Եւ
տակաւին
«Շողեր»ը,
«Հով
Արէք»ը,
«Քելէր,
ցոլէր»ը։
Յետոյ
գութաներգն
արու,
տարբեր
ուղղութեամբ։
*
Երգդ
քեզ
օգնական,
արի
ժողովուրդ։
Ինչ
որ
ունիս
իբրեւ
երգ,
ամէն
բանէ
առաջ
քու
պատկերդ
է։
Կեանքդ
ու
բաղձանքդ։
Քեզմէ
բխած՝
քեզ
կը
յատկանշէ։
28
Յունիս
1931