ՏԱՐՕՆ
Վարդավառ
է
այսօր։
Իսկ
Վարդավառը,
առանց
Տարօնի,
տժգոյն,
աղօտ
յիտշատակ
մը
միայն։
Բառը
ինքնին,
-
Տարօն-
ամբողջ
պատկեր
մը
կը
ներկայացնէ։
Թերեւս
խորհուրդ
մը։
Երբ
կ’ըսենք
Մուշ-
կը
հասկնանք
աշխարհագրական-
վարչական
բացատրութիւն
մը։
Բոլորովին
ուրի՜շ
բան
է
Տարօնը։
Գոնէ
անոնց
համար
որ
տեսեր
ու
ապրեր
են,
շնչեր
ու
անցեր։
Ամբողջ
հեթանոսութիւն՝
իր
սարերովն
ու
դաշտերովը։
Նոյնիսկ
եկեղեցիներով
ու
վանքերով։
«Հէ՜յ
Մշու
Սուլթան
Սուրբ
Կարապետ…»։
Եւ
պէտք
է
տեսած
ըլլալ
Վարդավառը՝
Ս.
Կարապետի
սարին
վրայ,
երբեմն
հեթանոսական
լերան
մը
կատարը,
մինչեւ
տասը
հազար
բազմութեամբ։
Ս.
Կարապետի
Վարդավառը՝
իր
աւանդական
լարախաղացներով,
բայց
մանաւանդ
իր
իսկ
եւ
իսկ
հայկական
խանդավառութեամբ,
-
ծիծղուն,
ծփուն
եւ
անարուեստ։
Անահիտ
հովանին
է-
կ’ըսեն-
փռուած
այդ
ամբողջ
տարածութեան
վրայ,
հեռուն,
մինչեւ
Մեղրագետն
ու
Արածանին,
եւ
ասդին,
մինչեւ
Իննակնեան
լեռները։
Այլեւ
Վահագնի
հոգին։
Եւ
կը
թուի
թէ
Գրիգոր
Լուսաւորիչը
այստեղ
միայն
պարտուած
է,
չկարենալով
կորզել
գաղտնքիը
Ասուրի։
Հեթանոս
քրմապետը
չէ
ուզած
յանձնել
թանկագին
գաղտնիքը,
յանձն
առնելով
ծառայել
վանքին
մէջ,
իբրեւ
պարզ
մշակ։
«Կաղ
Դեւ»ն
է
այս,
-
իրեն
յատուկ
խցիկով
եւ
գուբով,
որուն
յատակը,
-
ո՜վ
գիտէ-
ապահովաբար
կը
պահէ
մեր
հեթանոսական
շրջանի
անծանօթ,
անգնահատելի
հարստութիւնները։
Թոնիրները
կը
վառին
գիշերը,
եւ
առտուն
կանուխ
«Կաղ
Դեւ»ը
մաքրած
կ’ըլլայ
ամէն
բան։
Մաքրած
ու
իր
գուբը
քաշուած,
առանց
մոխիրի
հետք
մը
ձգելու…։
*
Ուրկէ՞
ուր
այս
միամիտ
աւանդութիւնները՝
այս
համայնակուլ
ափերուն
վրայ։
Այն
ալ
օրուան
այս
ժամուն,
երբ
շատշատեր
մոխիր
ցանած
իրենց
գլուխներուն,
կը
հառաչեն
ու
կը
յօրանջեն։
Անոր
համար
որ,
ոչ
միայն
Վարդավառ
է
այսօր,
այլեւ
տարեդարձը
Տարօն
աշխարհի
վերջին
ջղաձգութեան։
Վարդավառի
կիրակի
մըն
էր-
1915
Յունիս
28-
երբ
Տարօնն
ալ
արիւնլուայփռուեցաւ
գետին,
դաւադիր
«եաթաղան»ը
կուրծքին։
Կամ
ամբողջ
բազմութիւններով
ողջակէզ՝
բոցերու
մէջ։
Կամ
ջարդուփշուր՝
բահով,
բրիչով,
կացինով,
թնդանօթով
ու
գնդացիրով…
Մա՜հ
կ’ոռնար
թշնամին,
ամբողջ
հայաշխարհին
վրայ,
գազանային
մոլուցքով
մը։
Եւ
գերանդին
ձեռքը,
ժանիքները
ցից,
դանակները
սրած՝
շունչը
առեր
էր
Տարօն։
Հայ
չմնաց
Մուշի
մէջ։
Բայց
Թուրք
ալ
չմնաց,
ինչպէս
կը
խոստովանէր
Էնվերը
ինք։
Միշտ
արթուն
եւ
ըմբոստ,
սնած՝
Սերոբներու,
Չավուշներու,
Հրայրներու,
Մուրատներու,
Անդրանիկներու,
Տէր
Քաջերու,
Վահան
Մանուէլեաններու
եւ
դեռ
անհամար
«անծանօթ
զինուորներ»ու
շունչով,
Տարօն
աշխարհը
փլաւ
ճակատագրական
պահուն։
Վրիպեցա՜ւ
վերջին
քառորդ
ժամուն…։
*
Փլաւ՝
ֆիզիքական
աշխարհը.
բայց
կ՛ապրի
հոգեկանը։
Այսօր,
ամէնէն
հեռաւոր
ափերուն
վրայ
իսկ,
ո՜ղջ
է
Տարօնի
ոգին։
Ու
թերեւս
աւելի
աշխուժացած,
ինչպէս
բոլոր
այն
մնացորդներուն
մէջ
որ
համրանքով
փրկուեցան
հայաջինջ
սարսափներէն,
եւ
կ՛ապրին
վաղուան
համար։
Ո՜ղջ
է
Տարօնը՝
իր
գիրովն
ու
խօսքով
ալ։
Չուշանար
առաւօտը,
Տարօ՛ն,
քանի
դուն
հաւատարիմ
ես
քու
սարերուդ
եւ
անոնց
փառքերուն,
քու
դաշտերուդ
եւ
անոնց
արդար
վաստակին։
12
Յուլիս
1931