ԱՌԱՒՕՏ
ԼՈՒՍՈՅ
Ամէն
Ամանոր
շողշողուն
հեռանկարներ
կը
բանայ,
ի
վերջոյ
թաղուելու
համար
մշուշին
մէջ,
մռայլ
ու
միօրինակ։
Մանաւանդ
երբ
արեւը
կ’ողջունենք
օտարութեան
մէջ,
արմատախիլ
եւ
ծփուն։
Արդէն
մեր
կռնակն
ունինք
աւելի
քան
երեսուն
տարուան
բեռ,
եւ
սարսուռ
մը
կը
համակէ
մեզ,
երբ
կը
մտածենք
մնացեալի
մասին։
Մինչեւ
ե՞րբ։
Ի՞նչպէս։
ինչո՞ւ
այսպէս…
Իսկապէս
լոյս
կը
ծագէր
մեր
գլխուն
վերեւ,
երբ
կը
լսէինք
դարերէն
բխած
եղանակը-
«Առաւօտ
Լուսոյ»։
Հաւատքի
եւ
աշխատանքի
արեւը
ջերմութիւն
կը
ցանէր
մեր
բոլորտիքը։
Եւ
կը
քալէինք
ու
կը
քալէինք,
մեր
հայեացքն
ուղղած
դէպի
լեռները,
-
դէպի
բարձունք
եւ
խորութիւն։
Այսօր
մեր
ծունկերը
կը
կթոտին
լուսացնցուղ
պողոտաներու
զառիթափին
վրայ
եւ
մեր
աչքերը
կը
յոգնին
օրը
իրիկուն
չեղած։
Եւ
սակայն
պիտի
քալենք։
Ճամբաները
պիտի
կտրենք
անընդհատ
ու
անվհատ,
միշտ
ջահ
ի
ձեռին։
Ջահը
գիտութեան,
ստեղծագործութեան
եւ
ինքնապաշտպանութեան։
Մեր
երգը
պիտի
ըլլայ
միշտ-
«Առաւօտ
Լուսոյ»։
Բոլոր
ճակատներուն
վրայ։
Բոլոր
ցամաքներուն
վրայ։
Ծովուն
դիմաց
թէ
լերան
ստորոտը։
Որքան
խուսափի
«Արեգակն
արդար»,
այնքան
պիտի
դառնանք
ժիր։
Ըմբոստ
եւ
տոկուն։
Նախ՝
մենք
մեզի
հանդէպ,
որպէսզի
կարենանք
ուրիշէն
իրաւունք
պահանջել
ճակատաբաց։
Պիտի
ունենանք
պայծառ
տեսակէտներ
եւ
քաջութիւն՝
զանոնք
պաշտպանելու։
Պիտի
գիտնանք
լողալ,
որպէսզի
կարենանք
մէկ
ափէն
միւսն
անցնիլ
մեր
սեփական
ուժերով։
Պիտի
գիտնանք
երիտասարդացման
աւիշը
ներարկել
ցիրուցան
բազմութեանց,
որպէսզի
կարենայ
թօթափել
հնութեան
եւ
թմրութեան
փոշիները։
Ճամբան
պիտի
հարթենք
յառաջապահ
երիտասարդութեան
մը
համար,
անոր
ներշնչելով
ազգային
հպարտութիւն
եւ
հայրենասիրութիւն։
Պիտի
կազմենք
միացեալ
ճակատ՝
յանուն
տարագիր
բազմութեանց
ինքնապաշտպանութեան
եւ
ինքնուրոյն,
բազմագոյն
մշակոյթի։
Ոչ
ծոյլ
եւ
նկուն
համակերպում,
ոչ
ալ
քարացած
սովորամոլութիւն։
Երիտասարդացում՝
նա՛եւ
գրականութեան,
գեղարուեստի,
գիտութեան
եւ
հանրային
գործունէութեան
մէջ։
Թող
Նոր
Տարուան
եւ
բոլոր
գալիք
տարիներու
ընթացքին
մեր
մաղթանքն
ըլլայ
միշտ
«Առաւօտ
Լուսոյ»,
բայց
երբեք
«Աշխարհ
Ամենայն»։
Երէկ՝
օրուան
պահանջն
էր
երգելով
մեռնիլ։
Այսօր՝
ապրիլ
երգելով։
Աշխատանքի
եւ
ստեղծագործութեան
երգի
մը
վերածելով
մեր
կեանքը։
Հայրենիքի
կարօտն
անգամ
պէտք
է
պրկէ
մեր
ջիղերը,
լաւագոյնս
կազմակերպելու
համար
մեր
ինքնապաշտպանութեան
պայքարը,
ցամաքէ
ցամաք։
Լոյս,
լո՛յս,
մեր
բոլոր
ընդունակութեանց
յարաճուն
եւ
ներդաշնակ
զարգացումով։
Յարատեւ
ճիգ
ու
պրպտում՝
մեր
անցած
ճամբաներուն
վրայ։
Ինչպէս
երէկ՝
դժոխային
պայմաններու
տակ։
Մշուշը
ուշ-կանուխ
պիտի
փարատի
մեր
հորիզոնին
վրայ,
քանի
կը
մնանք
հաւատարիմ՝
մեր
արեւահամ
երգերուն։
1
Յունուար
1956