ԶՐՈՅՑ
ԴԱԳԱՂԻ
ՄԸ
ԱՌՋԵՒ
-Ահա
կը
մարին
մէկ-մէկ։
Շատոնց
ուժասպառ,
ֆիզիքապէս
ալ
տեղի
կուտան
կամաց
կամաց։
Դիրքեր
կը
պարպուին,
բացեր
երեւան
կուգան։
Ի՞նչպէս
պիտի
լեցնենք։
-
Հիները
չեն
ուզեր
ինքնաբերաբար
տեղի
տալ
եւ
ասպարէզ
բանալ,
որպէսզի
նոր
ուժեր
հասնին
իրենց
կողքին
եւ
գրաւեն
պարպուած
գիրքերը։
Կարծես
ճակատագրուած
է
որ
սպասենք
մինչեւ
մէկուն-միւսին
մահը…
-
Բնական
օրէնք
է-
ոչ
ոք
ինքնաբերաբար
տեղի
կուտայ,
ոչ
ոք
թիզ
մը
հող
կը
պարպէ,
առանց
տիրական
արժէքի
մը՝
ուժի
մը
ճնշման։
Այսպէս
կ’
ընթանայ
ինչպէս
ազգերու,
նոյնպէս
անհատներու
կեանքը։
Այսպէս
է
աշխարհի
կարգը
ինչպէս
պատերազմի,
նոյնպէս
խաղաղութեան
ատեն։
Մինչեւ
որ
չզգացնես
թէ
կրնաս
կատարել
այսինչ
գործը,
մարդիկ
դժուար
տեղի
կուտան
կամ
տեղ
կը
յատկացնեն։
Մեր
սերունդը
ինչո՞վ
պակաս
է
հիներէն։
Անոնք
ալ
մեր
տարիքը
չունէի՞ն,
երբ
այնքան
պատասխանատու
դիրքեր
գրաւեցին։
Ինչո՞ւ
կ’ուրանաք
անոնց
վրիպումները,
կամ
շատ
կը
տեսնէք
մեր
յաւակնութիւններն
ու
թերութիւնները։
Միայն
մտաւոր
պաշարը
չի
բաւեր։
Երբ
կ’ըսենք
արժէք՝
նկատի
ունինք
նաեւ
բարոյական
կորովը,
նկարագիրն
ու
միւս
առաքինութիւնները։
Շատ
բնորոշ
է
եւ
բովանդակալից՝
հայերէն
բառը-արժանիք։
Եւ
յետոյ,
ո՞վ
ըսաւ
թէ
կ’ուրանանք
հիներուն
թերութիւնները։
Ընդհակառակն,
յաճախ
նորերուն
նորերն
են
որ
գերադրական
պանծացումներ
կը
կատարեն
որոշ
բարձունքի
մը
հասած
անուններու,
եղծելով
հարազատ
գիծերը։
Թողո՜ւնք
այդ։
Ի՞նչ
օգուտ
մատնանշել
թերութիւնները,
երբ
չես
կրնար
ճակատաբաց
ըսել
կամ
համոզել,
-
Ահա
ես
կամ
այս
գործին
համար։
Անշուշտ
նորը
պիտի
ձգտի
բան
մը
աւելցնել
շահուած
գետնին
վրայ,
իբրեւ
մտաւոր
արժէք
եւ
բարոյական
հեղինակութիւն։
Մանաւանդ
պիտի
ունենայ
տիրական
գիծ
մը,
ոչ
միայն
ճամբան
հարթելու,
այլեւ
հին
միամտութեանց
դուռները
փակելու
համար։
Գիտէ՞ք
ուրիշ
ձեւ
մը,
փոխանցումը
բնական
օրէնքով
կատարելու
եւ
վերանորոգում,
թարմութիւն
ստեղծելու
համար։
Այդ
ընդհանուր
խօսքերը
բան
չեն
ապացուցաներ։
Կարելի
չէ՞
աւելի
պարզ
խօսիլ։
Ինչո՞ւ
չէ։
Օրինակ,
Ահարոնեան,
Վարանդեան
եւ
ուրիշներ
շատ
մը
գործերու
կարգին
վարած
են
արտաքին
յարաբերութեանց
ճակատը։
Աղէ՞կ
վարած
են
թէ
գէշ,
քննուած
է
եւ
մնացեալն
ալ
պատմութեան
կը
վերաբերի։
Քաղաքական-պետական
ըլլայ
թէ
ընկերվարական,
մենք
այդ
ճակատին
ալ
պէտք
ունինք,
ոտքը
գետնէն
չկտրելու
պայմանով։
Արդ,
հիները
կապ
ունէին
հիներուն
հետ,
ըսենք՝
նախապատերազմեան
հոգեբանութեամբ։
Երկու
կողմէն
ալբ
օտար
թէ
հայկական,
կը
հատնին,
կը
մարին
մէկ-մէկ։
Այսինչ
երէց
ընկերը
կապ
ունէր
այնինչ
օտարին
հետ,
մարդը
մեռաւ։
Օտար
դէմք
մը
կը
ճանչնար
Ահարոնեանն
ու
Վարանդեանը։
Մէկը
անկողին
ինկած
է
անդամալոյծ,
միւսը
ոչ
եւս
է։
Անշուշտ
յաջորդներ
կան,
բայց
անոնք
ալ
յաւիտենական
չեն։
Յետոյ,
կը
բաւէ՞
եղածը
պահել
կամ
գոհանալ
եղածով,
երբ
սրընթաց
կը
թաւալին
աշխարհն
ու
մարդիկը,
ահագին
անջրպետ
մը
բանալով
մէկ
օրէն
միւսը…
Այստեղ
ալ
ոչ
միայն
կապերը,
այլ
մանաւանդ
անոնց
բովանդակութիւնը
նորոգելու
խնդիր
ունինք։
Այդ
բոլորը
կարելի
է
կատարել
կուսակցութեան
միջոցաւ
եւ
տիրանալով
անոր
վարիչ
դիրքերուն։
Ղեկավարութիւն
է
նաեւ
Կեդր.
Կոմիտէն,
ինչպէս
մամուլը։
Նոյնիսկ
շարքերուն
մէջ
ըլլաք,
ձեր
արժանիքը
կրնայ
ճնշել
եւ
ուշադրութիւն
գրաւել։
Արհեստական
միջոցներով
ճամբայ
չի
բացուիր,
ոչ
ալ
ամուլ
յաւակնութիւններ
սնուցանելով
կամ
դառնալով
միեւնոյն
կախարդական
շրջանակին
մէջ։
Երէկ
ալ
այսպէս
յառաջ
նետուեցան,
եւ
եթէ
շատ
շատերը
տակաւին
կը
դիմանան,
հակառակ
ժամանակներու
փոփոխութեան,
կը
նշանակէ
թէ
կրնան
արժեցնել։
Չէ՞ք
դիտած,
հիներ
կան
որ
դեռ
կ’ուսանին,
իսկ
նորերէն
շատեր
արդէն
կանգ
առած
են,
իրենք
իրենց
վկայական
տուած
ըլլալով
ե՛ւ
գիտութեան,
ե՛ւ
յեղափոխութեան,
ե՛ւ
ուրիշ
ամէն
բանի
մէջ։
Կան
ուրիշներ
ալ
որ
լեցուն
պաշար
ունին,
բայց
զրկուած
են
կա՛մ
բարոյական
կորովէ,
գործը
սիրելու,
իր
կոչումին
հաւատալու
առաքինութէնէն,
եւ
կամ
կը
նախընտրեն
մնալ
«բոլորտիքեան»,
«ամաթէօռ»
կամ
«տիլեթանթ»։
Մենք
արիւն
եւ
կրակ
տեսանք,
ունեցանք
անհնարին
դառնութիւններ-
եւ
դժուար
կը
համակերպինք
ընկալեալ
սովորութեանց։
Չենք
վիճիր
այդ
մասին։
Երկու
խօսք
միայն,
-
ոչ
ոքի
համար
հաճելի
է
ընկալեալ
սովորութիւնը։
Ուրիշներն
ալ
ունեցած
են
դառնութիւններ
կամ
լուռ
ցաւեր։
Հարցը
այն
է
որ,
մեր
ժողովուրդի
ներկայ
ողբերգութեան
առջեւ,
ոչ
ոք
իրաւունքունի
բարձրաձայն
խօսելու
իր
անձնական
տառապանքներու
կամ
նախասիրութեանց
մասին։
Քար
պիտի
դնենք
մեր
սրտին
վրայ
եւ
պիտի
դիմանանք,
պիտի
քամուինք,
պիտի
տապկուինք։
Ուրիշ
ելք
չունինք։
Պատերազմական
վիճակի
մը
դատապարտուած
ենք
բոլորս
ալ։
Հիներուն
թերութիւնները
դարմանելու
կամ
թարմութիւն
ստեղծելու
համար,
բաւական
չէ
ժխտական
կամ
վերապահ
գիրքը։
Հարկ
է
խրիլ,
խորանալ
եւ
գործ
արտադրել,
գիծ
պարտադրել։
Հանրային
կեանքի
մէջ
մէկ
այս
ճամբան
ունինք,
մէկ
ալ
բռնութիւնը
կամ
դիկտատուրան,
որ
ծիծաղելի
է
մեր
պայմաններուն
մէջ։
Ձեր
մատնանշած
ճամբան
կը
սպառնայ
կլորցնել
մեզ։
Նախապաշարում
մը
ևս։
Այդ
մասին
կը
խօսինք
ուրիշ
անգամ։
13
Մայիս
1934