Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ի ԽՈՐՈՑ ՍՐՏԻ…
      
       Ողջ բացել ան կռվի բազար,
       Դռնէ դուռ շինում մանզար,
       Խէրուրն թարգմանում ղզար,
       Հոգի ուրանալ ան ուզում։
       ԱՇՈՒՂ ՂՈՒԼ ԱՐԶՈՒՆԻ
       (1650-1730)
      
       …Տօնական օրեր են։ Բարի քրիստոնեաներ կը հաւատան թէ մարդիկ աւելի բարեհաճութեամբ կը լսեն իրար։ Թէ կը պայծառանան սրտով ու մտքով։
       Առանց բարի քրիստոնեայ մը ըլլալու, օգտուի՜նք այդ բարեհաճ տրամադրութենէն։
       Եւ, Չարչարանքի օրով, խօսի՜նք մեր ամենօրեայ չարչարանքներու մասին, որոնց սկիզբը տեսանք, բայց վախճանի մասին ոչ իսկ խորհիլ կ’ուզենք։
       Տարուան ո՛ր եղանակէն ալ հաշուէք, պատկերըչի փոխուիր։ Նոյն է ինչ որ տարեգլուխին։ Նոյնը՝ Զատկին։ Ամառ- ձմեռ։
       Բայց փոխուա՞ծ է այն օրէն ի վեր- 18րդ դար- երբ կ’ողբար պարսկահայ անգրագէտ աշուղը.
       Ողջ բացել ան կռվի բազար,
       Դռնէ դուռ շինում մանզար…
      
       Այս ողբն արձակած ատեն, աշուղին շրջապատը չունէր այն մտահոգութիւններն ինչ որ ունինք մենք այսօր։ Ոչ միայն այս կամ այն գաղութին կամ հատուածին մէջ, այլ «ազգովին»։
       Արեւելեան բարբարոսութիւններ, կրօնական հալածանքներ, ներքին փտութիւններ, - այս կարգի հոգերու մէջ կը տապկուէր ժողովուրդը, Արզունիի օրերուն։
       Բայց, հող ու արմատ ունէր։ Ունէր հաւատք եւ ինքնավստահութիւն։ Ու կը տոկար։
       Ողբն ու փառաբանութիւնը, երգն ու վէրքը ձգած աշուղներուն, ան կը գալարուէր, կը տքնէր, կը տքար, բայց կը դիմադրէր։ Կ’ապրէր։ Թոյլ չէր տար որ «կռվի բազար» բացողները, «դռնէ դուռ մանզար» (տեսարան) սարքողները մեռցնեն ոգին եւ հողմավար նախիրի մը վերածեն հաւաքականութիւնը։
       Այսօր, քսան անգամ, յիսուն անգամ աւելի դժնդակ է մեր կացութիւնը։ Ոչ հող ունինք, ոչ արմատ (մեր խօսքը գաղութներու մասին է)։ Իբրեւ ազգային ուղղութիւն՝ ունինք առնուազն տասը ճակատ։ (Տասը ճակատ, միեւնոյն ժողովուրդին, արմատախիլ եւ ջարդուփշուր զանգուածին մէջ)։
       Իսկ ամէնէն կսկծալին- քանի կ’անցնին տարիները, այնքան կը ճիւղաւորուին, կը շերտաւորուին ճակատները։
       Ինչ որ հասկնալի էր երէկ, խորթ կը թուի այսօր։ Ինչ որ հայերէն էր, դարձեր է չինարէն։ Թաղէ թաղ եւ շրջանակէ շրջանակ։
       Ներդաշնակութիւն չկայ նոյնիսկ միեւնոյն խմբակցութեան մէջ։
       Ներքին անհասկացողութեան ամէնէն կենդանի վառարանները կը կազմեն Հայր. Միութիւնները։ Գիւղը չի հանդուրժեր քաղաքին։ Քաղաքը կ’ուրանայ գիւղը։ Եւ տակաւին, - վերի թաղ, վարի թաղ։ Ուղղափառ եւ հերետիկոս։
       Եւ իբրեւ հետեւանք, այսօր, ի սփիւռս աշխարհի, ունինք այլազան եւ անհամար միութիւններ՝ միեւնոյն նպատակին համար։ Միեւնոյն ճամբուն վրայ։ Ոչ թէ կուշտ կուշտի, այլ դէմ դիմաց։ Ոչ թէ իրարու լրացուցիչ, այլ մրցակից։
       Ո՜ւր էր որ, մէկը՝ գլուխը կազմէր, միւսը՝ թեւերը, երրորդը՝ մէջքը կամ աչքը։ Ոչ, բոլորն ալ գլուխ են, - գլուխ գլխի զարնուելու համար։
       Այս դեռ առտնին տեսարան է։ Խնամի-կեսուրի պատմութիւն
       Այս դեռ առտնին տեսարան է։ Խնամի- կեսուրի պատմութիւն։
       Կացութիւնը աւելի մռայլ դրուագներ կը ներկայացնէ քաղաքական ճակատին վրայ։ Ներդաշնակութեան պակասը աւելի ակներեւ է այստեղ։ Խրամատը՝ աւելի կը շեշտուի օրէ օր։
       Տասը տարի է անցած վերջինարտագաղթէն ի վեր, եւ կը թուի թէ տասն անգամ աւելի հեռացած ենք իրարմէ։ Հեռացած՝ ոչ միայն հոգեպէս, այլ եւ ֆիզիքապէս։ Եւ, իրականին մէջ, ունինք մէկ բանաձեւ, - «Դուք ձեզի, մենք մեզի»։ Նոյնիսկ ամէնէն կենսական եւ անվիճելի հարցերուն մէջ։
       Լաւագոյն պարագային, ձեռնպահութիւնը կամ կանտիականութիւնը կը համարուի գերագոյն իմաստութիւն։
       Բայց աւելի շատ, եւ առտու իրիկուն, ուրի՜շ բան է որ կը տեսնենք.
       Ողջ բացել ան կռվի բազար,
       Դռնէ դուռ շինում մանզար…
      
       Եւ «հարիւր հազար թարգմանելով»։ Մերկապարանոց փռելով ինչ որ կայ սուտ- իրաւ։ Ծուռ ու շիտակ։ Օգտակար կամ վնասակար։
       Ի՞նչպէս պիտի շարժէր, մեր պայմաններուն մէջ, ուրիշ ո՛րեւէ ժողովուրդ։
       Կը վարանինք պատասխանել, չվիրաւորելու համար մեր այնքան մեծամիտ սնափառութիւնը։
       Քրիստոնէութիւնը մէկ Աւագ Ուրբաթ ունեցաւ։ Մեր ժամանակակից պատմութիւնը Աւագ Ուրբաթներու քստմնելի շարք մըն է, խաբուսիկ Զատիկներով։
       Եւ սակայն, - որո՞ւ հոգ։ Բաւական է որ բոլորս ալ գրել ու ճառել գիտենք։ Մեծ ու փոքր քարեր ժողվել ու պարսատիկ նետել գիտենք։
      
       Համէքն նստել ան մի պուճախում,
       Սուտ- մուտ գիր ան շինում…
      
       Երկու հազար տարիէ ի վեր, սուտ- իրաւ Աւագ Ուրբաթ մը շարժման մէջ կը դնէ, իրարու քով կը բերէ միլիոնաւոր բազմութիւններ։
       Մեր անսկիզբ եւ անվախճան, աչօք բացօք տեսնուած եւ սահմըռկեցուցիչ Չարչարանքը ոչ իսկ վարիչները կրնայ մօտեցնել եւ կապել առաքելութեան մը։ - Միեւնոյն առաքելութեան։ Եւ յանուն ցիրուցան բազմութիւններու փրկութեան…
      
       25 Մարտ 1932