Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
1950
      
       Նոր Տարի։ Միեւնոյն ատեն կէսը դարու մը որ իր ետին կը ձգէ ահաւոր բեռ մը աշխարհասասան արհաւիրքներու։
       Աւելի լաւ օրեր պիտի տեսնե՞նք այս տարուան ընթացքին։
       Գոնէ պիտի փարատի՞ համաշխարհային անստուգութեան մղձաւանջը։
       «Մեծ»երը պիտի յաջողի՞ն լեզու գտնել, խաղաղութիւնը ապահովելու համար։
       Անոնց գոյնզգոյն մունետիկները աւելի պայծառ պիտի տեսնե՞ն հորիզոնը, փոխանակ մէկը միւսէն քստմնելի պատմութիւններ թխելու «Երրորդ»ի մը եւկ ուրիշ սարսափներու մասին։
       Գիտնականները պիտի բարեհաճի՞ն փակել մահուան ճառագայթներու, մանրէներու, հիւլէներու եւ ուրիշ հրէշային գիւտերու զինարշաւը։
       Գրագէտն ու բանաստեղծը- մանաւանդ անոնք որ յեղափոխական կը կոչուին- պիտի համարձակի՞ն ձայն բարձրացնել բոլոր տեսակի բռնութեանց եւ կեղծիքներու դէմ, ծառայելով իրենց բնական կոչումին։
       Կրնաք ուրիշ հարցումներ ալ շարել, համաձայն ձեր հայեցողութեան կամ հմտութեան։
       Ինչպէս ամէն Ամանորի, այս անգամ ալ հրապարակ իջած են միջազգային գուշակները, նախատեսելու համար տարուան չարն ու բարին։
       Մեր գործը չէ զբաղիլ այդ կարգի խաղերով։
       Մեր մամիկները շատ աւելի վարպետ են, այդ արհեստին մէջ։ Մանաւանդ որ, ամէնէն առաջ՝ իրենց բնազդին կը հետեւին, ոչ թէ շինծու գիտելիքներու…
       Նոր տարի, նոր բարի, - կ’ըսէ առածը։
       Այդ բաղձանքով ալ դիմաւորենք 1950ը։
       Դժբախտաբար բաղձանքները բաւական չեն, բարիքներ ապահովելու համար։ Արդի աշխարհը կը ծիծաղի բոլոր բարեմաղթութեանց վրայ, յարգելով հանդերձ ընկալեալ սովորութիւնները։
       Այո, նոր տարի, նոր բարի։ Բայց ոչ թէ բազկատարած աղօթելով, հառաչելով կամ յօրանջելով, այլ բազմապատկելով մեր ճիգերը։ Մնալով միշտ աշխոյժ։ Արթուն եւ իմաստուն։
       Ցիրուցան՝ աշխարհի բոլոր ցամաքներուն վրայ, մենք ալ ենթակայ ենք միջազգային փոթորիկներուն։
       Ուրեմն, ամէն բանէ առաջ, մեր պարտականութիւնը պիտի ըլլայ խուսափիլ կասկածելի եւ արկածալի մարզանքներէ։ Զգուշանալ որեւէ ձեռնարկէ որ կրնայ վնասել մեր համրանքին ու ապահովութեան։
       Այս մտահոգութիւնը կը թելադրէ միացեալ ճակատ՝ հիմնական հարցերու մէջ։
       Տեսակէտներու տարբերութիւններ միշտ ալ պիտի ունենանք։ Ինչպէս ունէինք երէկ։ ինչպէս ունին բոլոր ժողովուրդները։
       Սայթաքումը կը սկսի այնտեղ, երբ սեւ շուկայի կը վերածեն հայրենասիրութիւնը, ճակատներու բաժնելով զայն։
       Հայկական արտասահմանի համար չկան առանձնաշնորհեալներ եւ րայա ներ կամ ղօլամներ։ Չկայ վերի եւ վարի արտի ցորեն։
       Կ’ուզէինք որ Երեւանը վերջապէս ըմբռնէր այս տարրական ճշմարտութիւնը, այնքան դառն դասերէ վերջ։
       Երկուքի բաժնել արմատախիլ բազմութիւնները՝ կը նշանակէ ջուր հոսեցնել թշնամիներու ջրաղացքը։
       Տարրական իմաստութիւնը, հայրենասիրութիւնը կը պահանջեն մէկ ամբողջութիւն համարիլ Հայկական Արտասահմանը։
       Ուշադիր ականջ դնել անոր տեսակէտներուն եւ պահանջներուն՝ կը նշանակէ բարձրացնել, խորացնել հայրենիքի գաղափարը։
       Չարաչար կը սխալին անոնք որ կ’անտեսեն այս ճշմարտութիւնը, Երեւանէն խօսին թէ օտար ափերու վրայ։ Գրեն թէ ճառեն։
       Հայաստանի ժողովուրդը ինք ուրիշ բան չուզեր, եթէ փորձեն, բարեհաճին լսել անոր հարազատ ձայնը։
       Ան պէտք չունի կոչնակներու եւ խօսնակներու ժխորին։
       Շատ աւելի պերճախօս է իր լռութիւնը։
      
       1 Յունուար 1950