ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼ
ԳԱՆՁԵՐԸ
Մեր
մատնանշած
չորս-հինգ
վանքերը
եթէ
իսկապէս
պիտի
ծառայեն
մշակոյթի
զարգացման,
տարրական
պայման
է
որ
դառնան
կենդանի
վառարան
ուսումնասիրութեան
եւ
արտադրութեան։
Ինչպէս
դիտել
կուտայինք
վերջին
անգամ,
անոնց
միայն
ձեռագիրները
անսպառ
ոսկեհանք
մը
կը
կազմեն։
Ի՞նչ
օգուտ
այդ
անշարժ
հարստութենէն,
եթէ
պրպտումներ
եւ
պեղումներ
պիտի
չկատարուին։
Եթէ
նոր
դէմքեր
մէջտեղ
պիտի
չելլեն
մէկ
սերունդէն
միւսը,
լեզու
տալու
համար
դեղնած
թուղթերուն։
Բանասիրութիւնը
եւ
պատմութիւնն
ալ
մշտանորոգ
վերլուծում,
պրպտում
եւ
մշակում
կը
պահանջեն,
ինչպէս
մշակոյթի
միւս
ճիւղերը։
Որքան
կրցած
ենք
հետեւիլ,
Վիեննայի
Մխիթարեանները
մնացած
են
հաւատարիմ՝
իրենց
աւանդութեան։
Իրենց
ամսագիրը,
«Հանդէս
Ամսօրեայ»,
հաւաքածոյ
մըն
է
մատենագրական-բանասիրական
ուսումնասիրութեանց,
երբեմն
չափազանց
մասնագիտական։
Իրենց
«Ազգ.
Մատենադարան»ը
կը
կազմէ
գանձարան
մը
տեւական
գործերու,
աւելի
կամ
նուազ
հասուն
մշակումով։
Այդ
աշխատանքն
ալ
կրնայ
կանգ
առնել,
եթէ
նոր
ուժեր
պատրաստած
չեն,
յաջորդելու
համար
Տաշեաններու
եւ
Ակինեաններու։
Պատահած
է
որ
այս
ուղղութեամբ
հարցումներ
ուղղենք
Վենետիկի
Միաբանութեան։
Պատասխան.
-
Վարդապետները
ընդհանրապէս
կլանուած
են
վանքին
վարչական-ներքին
հոգերով։
Շատերն
ալ
կը
նախընտրեն
աշխատիլ
վանքէն
դուրս,
նուիրուելով
կրթական-դպրոցական
գործունէութեան։
Ըսել
կ’ուզեն
թէ
տրամադրելի
ուժեր
չեն
մնար
Մատենադարանին
եւ
ձեռագրատան
մէջ,
հակելու,
պրպտելու
եւ
տքնաջան,
տեւական
աշխատանքներ
կատարելու
համար։
Այնպէս
որ
իրենց
ամսագիրն
ալ,
Բազմավէպ,
դարձած
է
գրական
թերթ։
Ի՞նչ
պատկեր
կը
ներկայացնէ
Երուսաղէմի
վանքը,
այս
տեսակէտով։
Իրողութիւն
է
որ
վանքը
ծանր
տագնապներու
մատնուածէ
թէ՛
երկրորդ
աշխարհամարտին
եւ
թէ՛
մանաւանդ
Պաղեստինի
պատերազմին
հետեւանքով
(1948)։
Աւելի
ծանր
քան
միւս
վանքերը։
Մենաստանին
ապահովութեան
եւ
մատակարարութեան
հետ,
հազարաւոր
պատսպարեալներու
պարենաւորման
հոգը
տեսակ
մը
խնամատարութեան
վերածած
է
Միաբանութիւնը։
Երեւի
այս
է
պատճառը
որ
իրենց
ամսագիրն
ալ,
«Սիոն»
կը
մնայ
տժգոյն
եւ
տհաս,
իբրեւ
բանասիրական
պարբերաթերթ։
Կը
մնայ
գիտնալ
թէ
գոնէ
երիտասարդ
Միաբաններուն
մէջ
կա՞ն
ընդունակ
տարրեր,
օգտագործելու
համար
այնքան
ճոխ
ձեռագրատունը։
Իսկ
Անթիլիասի
մէջ
ամէն
ինչ
ի
լինելութեան
է,
իբրեւնոր
հաստատութիւն։
Մնաց
որ,
դպրեվանքն
ալ
աւելի
շատ
կը
ձգտի
հոգեւորհովիւներ
արտադրելու,
վարդապետ
կամ
քահանայ
ճարելու,
Միջին
Արեւելքէն
մինչեւ
Ամերիկա։
Այդ
պատճառով
ալ,
իր
ամսագիրը,
Հասկ,
աւելի
շատ
խոստում
է։
Միջանկեալ
ըսենք
թէ
չորս
վանքերուն
ամսագիրներն
ալ
շատ
անկանոն
կը
հրատարակուին։
Հաւատա՞նք
թէ
վերագնահատման
փորձ
մը
պիտի
կատարեն
վերոյիշեալ
Միաբանութիւնները,
որպէսզի
մենաստանները
չդառնան
հասարակ
ճգնաբան
կամ
ծուլարան։
29
Յունուար
1956