ՄԵՆՔ
ՄԵԶԻ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ
Ժամանակները
մեզմէ
կը
պահանջեն
ոչ
միայն
արթնութիւն
եւ
շարժում,
այլեւ
ծրագրեալ
աշխատանք։
Յարատեւ
ճիգ՝
բոլոր
ճակատներուն
վրայ։
Քաղաքական
հոգերուն
հետ,
մշակոյթի
պահանջներն
ալ
կը
բազմապատկուին
հետզհետէ։
Կը
գտնուինք
այնպիսի
միջավայրի
մը
մէջ,
ուր
միտքն
ու
ձեռքը
նուաճումներ
կը
կատարեն
սրընթաց։
Կը
հոսին
ու
կը
գործեն
իբրեւ
յորձանք։
Եթէ
չկարենանք
հետեւիլ,
իւրացնել
պիտանին
եւ
խորացնել,
թարմացնել
մեր
գիտելիքները,
շուտ
կը
ցամքին
մեր
մշակոյթի
վտակները։
«Ջրվէժ»
կոչեց
իր
նոր
գիրքը՝
Նարդունին։
Ջրվէժ
«միտքերու,
գաղափարներու,
պատմական
ծանօթութիւններու,
յորդառատ
եւ
հեղեղաձայն»։
Ահա
քսանեւհինգ
տարիէ
ի
վեր
մեր
աչքերուն
առջեւ,
մեր
գլխուն
վերեւ
կը
հոսին
միջազգային
գրականութեան
եւ
արուեստի,
գիտութեան
եւ
աշխարհակալութեան
ջրվէժները։
Ազատ
եւ
անսպառ։
Մատչելի
բոլորին
համար։
Անշուշտ
ամէնուն
տրուած
չէ
օգտուիլ
այդ
յորդահոսան
աղբիւրներուն
բարիքներէն։
Բայց,
անոնք
որ
կոչում
ունին
եւ
տրամադիր
են
հանրօգուտ
ասպարէզի
մը
նուիրուելու,
ինչո՞ւ
կէս
ճամբան
պիտի
մնային։
Մշակոյթի
պաշարն
ալ,
երբմէկէն
միւսին
կը
փոխանցուի
ընտանեկան
ժառանգութեան
մը
պէս,
ի
վերջոյ
կը
վերածուի
մեծ
հայրիկին
հարսանեկան
յիշատակներուն։
Ինչպէս
ամէն
տեղ,
մեր
մէջ
ալ
«ջրվէժ»ները
կը
կազմուին
աշխատանքով։
Աչքի
լոյս
թափելով։
«Լոյս
ի
լուսոյ»։
Կարելի՞
է
դիմանալ
եւ
ճամբայ
կտրել,
թեւ
տալ
Հայկական
Արտասահմանի
մշակոյթին,
առանց
այս
տարրական
պայմաններուն։
Կարելի՞
է
ապահովել
տարագիր
բազմութեանց
ինքնապաշտպանութիւնը,
երբ
ծուռբերան
դիմակաւորներ
եւ
կամկար
հետեւորդներ
կը
կազմալուծեն
անոնց
դիմադրական
ճակատը։
Անոնց
կորովը
եւ
ինքնավստահութիւնը։
Ի
վերջոյ
նո՞ր
պիտի
սորվինք
թէ
մեր
գիտակից
եւ
յարատեւ
ինքնագործունէութենէն,
մեր
պայծառատեսութենէն
կախում
ունի
Հայկական
Արտասահմանի
զօրացումը
կամ
թուլացումը։
Անոր
մշակոյթին
զարգացումը
կամ
անկումը։
Երեւանը
ինքն
ալ,
որ
իրաւունք
չունի
նոյնիսկ
ուղղակի
կապ
հաստատելու
տարագիր
բազմութեանց
հետ,
երբեք
չէ
յաւակնած
«ամենայն
Հայոց
առաջնորդ»
հանդիսանալ։
Ո՛չ
մշակոյթի,
ո՛չ
ալ
ուրիշ
ճակատի
վրայ։
Գիտենք
թէ
ան
ինչպէս
կ’ըմբռնէ
իր
կոչումը
եւ
մեր
պարտականութիւնները։
Այս
պարագան
կամաւոր
ըլլայ
թէ
հարկադրեալ,
բան
մը
չի
փոխեր
անողոք
իրականութենէն։
Ուրեմն,
մե՛նք
պիտի
տնօրինենք
մեր
ճակատագիրը։
Այսօր,
վաղը
եւ
միւս
օր։
Մե՛նք
պիտի
ըլլանք
մեր
առաջնորդը,
ուղեցոյցը,
գործադիր
իշխանութիւնը։
Մե՛նք
պիտի
պահպանենք
եւ
ճոխացնենք
տարագիր
բազմութեանց
մշակոյթը,
միշտ
ձգտելով
նոր
ակօսներ
եւ
վտակներ
բանալ։
Աւելի
քան
երբեք
նախանձախնդիր՝
ցամաքէ
ցամաք
փոխադրուած
վաստակին,
անշուշտ
նոյն
գուրգուրանքով
պիտի
հետեւինք
հայրենիքի
հարազատ
ստեղծագործութեանց։
Ու
պիտի
պահանջենք
որ
եթէ
տակաւին
ի
վիճակի
չեն
դուռները
բանալու,
գոնէ
պատուհաններուն
փեղկերը
վերցնեն,
որպէսզի
կարենանք
օգտուիլ,
փոխադարձաբար։
Ատոր
համար
ալ՝
միշտ
քայլ
մը
առաջ։
դէպի
բարձունքները։
Քանի
զօրացնենք
մեր
ինքնապաշտպանութեան
գօտիները,
լայն
եւ
խոր
նուաճումներ
կատարելով
բոլոր
ճակատներուն
վրայ,
այնքան
գետին
շահած
կ’ըլլանք
ապագային
համար։
Ի
վերջոյ
հայրենիքն
է
որ
պիտի
շահի
օտարութեան
մէջ
կատարուած
վաստակէն։
29
Հոկտեմբեր
1950