Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՎԷՐՔԻՆ ԽՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
      
       Կանոնաւոր հայերէն գիտնալու խնդիրը՝ նոր սերունդին համար, աչ քմայք է, ոչ ալ ազգասիրական մարմաջ։
       Իրենց ապագան իսկ այդ կը պահանջէ։
       Անոնք որ կը գոհանան հաց-պանիր հայերէնով մը, հայրիկին եւ մայրիկին հետ խեղպնալու, կամ պատահաբար կայծկլտալու համար, ի վերջոյ չարաչար պիտի զղջան։
       Կորսուած ժամանակը ետ չի դառնար։ Մանաւանդ անոնց համար որ արդար յաւակնութիւններ ունին, - ասպարէզ նետուիլ, դիրքեր գրաւել, հանրային կեանք վարել։ Մինչեւ անգամ ճառ խօսիլ կամ թերթ խմբագրել։
       Ո՞ր ատեն միջակութիւնը յարգ վայելած է, այս կամ այն միջավայրին, ասպարէզին մէջ։
       Ցարական իշխանութեան տակ, երբ հայկական դպրոցները կը փակուէին ձուլումը փութացնելու համար, ունեցանք սերունդ մը որ ահագին աւեր գործեց մայրենի լեզուի անդաստանին մէջ։ Բռնակալութեան հարթիչ գլանը տրորեց անոր գլուխն ու սիրտը, եւ լեզուն աղքատացաւ, աղճատուեցաւ չարաչար։ Մարդիկ հասարակ բառերու հայերէնն անգամ չկրցան սորվիլ, եւ իրենց յատուկ բառարան մը շինեցին, որ դժբախտաբար «ի զօրու է» մինչեւ այսօր։
       Տակաւին չենք խօսիր թուրք-թաթարական խառնիճաղանճի մասին, որ շատ հեռուները պիտի տանէր մեզ։
       Այստեղ, Ֆրանսայի մէջ, եւ աւելի անդին, ովկիանոսի ափերուն վրայ, ո՞վ կը փակէ մեր ճամբան, բացի միջավայրի հրապոյրներէն, այլ մանաւանդ մեր թեթեւամտութենէն։
       Եթէ հարկ ըլլար վէրքին արմատը փնտռել հոգեբանական կամ գիտական գետնի վրայ, պիտի հասնէինք հետեւեալ եզրակացութեան. -
       Նոր սերունդը «նայում է իր մայրենի լեզուի վրայ ինչպէս մի կոտրած ամանի վրայ, ինչպէս իր մաշված շորի վրայ» (Գր. Արծրունի, 1876)։
       Ուրիշ խօսքով, ան կորսնցուցած է թանկագին գիտելիք մը, - ազգային հպարտութիւնը։ Այսինքն, ստորադաս համարելով իր ժողովուրդը, անոր հիմնական արժէքին ալ կը նկատէ «ի միջի այլոց բաներ»։
       Տակաւին շուկայիկ հոգեբանութիւն մըն ալ, - Հայերէ՞ն, ի՞նչ բանի կը ծառայէ։
       Անշուշտ բոլորը մէկ ջուրով չենք լուար։ Բայց, կարգ մը լուսաւոր երեւոյթներ չեն կրնար պարտկել պատկերին սեւութիւնը։
       Եւ, դժբախտաբար, մեր նորահաս աղջիկները աւելի բացասական դեր կը կատարեն այս ճամբուն վրայ, քան երիտասարդները։
       Մինչ կը սպասուէր որ անոնք մէկ ժպիտով կամ կսմիթով արթնցնէին ցեղային հպարտութիւնը, ընդհակառակն, իրենց անձնական օրինակովն իսկ ճամբայ կը ցուցնեն այլասերումը, ձուլումը փութացնելու։
       Գացէք ժամուն դուռը կամ որեւէ հանդէսի, - եւ պիտի կրնաք չափել վէրքին խորութիւնը։
       Աչք մը նետեցէք անոնց գրադարաններուն կամ կարդացած գիրքերուն վրայ, եւ ձեր գլխուն լոյս պիտի ցաթի, եթէ պատահաբար հանդիպիք որեւէ հայերէն հրատարակութեան։
       Եւ այս վարդագեղ մանկամարդուհիները սահմանուած են ընտանիքներ կազմելու, - սերունդին տեւականութիւնը ապահովելու…
       Բաղդատեցէք այս պատկերը այն միւսին արդէն մոռցուա՜ծ պատմութեան հետ, որ կ’ըսէր թէ հայ աղջիկներ գետը կը նետուէին, չտաճկանալու համար…
       Ի հարկէ, տաճկնալու խնդիր չունինք այստեղ։
       Բայց, ի՞նչ օգուտ, երբ հոգեկան կապերը կը փրթին հետզհետէ, սրընթաց եւ անդարմանելի։ Երբ չափահաս կամ երիտասարդ մայրը ֆրանսերէն կամ անգլերէն կը ճռուողէ իր զաւկին հետ։ Երբ հայերէն որեւէ հրատարակութիւն ոչ իսկ շրթունքիի ներկի մը արժէքն ունի մեր վառվռուն աղջիկներուն համար։
       Այդ աղջիկներուն համար իսկ բարիք մը պիտի չըլլա՞ր, եթէ երբեմն քաշէինք իրենց մազերէն։
       Թող չվիրաւորուին մեր սեւաչուի մանկամարդուհիները։
       Աղջիկներուն վարդով անգամ մի զարներ, ըսած է բանաստեղծը։ Եւ սակայն, վէրքը այնքան խոր է որ- համատարած եւ յարաճուն օտարացում- կնամեծարութեան պահանջները ինքնին ջուրը կ’իյնան։
       Հետզհետէ՝ ուրիշ խոցելի կէտեր։
      
       6 Մայիս 1945