ՊԻՂԱՏՈՍԱԲԱՐ…
Տեղի
ունեցաւ
ինչ
որ
կը
սպասուէր։
Օրուան
յաղթականները
թաղեցին
Հայկական
դատը՝
անըմբռնելի
նահանջով
մը,
որ
իր
նմանը
չունի
պատմութեան
մէջ։
Պէտք
է
խոստովանիլ,
որ
թուրք
պատուիրակները,
իրենց
վճռական
«ոչ
կարեմք»ով
եւ
խափանումներով
աւելի
հետեւողական
եղան,
քան
երէկուան
յաղթականները՝
իրենց
մանուածապատ
խաղերով
եւ
գահավէժ
ընկրկումներով։
Խօսուած
ճառերն
ու
ստորագրուած
յանձնառութիւնները
քուրջի
կտոր
մը
իսկ
չկազմեցին։
Տարիներ
առաջ,
բռնաւոր
մը,
Պիզմարք,
կը
յայտարարէր
թէ
ամբողջ
հայկական
խնդիրը
մէկ
Փոմերանիացի
զինուորի
ոսկորը
չարժեր։
Տարիներ
յետոյ,
աշխարհ
մը
ուրիշ
աշխարհի
մը
ասպարէզ
կարդաց,
շատ
մը
բաներու
կարգին,
պզտիկ
ժողովուրդներու
ազատագրումն
ալ
շողացնելով
իր
դրօշին
վրայ։
Եւ
սակայն,
ամբողջ
ժողովուրդի
մը
օրհասը,
աւելի
քան
մէկ
միլիոն
զոհերն
ու
տառապանքները՝
տակառ
մը
քարիւղ
կամ
Հանրային
Պարտքի
մէկ
տասանորդն
ալ
չարժեցին…
Ահա
այսպէս
կը
փակուի,
անորոշ
ժամանակով,
միամիտ
ժողովուրդի
մը
պատմութեան
ամէնէն
եղերական
շրջանը։
Կը
փակուի
պիղատոսեան
նահանջով
մը,
որ,
ըսենք
նորէն,
իր
նմանը
չունի
ազգերու
պատմութեան
մէջ։
Անշուշտ
Արեւելքը
իրաւունք
ունի
լայն
ծիծաղ
մը
արձակելու,
այս
անանուն
սնանկութեան
առջեւ։
Մեր
գլխուն
է,
որ
կ’իջնէ
տապարը.
բայց
Արեւմուտքն
է,
որ
կը
նսեմանայ,
կը
խաւարի
մեզմով։
Եթէ,
յաղթանակի
փոխարէն,
պարտութեան
մը
հանդիպած
ըլլային
այսօրուան
«հզօր»ները,
չորս
տարի
առաջ,
մարդիկ
այնքան
պիտի
չմեղադրէին,
կամ
պիտի
չտառապէին,
որքան
այսօր։
Եթէ,
Լօզանի
ժողովին
առաջին
օրէն,
օրակարգէն
բացարձակապէս
ջնջած
ըլլային
այս
ժողովուրդին
անո՛ւնն
ալ,
դա՛տն
ալ,
նոյնպէս
կարելի
էր
սփոփանքի
պատրուակ
մը
գտնել։
Մինչդեռ,
ինչ
որ
տեղի
ունեցաւ,
չի
կրնար
բացատրուիլ
բառերով։
Թո՜յլ
տուին,
որ
բերանները
բացուին.
հրաշունչ
խօսքեր
արտասանեցին,
զեկոյցներ
լսեցին,
տեղեկագիրներ
կարդացին,
թատերական
տեսարաններ
սարքեցին։
Եւ
յետոյ…
Եթէ
երկու
քայլ
առեր
էին,
տասը
քայլ
ետ
գացին
մէկ
օրուան
մէջ։
Անկախ
պետութիւնը
«Ազգային
Տուն»
տժգոյն
բանաձեւին
վերածուած
էր
1921
Մարտ
26ին,
Լոնտոնի
մէջ։
Ազգ.
Տունը
խաւաքարտի
մը
չափ
իսկ
չդիմացաւ
վիճաբանութիւններուն,
եւ
դարձաւ
«համայնական
ինքնավարութիւն»։
Յետոյ
նորէն
տասը
քայլ
ետ,
եւ,
անշուշտ
ձեւի
համար,
սեղանի
վրայ
դրուեցաւ
«քաղաքապետական
ինքնավարութիւն»։
Արագ-արագ
իրարու
յաջորդող
այս
չարափոխումները՝
նենգութեան
եւ
դասալքութեան
ազդանշաններն
էին,
եւ
յանգեցան
տրամաբանական
վախճանին,
-
ուրացում,
լքում,
թաղում։
Մէկ
շաբթուան
ընթացքին,
քանի
մը
նիստի
մէջ,
արիւնոտ
եւ
պատմական
դատ
մը
այնքան
լղրճուեցաւ
որ,
ա՛լ
հեռաւոր
նմանութիւն
անգամ
չունէր
1895ի
կամ
1913ի
բարենորոգման
ծրագիրներուն
հետ։
Այժմ
մենք
յանձնուած
ենք
մեր
հարեւաններուն
իմաստութեան։
Հասեր
ենք
հանգրուան
մը,
ուր
պէտք
է
երկա՜ր,
երկա՜ր
մտածենք,
մեր
իւրաքանչիւր
քայլին
վրայ։
Բայց
ոչ։
Մենք
չէ,
որ
պիտի
կարմրինք,
կամ
վայբերան
կանչեր
պիտի
արձակենք։
Պատմութիւնը
կրկնութիւն
մըն
է
բարձրացումներու
եւ
անկումներու։
Եւ
ո՞վ
ըսաւ
թէ
բոլոր
պարտեալները
մահուան
դատապարտուած
են։
Ահա
Նոր
Թուրքիան,
իբրեւ
կենդանի
հերքում։
Ամէնէն
մահացու
պարտութիւնը՝
բարոյական
պարտութիւնն
է։
Գոնէ
մենք
մեր
ճակտին
վրայ
չունինք
այդ
արատը։
Մենք
աւելի
հպարտ
ենք
մեր
անպատմելի
մաքառումներով
եւ
տանջանքներով,
քան
մեծերը՝
իրենց
անյագ
ախորժակներով
ու
փառքերով։
Մենք,
մեր
խոնարհ
ու
խորտակուած
գոյութեան
մէջ,
աւելի
անդորր
եւ
աննկուն
կը
մնանք,
քան
այսօրուան
աշխարհակալները,
որոնք
հանքածուխի
փոշիներուն
եւ
քարիւղի
բոցերուն
մատաղ
ըրին
իրենց
բոլոր
աւանդութիւնները։
Մի
յուզուիր,
անբախտ
ժողովուրդ։
Յուզումը
մարդկային
է,
ինչպէս
արցունքը։
Բայց
ո՛չ
մէկը,
ո՛չ
ալ
միւսը
կրնան
լեցնել
ահաւոր
դատարկութիւնը։
Պիտի
ցնցուինք,
յիշելով
մեր
կուսական
հաւատքը.
պիտի
արտասուենք՝
ոգեկոչելով
անհամար
մեռելները,
որոնք
չտեսան
այս
ողբերգութիւնը։
Բայց,
ա՛յսքան
միայն։
Անկէ
անդին,
մեզի
կը
մնայ
սթափում,
ինքնամփոփում
եւ
ամուր
կեցուածք։
Աշխարհի
բոլոր
ուժերը
անկարող
են
կանգուն
պահելու
ժողովուրդ
մը՝
որ
կորսնցուցեր
է
իր
հաւատքը։
Թերեւս
լա՜ւ
եղաւ,
որ
այս
ճամբուն
վրայ
ջլատուեցաւ
մեր
կամքը։
Ճամբաներ
չեն
պակսիր,
կը
բաւէ,
որ
համոզուինք
թէ
պարտութեան
մը
տոկալն
ալ
առաքինութիւն
է։
Թող
ամէն
մէկ
փոթորիկ՝
աւելի
դիմացկուն
եւ
աւելի
հասուն
դարձնէ
մեզ։
Մեզի
համար
ճիշդ
է.
«Ամէն
բան
կորսնցուցինք,
բացի
պատիւէն»։
Բայց
ճիշդ
է
նաեւ
անոնց
համար,
որոնք
ահա
պիղատոսաբար
կը
քաշուին
ասպարէզէն,
թերեւս
քրքիչ
մը
արձակելով։
«Ճակատամարտ»,
19
Յունուար
1923
ԾԱՆՕԹ.
-
Այս
խմբագրականին
արամեան
շարուած
մասը
ջնջուած
էր
գրաքննութեան
կողմէ։