Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
«ՓՐԿԵՑԷՔ ՄԵԶ…»
      
       Այս բառերով կըվերջանար Փեշթայի ռատիօ-կոչը, կիրակի օր։ Լեղապատառ կանչ մը, որ յանկարծ լռեց։
       Երկուշաբթի առտու, երկու ազատ ձայներ եւս կը լսուէին.
       -Փեշթան բոցավառ ծով մըն է այլեւս։ Ռազմիկները զինանիւթ չունենալով, կռուեցան մինչեւ վերջին վայրկեանը դանակներով, երկաթեայ ձողերով, շիշերով…
       Արու բնակչութիւնը կը կեդրոնացնեն կայարաններուն մէջ, աքսորելու համար։
       Անշուշտ կարաւանները ճամբայ հանուած են արդէն, անծանօթ ուղղութեամբ, ինչպէս նախընթաց պարագաներու մէջ։
       Անցեալ շաբթու «Հերոսամարտ» կոչեր էինք Հունգարիոյ ազատագրական այս պայքարը։
       Իսկական հերոսամարտ մը որ խեղդուեցաւ արեան ճապաղիքներու մէջ։ Հազարաւոր հրասայլերու, թնանօթներու, գնդացիրներու կրակին տակ։
       Ժողովուրդ մը տրորուեցաւ, ճզմուեցաւ Եւրոպայի սրտին վրայ։ Քաղաքակիրթ մարդկութեան աչքին առջեւ։
       Որո՞ւ սրտէն սարսուռ մը չանցաւ կիրակիառտուան այդ պահուն, երբ ռատիօն կը գուժէր.
       «Մեր նաւը կ’ընկղմի։ Լոյսը կը տկարանայ։ Լսեցէ՛ք մեր աղաղակը, ժողովուրդներ աշխարհի, փրկեցէ՛ք մեզ։ Տէր ընդ ձեզ եւ ընդ մեզ…»։
       Այս հոգեցունց աղաղակը Ասիոյ խորերէն կ’արձակուէր երէկ։
       Այն ատեն, Հայաստանի լեռները, ձորերն ու դաշտերն էին որ կը դղրդային այդ օրհասական աղաղակէն։
       Ամբողջ ժողովուրդ մը կը բնաջնջուէր սանձակոտոր կատաղութեամբ։ Լեռն ու դաշտը ժաժքի կը մատնուէին, քրիստոնեայ եւ քաղաքակիրթ Եւրոպան կը մնար անշարժ։ Կը դառնար անկարող։ Նոյնիսկ մեղսակից։
       Այսօր, ուրիշ ժողովուրդ մը կը ջարդուի Եւրոպայի պորտին վրայ, «յեղափոխական» իշխանութեան մը կողմէ, եւ մարդկութիւնը կը մնայ նոյնքան թոյլ եւ ապիկար։
       Ներողութիւն. ժողովներ կը գումարէ մասնակցութեամբ 76 պետութեանց, բանաձեւեր մշակելու եւ դահիճը կարգի հրաւիրելու համար, «օրինական մեծամասնութեամբ»։
       Լոնտոնի թերթերէն մին ծաղրանկար մը հրատարակած էր առջի օր, - Երիտասարդ մը գետին փռուած անշունչ. քովը բոլշեւիկ մը՝ գնդացիր ի ձեռին. դիակին վրայ ծաղկեպսակ մը հետեւեալ մակագրութեամբ. - «Օգնութիւն Հունգարիոյ. Ազգաժողովին բանաձեւը»։
       Դարձեալ երէկուան պատմութիւնը։
       Այն ատեն ալ Ազգերու Դաշնակցութիւնն էր որ բանաձեւեր կը մշակէր, Լօզանի ամօթը պարտկելու համար։ Բանաձեւեր որոնք ի յառաջագունէ դատապարտուած էին ամլութեան։
       Դեռ աւելին- յաղթականը կը դառնար պարտեալ, նոյն այդ բանաձեւերով։
       Մաղթենք որ աւելի բախտաւոր հանդիսանայ Ազգաժողովը, սանձահարելով կարմիր բռնակալը։
       - «Սթալինը յարութիւն առած է», կը գրէ տեղական թերթ մը։
       - «Սթալինէն աւելի սթալինական», դիտել կուտայ ընկերվարական պաշտօնաթերթը։
       Եւ մինչ զոհերը «փրկեցէ՛ք մեզ» կ’աղաղակեն, Ազգաժողովը գիշերներ կը լուսցնէ, իրաւասութեանց խնդիրներ լուծելու համար։
       Թշուա՜ռ մարդկութիւն…
      
       7 Նոյեմբեր 1956