Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԵՐԿՈՒՆՔ ԵՒ ՎԱՍՏԱԿ
      
       Բաղդատաբար բեղուն տարի մը եղաւ 1956ը, գրական հրատարակութեանց տեսակէտով։ Մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ, որ երբեմնի Պոլսոյ տեղը կը բռնէ։
       Մեր ամէնօրեայ թէ պարբերական մամուլը չունի ասպարէզին նուիրուած գրադատներ կամ քննադատներ, որպէսզի կանոնաւորապէս հետեւին շարժումին։
       Ամէն ինչ պատահական է։
       Երբեմն կ’երեւան գրախօսականներ այս կամ այն թերթին մէջ, ծանօթացնելով նոր գիրք մը։ Իսկ իբրեւ ընդհանուր երեւոյթ, այս ճակատն ալ անտիրութեան մատնուած է։
       Խմբագիրները հազիւ կրնան հասնիլ ամէնօրեայ տքնութեան, որ քանի մը ձեռքի կը կարօտի։
       Աշխատակիցները իրենց առանձին գործերն ու հոգերն ունին, եւ շատ քիչ ժամանակ՝ որեւէ գիրք ուսումնասիրելու եւ ծանօթացնելու համար։
       Մնաց որ գրադատութիւնը, նոյնիսկ պարզ գրախօսութիւնը ամէն բանէ առաջ մասնագիտութիւն եւ հմտութիւն կը պահանջէ։
       Հայերէն ո՞ր թերթը պիտի կրնար գրական քննադատ մը պահել տեւականօրէն, ինչպէս կ’ընեն օտար թերթերը, եթէ նոյնիսկ ասպարէզին համար պատրաստուած ուժ մը գտնուէր, կազմ եւ պատրաստ…
       Այս տեսակէտէն բախտաւորեն Երեւանի թերթերը։
       Ինչպէս հեղինակը, գրական, գիտական կամ գեղարուեստական քննադատն ալ վճարովի պաշտօնեայ է այնտեղ եւ կանոնաւորապէս կը հետեւի իր նախընտրած ճիւղին։
       Ուրեմն, գրադատութիւնն ալ պարտականութիւն մըն է եւ մասնագիտութիւն, եւ ոչ թէ «պարապ վախտի խաղալիկ»։
       Կը նշանակէ թէ արտասահմանի թերթերը կրնան միայն կարելին կատարել, եւ ոչ թէ ցանկալին ու անհրաժեշտը։
       Հասարակութիւնը այս կամ այն նոր հրատարակութեան անունը կը լսէ երբ ազգ մը երեւայ թերթին մէջ։
       Իրականին մէջ, ազդը կը կարդայ եւ կը մոռնայ Անունն անգամ չի յիշեր, եթէ բարեհաճի գրատուն մը հանդիպիլ…
       Այսպէս բազմաթիւ հրատարակութիւններ կը մնան գոց գիրք նոյնիսկ ուսումնականներու համար, որոնք բազմութիւն մը կը կազմեն։
       Հայաստանի «հասարակայնութիւնն» ալ շատ բան չի գիտնար արտասահմանի մէջ կատարուած երկունքի եւ վաստակի մասին, քանի որ գրադատները ամէն բանէ առաջ կը փնտռեն «յառաջդիմական»ը, հոգ չէ թէ ըլլայ խալտուրա կամ թութակաբանութիւն։
       Այս բոլոր պարագաները արձանագրելով հանդերձ, պարտականութիւն կը սեպենք փորձել կարելին, կապ մը հաստատելու համար նոր հրատարակութեանց եւ ընթերցող հասարակութեան միջեւ։
       Թող իմանան բոլորն ալ, կարմիր գիծէն ասդին եւ անդին, թէ Հայկական Մշակոյթին կամաւորներ հրաշք ներկը գործեն օտարութեան մէջ ալ, հակառակ յուսահատական դժուարութեանց։
       Թող իրարու պատմեն թէ անոնք իրենց երակները կը քամեն, իրենց ճամբուն վրայ ձգելով երկունք մը ու վաստակ մը արժանի արդար հպարտութեան։
       Այդ ստեղծագործ աշխատանքը տարիներէ ի վեր կը շարունակուի աշխարհի բոլոր ցամաքներուն վրայ, արեւելքէն արեւմուտք։
       Եւ ունինք հրատարակութիւններ, այլազան ու բովանդակալից հատորներ, որոնք հաստատուն վկայութիւններ կը կազմեն վաղուան համար։
      
       13 Յունուար 1957