ՎԵՐՋԻՆ
ՕՂԱԿԸ
Ազգային-քաղաքական
կեանքի
մէջ
եւս
արշակ
Չօպանեան
կը
փայլէր
արտակարգ
եռանդով։
Կը
գրէր։
Կը
խօսէր։
Կը
թարգմանէր։
Դիմումներ
կը
կատարէր
եւ
կապեր
կը
հաստատէր։
Իր
թարգմանութիւնները
կը
ղրկէր
կամ
անձամբ
կը
տանէր
ականաւոր
անձերու։
Մէկ
խօսքով,
կը
ջանար
«հայասիրական»
մթնոլորտ
ստեղծել
բանաւոր
եւ
գրաւոր
քարոզութեամբ։
Անշուշտ
անօգուտ
չանցաւ
այս
աշխատանքը,
իբրեւ
լրացուցիչ
մասը
բուն
քաղաքական
գործունէութեան։
Չօպանեան
ալ
տիպար
ներկայացուցիչն
էր
այն
սերունդին
որ
կը
հաւատար
մարդոց
բարութեան,
արդարութեան
եւ
ուրիշ
առաքինութեանց։
Ականաւոր
անձի
մը
սիրալիր
ընդունելիութիւնը,
հայանպաստ
բանախօսութիւն
մը,
համակրանքի
գրաւոր
արտայայտութիւն
մը
թեւ
կուտային
իր
երեւակայութեան։
Եւ
կը
հրճուէր
մանկական
ուրախութեամբ։
Կը
ճգնէր
ձեզ
ալ
համոզել
թէ
իրապէս
խոր
իմաստ
ունին
եղած
արտայայտութիւնները։
Իրեն
յատուկ
համոզումներ,
յայտնապէս
վիճելի
տեսակէտներունէր
որոնց
կառչած
մնաց
մինչեւ
վերջը։
Վկայ՝
իր
«Քրոնիկ»ները
օրուան
հարցերու
մասին,
«Անահիտ»ի
հին
եւ
նոր
թիւերուն
եւ
իր
աշխատակցած
թերթերուն
մէջ։
Դժբախտաբար
չկրցաւ
լրացնել
իր
Յուշերը,
որոնց
աննշան
մէկ
մասը,
պատանեկան
շրջանը
միայն
երեւցաւ
քանի
մը
տարի
առաջ։
Թէեւ
կրքոտ՝
կուսակցական
վիճաբանութեանց
ընթացքին,
յաճախ
համարձակօրէն
կը
պարզէր
իր
անձնական
տեսակէտները։
Այսպէս,
միշտ
բողոքեց
Երեւանի
մէջ
պարտադրուած
բարբարոս
ուղղագրութեան,
օտարաբանութեանց
եւ
մտաւորականներու
զանգուածային
ձերբակալութեան
դէմ։
Գոնէ
պարտք
սեպեց
հարցումներ
ուղղել,
երբ
իր
պատկանած
հոսանքը
եւ
ուրիշ
գրոցբրոցները
կծկուած
էին
«խոհեմութեան»
տաքուկ
մուշտակին
տակ։
Յաճախ
պոռթկումներ
ալ
կ’ունենար։
Փարիզի
«Վերածնունդ»
կիսամսեայ
հանդէսին
մէջ,
որուն
ազգային-քաղաքական
բաժնի
«Քրոնիկ»ները
իրեն
յանձնուած
էին,
կը
գրէր
1918
Մարտ
1ին.
«Լենին
եւ
ընկերութեան
երեսը
ճերմակ
կենայ…
«Ժողովուրդներու
ինքնորոշում»
պոռալ
ամիսներով,
Հայաստանին
անկախութեան
իրաւունքը
թղթի
կտորով
մը
հռչակել,
եւ
ունենալ
ընթացք
մը
որ
ռուս
հայրենիքը
մատնէ
եւ
հայ
ազգութիւն
իսկ
վտանգի
դնէ…
Աղուո՜ր
ազատամտութիւն…
«Թուրքերը
Երզնկան,
Տրապիզոնը,
Բաբերդը
առեր
են…
Անհնար
է
այս
հազա՜ր
անգամ
սեւ
լուրերուն
ներշնչած
զգացումը
արտայայտել…»։
Մռայլ
խորհրդածութիւններէն
ետք,
արկածահար
գրագէտը
«երկրպագելի»
կը
գտնէ
ազգին
հերոսական
պայքարը
այս
եղերական
կացութեան
առջեւ.
-
«Մաքսիմալիսթ
(բոլշեւիկեան)
վատութենէն
օգտուելով
յառաջացող
Թուրքը
իր
դէմ
կը
գտնէ
հայ
հողը
պաշտպանող
զինուորներ,
միս-մինակ
մնացած,
բայցոր
իրենց
պարտքը
մինչեւ
վերջը
կը
կատարեն»։
Միշտ
ներդաշնակ
եւ
արդար
չեղաւ
իր
գիրքը,
շարք
մը
խնդիրներու
մէջ։
Բայց
այսօր,
երբ
իր
գլուխը
ջախջախուած
է
կսկծալի
արկածի
մը
հետեւանքով,
պատմութեան
կը
յանձնենք
այդ
էջը,
խոնարհելով
իր
65-70
տարուան
ազգանուէր
գործունէութեան
առջեւ։
Բազմավաստակ
սերունդի
մը
վերջին
օղակն
ալ
կը
փրթի,
այս
եղերական
վախճանով…
11
Յունիս
1954