ԶՐՈՅՑ
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ
ՀԵՏ
-
Տարօրինակ
ժողովուրդ
էք…
Տարիներ
եւ
տարիներ
ջարդուեցաք
թշնամիէն,
զոր
կը
կոչէք
վայրենի,
գազան,
ճիւաղ,
հրէշ,
բարբարոս,
բորենի,
արիւնռուշտ,
ջարդարար,
աւարառու,
աւազակ…
Տարիներ
ու
տարիներ
դէպքերը
կրկնուեցան
միեւնոյն
եղանակով,
եւ
մէկը
միւսէն
ահռելի
ցնցումներով,
բայց
կը
թուի
թէ
բան
սորվելիք
չունիք։
-…………………………………
-
Բարբարոսին
սուրը
կախուած
էր
ձեր
գլխուն,
դուք
ալ
սուր
եւ
զէնք
ունէիք,
բայց
փոխանակ
անոր
ապաւինելու,
ձեր
աչքերն
ուղղեցինք
սահմանէն
անդին,
դէպի
Եւրոպա
եւ
աւելի
հեռուները։
«Քեռին
կուգայ
կ’ազատէ,
«Ինկիլիզ»ը
Տարտանէլ
հասած
է…»։
Չհասկցաք
թէ
աշխարհը
բռնկած
էր,
գոյութեան
կռիւ
էր,
եւ
թշնամին
պիտի
զարնէր
անխնայ։
Ե՞րբ
կրնար
երազել
այսպիսի
պատեհութիւն։
Իսկ
դուք,
ո՞ր
օրուան
կը
սպասէիք…
-
Կը
սպասէինք
որ
թշնամին
իր
ուժը
չափէր
մեր
ռազմիկներուն
հետ,
ոչ
թէ
անզէն,
անպաշտպան
կիներու,
ծերունիներու
եւ
երախաներու
վրայ։
-
Չըսի՞
թէ
բան
չէք
սորվիր։
Գիտէիք
թէ
թշնամին
հրէշային
բնաւորութիւն
ունէր,
պիտի
չխնայէր
մեծին
ու
փոքրին,
կնոջ
կամ
երախայի։
Անոր
համար
ժամանակը
եկած
էր
ձեր
հաշիւը
փակելու,
ձեր
արմատը
չորցնելու։
Ձեր
անունն
ելած
էր
իբրեւ
շատ
բան
գիտցող
ժողովուրդ,
բայց
երեւան
եկաւ
որ
Թուրքին
պատմութիւնն
անգամ
չէք
սորված,
թէեւ
անոր
իշխանութեան
տակ
մնացիք
վեց
հարիւր
տարի…
-
Թշնամին
իր
քաջութեամբ
չէր
որ
կը
յաղթէր,
այլ
հրէշային
վատութեամբ։
Գիտնալով
որ
պիտի
չկրնայ
ճակատ
ճակտի
չափուիլ,
դիմեց
անարգ,
ճիւաղային
դաւադրութեան
մը։
Մինչեւ
45
տարեկանը
զինուոր
գրեց։
Յետոյ
հաւաքեց
բոլոր
գլուխները,
Պոլսոյ
ամէնէն
ականաւոր
դէմքէն
մինչեւ
յետին
գիւղի
տէրտէրը,
եւ
մնացեալը
սպանդանոց
քշեց
հօտի
մը
պէս,
կէս
ժամ,
մէկ
ժամ
անդին
ոչնչացնելու
համար։
Եւ
այս
բոլորը,
ամբողջ
ժողովուրդի
մը
անճիտումը
կոչեց«կարգ
մը
անպատեհութիւններ»,
շանսատակ
Թալէաթի
բերնով։
Մինչեւ
այսօր
ալ
այդպէս
կը
կոչէ,
այսինքն
բան
չի
խոստովանիր…։
-
Անգամ
մը
եւս
խոստովանեցէք
թէ
բան
մը
չէք
սորվիր։
Ի՞նչ,
կ’ուզէիք
որ
Թո՞ւրքն
ալ
ձեզի
պէս
թուղթի
յանձնէր
իր
ըրածն
ու
չըրածը։
Վեց
հարիւր
տարուան
փորձառութիւն
եւ
հմտութիւն
ունի.
աշխարհներ
կը
փլցնէ,
առանց
որևէ
բան
յայտնելու,
և
առանց
որեւէ
բան
խոստովանելու։
Մինչդեռ
դուք…Անոնք
շատո՜նց
համրած
էին
ձեր
ակռաները։
Ձեր
ոտքը
գետնէն
կտրած
էր
Օսմ.
Սահմանադրութեան
շրջանին։
Ձեր
վրայ
արեւ
ցաթած
էր
զինադադարին,
իսկ
ան
իր
ձայնը
քաշած,
այնպէս
ձեւացնելով
թէ
ամէն
բանէ
յուսահատած
եւ
ճակատագրին
համակերպած
է,
նորանոր
ծրագիրներ
կ’որոճար,
պատմութիւն
կը
սերտէր
եւ
գործէր
կը
սարքէր։
Մոռցեր
էիք
նոյնիսկ
ձեր
պատմութիւնը…
Եթէ
արտաքին
պարագաները
չնպաստէին,
անոր
գերեզմանը
շատոնց
փորուած
էր։
Անոր
վերջին
յաջողութիւնն
ալ
արդիւնք
էր
իր
բարբարոսական
եւ
արիւնռուշտ
բնազդին։
Երեւի
ձեր
քրիստոնէական
Աւետարանը
ձեր
դատողութիւնն
ալ
բթացուցած
է։
Եթէ
Թուրքը
օգտուեցաւ
արտաքին
պարագաներէն,
այնքան
դժնդակ
պայմաններու
մէջ,
դուք
որ
առաւելութիւններ
կը
վայելէիք,
ինչո՞ւ
չօգտուեցաք
եւ
սկսաք
պարել
թուղթերու
վրայ,
ոտքերը
գետնէն
կտրած
եւ
ձեռքերը
օդին
մէջ։
…
Թողունք
անցեալը,
այսօր
իսկ,
երբ
ո՛չ
հող
ունիք
ձեր
ոտքին
տակ,
ոչ
ալ
որեւէ
հեռանկար,
նորէն
թուղթն
ու
ճառն
է
ձեր
ամբողջ
դրամագլուխը։
«Վրէ՜ժ,
վրէ՜ժ»
կ’աղաղակէք,
սակայն
միւս
կողմէ
այնպիսի
գործեր
կը
կատարէք
որ
միայն
տգէտ
կամ
խելակորոյս
ժողովուրդի
մը
համար
ներելի
պիտի
ըլլային։
Կրնայի՞ք
աւելի
բաց
խօսիլ։
Գաղտնի՞ք
է
ինչ
որ
պիտի
պարզեմ։
Ձեր
կեանքը
իր
նմանը
չունի
որեւէ
ժողովուրդի
մէջ,
ո՛չ
անցեալով,
ո՛չ
ալ
ներկայով։
Եւ
սակայն,
կը
թուի
թէ
նոր
աշխարհ
եկեր
էք,
եւ
ուրիշ
հոգ,
ուրիշ
պարտականութիւն
չունիք,
եթէ
ոչ
իրարու
հետ
չափուիլ,
իրար
գզել
եւ
խօսքի
տակ
չմնալ։
Մինչ
թշնամին…
Ամէն
ժողովուրդի
մէջ
ալ
կը
պատահին
այսպիսի
բաներ.
երկինքէն
ինկած
հրեշտակներ
չենք
վերջապէս։
Հող
չունինք,
տուն
չունինք,
ցիրուցան
ի
սփիւռս
աշխարհի,
դուռնէ
դուռ
ինկած…
Այդ
բոլորը
ոչ
թէ
կ’արդարացնեն
ձեզ,
այլ
աւելի
կը
ծանրացնեն
ձեր
մեղքը։
Ճիշդ
անոր
համար
որ
ո՛չ
հող
ունիք
ոտքի
տակ,
ոչ
ալ
վարկ՝
աշխարհի
առջեւ,
դուք
պիտի
տասնապատկուէիք
իրարմով
եւ
հաւաքական
առաքինութիւններով,
մինչդեռ
ձեր
մեռելներն
անգամ…
Ներողութիւն.
ամէն
տարի
կը
կատարենք
անոնց
սգատօնը։
Այո՛,
այո՛,
հառաչելով,
յօրանջելով,
կամ
նորէն
իրարմէ
բաժնուելու,
զանազան
ճակատներ
կազմելու
համար։
Ուրիշ
ո՛րեւէ
ժողովուրդի
մէջ
այսպիսի
տօն
մը,
անոր
զարհուրանքը,
անոր
եղերական
խորհուրդը
սարսուռ
պիտի
ազդէր
հազար-հազարներու,
պիտի
ցնցէր
անոնց
հոգիները,
պիտի
ամրապնդէր
հաւաքական
գիտակցութիւնը,
պիտի
նորոգէր
հաւատքը,
ուխտը,
հատուցման
կիրքը…
Ամէն
բան
արտաքին
երեւոյթներէն
մի՛
դատէք.
այս
ժողովուրդը
աշխարհին
ասպարէզ
կը
կարդայ
իր
թաքուն
առքինութիւններով…
Այդպիսի
հարստութիւններով
լեցուն
են
իմ
էջերս
ալ։
Բայց,
շատ
մի՛
տարուիք
«անցեալ
կատարեալ»
փառքերով
ու
յիշատակներով։
Խօսքը
ներկայի
մասին
է։
Կրնա՞ք
հանգիստ
խղճով
եւ
պայծառ
գիտակցութեամբ
վկայութիւն
տալ
այսօրուան
համար։
Ապրիլեան
զարհուրանքէն
19
տարի
յետոյ,
թեթեւցած
կամ
խաթարուած
չէ՞
առաքինութեանց
կշիռը…
22
ապրիլ
1934