Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՁԱՅՆ ՏՈՒԷՔ, ՏՂԱՔ
      
       Արձանագրեցէք եւ բարձրաձայն յիշեցուցէք ամէն տեղ, օրակարգն է սերունդի փրկութիւն եւ մշակոյթ։
       Եւ յայտարարեցէք թէ տարագիր բազմութեանց թշնամի պիտի համարուին անոնքոր կը դժուարացնեն այս աշխատանքը, միտքեր պղտորելով կամ քարեր գլորելով ճամբուն վրայ։
       Ինքնապաշտպանութեան այս ճիգին մէջ պարտականութիւններ կ’իյնան բոլոր ընդունակ ուժերուն եւ մասնաւորապէս երիտասարդութեան վրայ։ Ո՛ւր որ ալ գտնուին կամ ի՛նչ փայլուն դիրքերու ալ հասած ըլլան։
       Այս կամ այն կարողութեամբ օժտուած ըլլալ եւ իր պատեանին մէջ կծկուիլ՝ կը նշանակէ դասալքութեան արատը քսել ճակտին։
       Թող պատմութիւնը չըսէ թէ այդ արատը քսուեցաւ տարագիր երիտասարդութեան ճակտին, ազատ ափերու վրայ։
       Երիտասարդութիւնը եթէ շարժում է, եթէ թարմութիւն եւ ուժ է, ամէնէն առաջ ինք պիտի ջանայ արժեցնել այդ շնորհները։
       Ամէն տեղ ալ ունինք երիտասարդական կազմակերպութիւններ, այլազան անուններով եւ շողշողուն ծրագիրներով։
       Այդբոլորը շատ բան կը կորսնցնեն իրենց արժէքէն, առանց հաստատուն հաւատքի եւ յարատեւ աշխատանքի։
       Եւ կը դառնան մարզանք, տեսակ մը ձեւակերպութիւն, եթէ եղածով գոհանաք, փոխանակ նոր հորիզոն փնտռելու, լայն բանալով իրենց միտքն ու թեւերը։
       Այսպէս, անհրաժեշտ է որ այդ Միութիւնները ձայն տան երկրէ երկիրեւ ափէ ափ, առանց սպասելու հանդիսաւոր պատեհութեանց։
       Ամէնօրեայ մամուլը շարունակ տեղեկութիւններ կըհրատարակէ այս կամ այն գաղութի երիտասարդական գործունէութեան մասին։
       Միութիւնները իրենք ալ տեղեկագիրներ կը փոխանակեն, պատահաբար։
       Այսքանը բաւական չէ, որպէսզի շարժումը ծաւալի, թարմացնելով հայկական մթնոլորտը։
       Տարրական պայման է որ երիտասարդութեան սիրտը նոյն զարկով բաբախէամէն տեղ, թէ՛ սերունդին եւ թէ՛ հանրութեան բարիքին համար։
       Ուրեմն աւելի սերտկապ միեւնոյն միջավայրին մէջ, եւ մէկ ափէն միւսը։
       Եթէ որեւէ խմբակցութիւն կ’ազդուի զանազան ասէ-կօսէներէ կամ կը խրախուսէ բանսարկութիւնները, երիտասարդութիւնը օրինակելի դաս մը տուած կ’ըլլայ վանելով, արհամարհելով զանոնք։
       Երիտ. Միութեան մը առաջին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ պայծառութիւն եւ պարկեշտութիւն ցանել իր ճամբուն վրայ։
       Մենք այդ ուղղութեամբ կ’առաջնորդենք մեր Նոր Սերունդը։
       Կարելի չէ սերունդ փրկել, իրարու դէմ լարելով նոյն ժողովուրդին զաւակները։
       Հասարակ չարագործներ են անոնք որ սեւ շուկայ կը խաղան երիտասարդական ճակատին վրայ, հայերէնկամ օտարալեզու քարոզութիւններով։
       Ամէնէն լպրծուն խաղն է այդ, այսօրուան թէ վաղուան համար։
       Տարբեր տեսակէտներ ունենալ՝ չի նշանակեր թունաւոր նետեր արձակել աջ ու ձախ։
       Մոլորեցնել եւ պառակտել երիտասարդութիւնը՝ կը նշանակէ խախտել տարագիր բազմութեանց դիմադրական կորովը։
       Ձայն տուէք, տղաք, ամէն ճակատի վրայ։ Եւ երկիրէ երկիր, ուր որ հայկական համրանք մը կը շնչէ։
      
       25 Յունիս 1955