ՄԵՌԵԼՆԵՐԸ
Կ’ԸՍԷԻՆ
Մեռելները
կը
խօսէին,
փնտռելով
«Մնացորդաց»ը.
-
Դուք
որ
ողջ
մնացիք
անասելի
Արհաւիրքէն,
կրակէն
ու
գնդակէն,
ջուրէն
կամ
կախաղանէն,
աշխարհասասան
սպանդէն,
դուք
արդէն
սկսեր
էք
դատել
մեզ։
Կը
յաւակնիք
ըլլալ
աւելի
արթուն
եւ
իրատես,
աւելի
հասուն
եւ
խելացի։
Բարի՛։
Ուրեմն
բան
մը
արժած
է
մեր
արիւնը,
զոր
մենք
անխնայ
ընծայեցինք
լաւագոյն
օրերու
համար,
հաւատալով
աշխարհի
արդարութեան։
Ուրի՜շ
էր,
այն
ատեն,
աշխարհի
արդարութիւնը։
Գոնէ
այդպէս
հաւատացինք
մենք,
սերտելով
դաերու
պատմութիւնը
եւ
ունկնդրելով
մեր
երգերուն։
Ամէն
պարագայի
մէջ,
մենք
չմանրացանք,
չսակարկեցինք,
չխնայեցինք
ինչ
որ
կրնար
ծառայել
ժողովուրդին
եւ
հայրենիքին
փրկութեան։
Ունի՞ք
դուք
ալ
այդ
ոգին։
Նոյնքան
վճռականութիւն
եւ
նուիրում,
գլուխ
հանելու
համար
այն
ինչ
որ
ջախջախուեցաւ
մեր
ջարդ
ու
փշուր
եւ
ցիրուցան
ոսկորներուն
վրայ։
Ի՞նչ
օգուտ
ձեր
գիտութենէն,
առանց
հաւատքի
եւ
խանդավառութեան,
առանց
վճռական
կամեցողութեան։
*
Մեռելները
կը
խօսէին,
լսելով
խժալուր
ձայները
ողջերու
ցիրուցան
բազմութեանց.
-
Կը
յաւակնիք
ըլլալ
աւելի
հասուն
եւ
խելացի։
Բայց,
ահաւասիկ
լրացաւ
23
տարին,
եւ
դուք
տակաւին
ծուռ
կը
նայիք
իրարու,
նոյնիսկ
մեր
յիշատակը
տօնած
ատեն…
Մենք
մեր
բոլոր
ատելութիւնները
մոռցանք
անճիտումի
ճամբուն
վրայ։
Թշնամին
ինք
միացուց
մեզ,
երբ
կը
լակէր
մեր
արիւնը
չարախինդ
ամբարտաւանութեամբ։
Առանց
դասակարգի,
դաւանանքի,
տարիքի
կամ
սեռի
խտրութեան։
Մեր
մէջ
ամէնէն
համբակն
ալ
գոնէ
գիտէր
թէ
ի՛նչ
կ’ուզէ,
եւ
ինչո՞ւ
կը
մեռնի։
Իսկ
ձեր
գիտունին
գիտունը
դեռ
օրօր
կ’երգէ։
Ձեր
մէջ
կիրքն
է
որ
կը
յօրանջէ,
եւ
խուժանավարութիւնը
սաղմոս
կ’երգէ։
Եւ
կը
թուի
թէ
այսօր
որոմը
աւելի
շատ
է
քան
ցորենը։
Դուք
տակաւին
չունիք
հանգանակ
մը
որ
լռութիւն
եւ
աշխատանք
պարտադրէր
բոլորին,
յարգանք
ներշնչելով
նոյնիսկ
օտարին։
*
Մեռելները
կը
տրտնջային,
իրենց
փոսացած
աչքերը
խրելով
համատարած
խաւարին
մէջ.
-
Մենք
չտեսանք
ո՛չ
Եւրոպան,
ո՛չ
Ամերիկան։
Հարեւան
լեռն
եղաւ
մեր
հորիզոնը,
եւ
կամ
ծովափը։
Մենք
մեր
մտքի
պաշարն
ստացանք
դաշտերէն
եւ
գիւղերէն,
պակասը
լրացնելով
յետամնաց
քաղաքներու
մէջ։
Դուք,
ահա
տարիներէ
ի
վեր
փռուած
լուսացնցուղ
ափերու
վրայ,
ազատ
եւ
անվտանգ,
դուք
ինչո՞վ
կ’ապացուցանէք
ձեր
առաւելութիւնները։
Ո՞ւր
է
շօշափելի
արտայայտութիւնը
ձեր
կորովին
ու
մտքին,
ձեր
գերազանցութեան,
ի
խնդիր
այն
երկունքին
որ
լճացաւ
մեր
արեան
ճապաղիքներուն
մէջ։
Մեռելները
դեռ
ուրիշ
բաներ
ալ
կը
խօսէին,
բայց…
24
Ապրիլ
1938