Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
«ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՕՐ»Ը
      
       Ինքնագոհ սնապարծութեան տօն մը չէ այս, «Դաշնակցութեան Օր»ը, որ հաստատուեցաւ անցեալ տարի, համաձայն 10րդ ընդհ. ժողովի որոշման։
       Դարերէ ի վեր հայ ժողովուրդը ունի տօներ եւ յիշատակներ, որոնց տարեդարձը կը տօնէ անխափան, պտղունց մը խունկով կամ շքեղաշուք հանդիսաւորութեամբ։ Ընդհանրապէս պարտութեան եւ լացի օրեր են անոնք, կամ զուտ կրօնական, համաքրիստոնէական յիշատակներ, որոնք մեքենաբար իրարու կը յաջորդեն։
       «Դաշնակցութեան Օր»ը բառին տառական իմաստով տարեդարձ մը չէ, ոչ ալ յիշատակի տօնը այս կամ այն մեծ դէպքին, այլ վերյիշումը, խտացումը ամբողջ շրջանի մը պատմութեան, իր յաղթանակներով եւ ցնցումներով։ Հայկական վերածնութեան, «ազատութեան ճանապարհ»ի նոր հանգրուան մը բացուեցաւ իննսունական թուականներուն։ Շնորհիւ վաթսունական թուականներու լուսաւորութեան ճիգերուն եւ, աւելի վերջը, երկու հատուածներու հաղորդակցութեան, արդէն ունէինք սերունդ մը, որ պատրաստ էր գործի վերածելու ցանուած հունտերը։ Ազատութեան տենչը վերացական խօսք մը չէր անոնց համար, այլ շօշափելի պատկեր մը, արկածալի, վսեմ ու գրաւիչ հեռանկար մը։ Եւ անոնք պատմութենէն ու կեանքէն սորվելով անոր հասնելու միջոցները, ասպարէզ կ’իջնէին անձին վտանգով եւ կատարեալ վճռականութեամբ։
       Այսպէս է, որ ունեցանք աննման փաղանգը «արի արանց» հերոսներու, որոնցմէ տասնեակներու անունները գոց եղած են, բայց հազարեակներ կը մնան անյայտ եւ առանց երգի։ Անոնք դէպի մահը գացին այնքան երկիւղածութեամբ որքան առաջին քրիստոնեաները։ Անոնք ալ ունէին հաւատք մը, հայրենիքի եւ ազատութեան գաղափարը, ու մինչ առաջին քրիստոնեաները քարայրներէն դէպի կրկէսները կ’առաջնորդուէին հլու հնազանդ, աստուածավախ համակերպութեամբ, մեր առաջին ռազմիկները կը կռուէին մինչեւ վերջին փամուշտը, եւ իրենց արեան կաթիլներով կ’արծարծէին կրակը։
       «Դաշնակցութեան Օր»ը, ուրեմն, առաւելապէս փառաբանութեան օրհներգ մըն է, գիտակցութեան եւ պայքարի «Մեծացուսցէ»ն, որուն առջեւ չի կրնար չխոնարհիլ ամէնէն խորթ անհատն անգամ։ Այստեղ չկայ կուսակցական մենաշնորհ, ոչ ալ հատուածական խտիր։ Ո՛վ որ մեռաւ ազատութեան համար, առանց հաշուելու եւ առանց վայրկեան մը ընկրկելու, իրական արժէք մը, պարծանք մըն է ո՛րևէ ժողովուրդի համար։ Վա՜յ անոնց, որ չեն գիտեր յարգել իրենց մեռելները։ Դաշնակցական ուխտեալներուն հետ ինկած են նաեւ շատ ու շատ ուրիշներ, կուսակցական կամ ոչ. ինչպէս անկէ առաջ ու անոր հետ գործած են հազարներ, միեւնոյն գաղափարներուն համար։ Մենք ակնածանքով կը խոնարհինք բոլորին առջեւ, եւ կ’ուզէինք, որ անոնց յաջորդները չգոհանային միայն անոնց յիշատակներով։
       Բայց Դաշնակցութիւնը, ինքն իրեն համար հաստատելով տարուան մէջ մասնաւոր Օր մը, կ’ուզէ ոչ միայն արդար հպարտութեամբ նայիլ իր 35 տարուան անցեալին, իբրեւ հզօրագոյն ազդակը հայ ազատագրական դիւցազնամարտին, այլեւ թարմանալ, ամրանալ ինքն իրմով։ Ազատամարտը չէ վերջացած, տարաբախտաբար. եւ այն կայծերը, որ սերունդներ վառեցին երէկ, կը մնան, տակաւին, իբրեւ մշտավառ մորենիներ։ որքան ալ փոխուած ըլլան աշխարհն ու մարդիկը, սրբութիւններ կան որոնք յաւիտենական են։ Այդպէս է ազատութեան գաղափարը, որ կը ծնի մարդուն հետ, բայց եւ կը խափանուի անո՛ր ձեռքով։ Եւ որքան ատեն որ խափանողներ եւ բռնացողներ կան, անպակաս պիտի ըլլան ըմբոստացողներն ու կռուողները։ Թէեւ տարբեր պարագաներու մէջ, այդ հոգը ունինք այսօր ալ։ Եւ, եղերական ցնցումներէ յետոյ, ունինք նաեւ սփոփարար կէտ մը, - այլեւս չկան խարխափումներ։ Անցեր է փորձի շրջանը, եւ հայ ժողովուրդը կանգ առած է որոշ, թանձրացեալ հանգրուանի մը վրայ, - Միացեալ Հայաստան։ Թափուած արիւնը բիւրազան ակերով եկած յանգած է կորիզի մը ուրկէ անդին փրկութիւնը հեռու չէ։
       Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի ծոցէն քաղած է իր ցանած հունտերը. եւ որքան աւելի ուժ ունենայ զանոնք զարգացնելու, այնքան պիտի մօտենայ այդ օրը։
       Ընկերկամ համակիր, բոլոր անոնք որ ոգեւորութեան եւ ներշնչման կարօտը ունին, «Դաշնակցութեան Օր»ը պիտի նկատեն ոչ միայն անցեալ փառքերու յիշատակ մը, այլեւ առիթ մը ինքնադատաստանի։
       Գացողներուն փառքը երգած ատեն, պիտի չմոռնանք նաեւ ճոխացնել անոնց աւանդները։
      
       3 Հոկտեմբեր 1926