Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՄՈՒՐԱՏ- «ՇԻՆԱԿԱՆ»
      
       Ես էլ ձեզ հետ հայրենիքիս ջրերն եմ խմել,
       եզներ եմ արածել, դաշտ ու ձոր եմ գնացել եւ
       օրին մէկն էլ պանդուխտ ինկել։ Ճանաչել եմ
       մեր ժողովրդի մեծ ցաւն ու դարտը և ուխտել
       եմ կեանքս զոհաբերել նրան։
       ՄՈՒՐԱՏ
      
       …Տակաւին չէ գրուած պատմութիւնը մեր հերոսներուն։ Թռուցիկ յուշեր, մասնակի պատմութիւններ, քանի մը տետրակ, երբեմն բարձրասլաց փառաբանութիւն, եւ ուրիշ ոչինչ։
       Ունինք բազմազան հրատարակութիւններ, ուսումնասիրութիւններ՝ մտաւոր ուժերու, գրական, յեղափոխական եւ քաղաքական դէմքերու մասին։ Տարիներ առաջ Լէօն երեք հատորը քիչ է գտած, պատկերացնելու համար Գրիգոր Արծրունիի կեանքը։ Ուրիշ բազմաթիւ լայն ու նեղ հատորներ կան, զանազան դէմքերու մասին։
       Բայց, չկա՜յ արժանավայել պատմութիւնը հայ ժողովուրդի այն զաւակներուն, որ առտու մը լեռը բարձրացան, եւ լեռներու վրայ, իրենց բազուկներով հիմը դրինմեր նորագոյն պատմութեան։
       Տարիներ առաջ, յեղափոխական գրոհներու յորձանքին մէջ, պատահաբար, լոյս տեսած են վտիտ գրքոյկներ աղբիւր Սերոբի, Գէորգ Չավուշի եւ ուրիշներու մասին։ Ոչ միայն վտիտ, այլ եւ տժգոյն։ Օրը օրին գրի առնուած։ եւ այնուհետեւ՝ լռութիւն։ Հերոսներուն անունները շրջան կ’ընեն բերնէ բերան։ Մէկսերունդէն միւսը։ Ամէն մէկը դրուագ մը ունի զոր կը պատմէ իբրեւ հէքեաթ։ Բայց չկայ իսկական պատմութիւնը ո՛չ մէկուն, ո՛չ ալ միւսին։
      
       *
       Սեբաստացի Մուրատն ալ մէկն է այն շարքէն, երկար ատեն մոռացութեան տրուած։ Որքան գիտենք, վերջին տարիներուն միայն, ընկեր Մ. Վարանդեանի յանձնուեցաւ գրել իր պատմութիւնը, եւ կը հաւաստեն թէ շուտով լոյս կը տեսնէ գիրքը, Ամերիկայի մէջ։
       Մուրա՜տ։ «Շինական», ինչպէս կ’անուանէին յեղափոխական ծածկանունով։
       Իսկապէս շինական- հայ գիւղացի, անոր բոլոր առաքինութիւններով։ Խոնարհ մշակ մը ինչպէսհարիւր հազարներ իրեն պէս, որ արտ կը վարէ, եզ կ’արածէ, եւ, եզան վաստակի ճամբուն վրայ, յանկարծ դէմ դիմաց գալով անողոք իրականութեան, անարդարութեան եւ բռնութեան հետ, կ’ըմբոստանայ եւ առաջին հարուածը կուտայ անարգ շնացողի մը գլխուն։ Իր շինական բազուկը տեղն ու տեղը գետին կը փռէ հարստահարիչը, եւ այնուհետեւ մնաք բարով աշխատանք եւ տուն- տեղ։
       - «Ես էլ ձեզ հետ հայրենիքիս ջրերն եմ խմել, եզներ եմ արածել, դաշտ ու ձոր գնացել եւ օրին մէկն էլ պանդուխտ ինկել»…։
      
       Մուրատի ամէնէն բնորոշ գիծն այն է, որ մինչեւ վերջն ալ մնաց հարազատ գիւղացի։ Կը խրտչէր ոչ միայն քաղքենի սեթեւեթէն, այլ եւ փառքէն։ Յայտնապէս կը նեղուէր, երբ իր ներկայութեանը կը խօսէին իր քաջագործութեանց մասին։ եւ ընդհակառակն, տղու պէս կը խայտար, երբ կը խօսէին ուրիշներու մասին։ Կամ գիւղի, դաշտի, աշխատանքի, մշակոյթի մասին։ Եւ տղու մը պէս ալ կը պարէր, երբ հայրենաշունչ երգ մը պոռթկար- «Ես եմ ազատ հայ պատանի, լեռներն են իմ հայրենիքս»։
       Եւ ինչպէ՛ս հարազատ գիւղացի, հազիւ կարդալ- գրել սորված, հազար կտոր կ’ըլլար, որպէսզի աւելի բան գիտնան յաջորդները։ որպէսզի լոյսը ծագի, ծաւալի մինչեւ յետին գիւղը։
       Պէտք էր տեսնել իր թափը, երբ, Օսմանեան Սահմանադրութեան խաբուսիկ օրերուն, ամբողջովին տենդ եւ աշխատանք էր դարձած, դպրոց մը աւելի բանալու, զէնք մը աւելի ապահովելու, կորիզ մը աւելի ստեղծելու համար։
      
       *
       Առասպելական են Մուրատի քաջութեան դրուագները։ Խաղաղութեան թէ պատերազմի մէջ։ Թուրքիայէն մինչեւ Կովկաս։ Պէտք է կարդալ իր «Ճամբորդութիւնը»- զոր գրի առած է գրագիտուհի մը, երբ ուրի՜շ աստուածներու կը հաւատար։ Պէտք է կարդալ այդ հապճեպ, թերխաշ օրագիրը, ճանչնալու համար մարդը եւ անոր հոգին գալարող փոթորիկները։
       Եւ ապահովաբար ոչ մէկը աւելի լաւ ճանչցած է զինքը քան իր մայրը։
       Հայաջինջ սարսափներու նախօրեակին, երբ մուրատը լեռն էր եւ Մուամմէրը կատղած, քանի մը հոգի լուր կը տանին մօրը՝ թէ Մուրատը բռնուած է։ Գեղջուկ մայրն է որ կ’որոտայ.
       - Հարամ կ’ընեմ տուած կաթս, եթէ թշնամիին ձեռքը անցնի վրէժը չլուծած։
       Եւ Մուրատ հաւատարիմ մնաց իր մօրը, ինչպէս իր ժողովուրդին ու հայրենիքին։
       Եթէ չկրցաւ, չուզե՜ց մահացու հարուածը տալ ճիշդ այն պահուն երբ, իր եւ ընկերներուն աչքին առջեւ, դէպի սպանդանոց կ’առաջնորդուէին հազարաւոր կարաւանները- մայրը, կինը եւ զաւակն ալ միասին- սլանալով դէպի Կովկաս եւ յետոյ մինչեւ Երզնկա, տուաւ դաս մը զոր թշնամին երբեք պիտի չմոռնար…
       Մուրատները ռահահորդներ են, որոնց բացած ճամբան ոչ իսկ Աստուած կրնայ խափանել։
      
       22Նոյեմբեր 1931