Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
«ՉԵՂՆԻ՜ ՄՈՌՆԱՍ…»
      
       Տարօնեան բացատրութիւն մը, - Չըլլա՜յ թէ մոռնաս…
       Բոլոր լեզուներն ալ ունին միեւնոյն կոչականը, աննշան տարբերութեամբ։ Անգլիացիները կ’ըսեն. «Մի գուցէ մոռնանք»։
       Ամէն ժողովուրդ իմաստութեան գոհար մը կը գտնէ այս ազդարարութեան մէջ, որքան ալ բարձր դիրքերու հասած ըլլայ։
       Մասնաւորապէս փոքր ժողովուրդներու համարայս պատուէրը կրնայ դառնալ ուղեցոյց, եղերական կամ ճակատագրական պահերու մէջ։
       Այդ «փոքր»երէն մէկն ալ մենք։ Թերեւս ամէնէն անտէրն ու անճարը։
       Մեր այս արտակարգ, աստանդական եւ ցիրուցան վիճակին մէջ, փրկարար դեր մը պիտի կատարէր «Չեղնի՜ մոռնաս»ը։
       Եւ սակայն, ամէն բան կ’ընենք, օր առաջ մոռնալու համար կարգ մը հիմնական գիտելիքներ եւ նուիրական պարտականութիւններ։
       Կը մոռնանք թէ տարագիր բազմութիւնները ամէն բանէ առաջ կըկարօտին խաղաղութեան, իրենց ինքնապաշտպանութիւնը զօրացնելու, դիմադրական ճակատ մը կազմելու համար։
       Կը մոռնանք թէ արդէն ահաւոր աւերներ գործած է օտարութիւնը, վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին եւ այժմ կանգնած ենք զառիթափի մը վրայ։
       Կը մոռնանք թէ մտածելու, խօսելու, գրելու ազատութիւնը իրաւունք չի տար գաղափարական պայքարը լեզուագարութեան վերածելու։
       Կը մոռնանք մեռելները եւ անոնց եղերական պատմութիւնը։
       Կը մոռնանք երէկուան պատմութիւնը։
       Միայն լրագրական ժխորը, իր սանձակոտոր մոլեգնութեամբ, կ’ապացուցանէ թէ մեր կացութեան ողբերգութիւնն ալմոռցեր ենք։
       Լեզուները եւ գրիչները կը բանին ի հաշիւ ասիական խուժանավարութեան մը որ չարախինդ քրքիջներ արձակել կուտայ թշնամիներուն։
       Որեւէ գաղափարական տարբերութիւն անմիջապէս կը վերածուի «ճիհատ»ի մը, գրգռիչ եւ անբարոյական։
       Ամէնէն սրտացաւ թելադրութիւնն ալ խեղաթիւրուելովկըդառնայ մարտակոչ, խոր ճեղքեր բանալով այս կամ այն գաղութին մէջ։
       Ելքերէն մէկն է՝ ստեղծել կեդրոնական իշխանութիւն մը, շրջանային բաժանումներով, - Եւրոպա, Ամերիկա եւ Միջին Արեւելք։
       Գաղափարը հազիւ ձեւակերպուած, վայնասունը կը սկսի, - Ճակատ կը յարդարեն հայրենիքին դէմ…
       Եղկելիները կը մոռնան որ եթէ գաղութները կազմալուծուին, հայրենիքն ալ չարաչար կը տուժէ, կորսնցնելով թանկագին պահեստ մը։
       Այդ ո՞ր ուժն է որ պիտի փրկէ Հայկական Արտասահմանը, եթէ անոր առողջ թեւերն ու գլուխները անճրկին իրենց ինքնապաշտպանութեան պայքարին մէջ։ Եթէ օղակները քակուին գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ։
       Այս նոյն խաչակիրները գիշերը ցերեկին խառնած են, Դաշնակցութիւնը օր առաջ «թաղելու» համար։
       Թշուառնե՜ր։ Կը մոռնան որ եթէ Դաշնակցութիւնը փլի, անոր յետին բուխերիկին մոխիրը բաւական է այրելու իրենց ոտքերն ու ձեռքերը, յիշեցնելով փրկարար պատգամը.
       - Չեղնի՜ մոռնաս…
      
       17 Դեկտեմբեր 1955