Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՏԱՍՆԱՄԵԱԿ ՄԸ
      
       Ռոստոմը վերջին եւ կրտսեր անդամն էր այն երրորդութեան, որ ճանչցուած է իբրեւ հիմնադիրը Հ. Յ. Դաշնակցութեան։ Առաջին երկուքը, Քրիստափոր Միքայէլեան եւ Սիմոն Զաւարեան, շատոնց բաժնուած են մեզմէ. Քրիստափորը՝ 1905 Մարտին, Սոֆիա, Վիտոշի ստորոտը, յեղափոխական ձեռնարկի մը ռումբը իր իսկ ձեռքով փորձած ատեն։ Սիմոնը՝ 1913 Հոկտեմբերին, կաթուածահար, Բերայի մէկ պողոտային վրայ։
       Այս երկու անփոխարինելի կորուստներէն յետոյ, Ռոստոմը (Ստեփան Զօրեան), կը մնար վերջին շաղկապը, եթէ կ’ուզէք՝ թթխմորը մեր անդրանիկ սերունդին։ Առաքեալ մը՝ բառին սկզբնական, ոչ թէ «քաղաքակրթեալ» իմաստով։
       Այդ երեքը, Քրիստափոր, Սիմոն եւ Ռոստոմ, մեր կուսակցութեան մէջ կազմած են անքակտելի ամբողջութիւն մը։ Բայց իւրաքանչիւրն ալ, ինքն իր մէջ եղած է ներդաշնակ ամբողջութիւն մը։ Իւրաքանչիւրը ունեցած է իր ուրոյն գիծն ու խառնուածքը, եւ խառնելով զանոնք Դաշնակցութեան կեանքին հետ, շունչ եւ գոյն տուած է անոր, ստեղծած է ոգի մը, զոր եթէ չի կրնար բացատրել, բայց բնազդօրէն եւ խորապէս կը զգայ ամէն մէկ Դաշնակցական։
       Մեր սերունդը չտեսաւ Քրիստափորը, բայց ճանչցաւ Զաւարեանն ու Ռոստոմը։ Տեսաւ զանոնք «աչօք- բացօք», եւ գործունէութեան ընթացքին։
       Այսօր խօսքը Ռոստոմի մասին է, - կրտսեր եղբայրը Խանասորի Կարոյին («Չկա՜յ Կարօն, տխուր պատեց ամէն կողմ»)։
       Աշխարհ մը՝ այս լերան պէս ամուր, մանուկի պէս ամչկոտ եւ սակաւախօս հսկան։
       Չափազանց զգայուն, բայց միանգամայն միս եւ ոսկոր դարձած ողջմտութիւն, հետեւաբար եւ անկարեկիր ո՛րեւէ սայթաքումի հանդէպ։ Օրն ի բուն թաղուած՝ աշխատանքի մէջ, ամէնէն յանդուգն յեղափոխական ծրագիրէն մինչեւ դպրոցի դասարանները, մինչեւ հանրային ո՛րեւէ հոգ, ուր կրնար օգտակար ըլլալ անձնապէս կամ կուսակցութեան միջոցաւ։ Անողորմաբար շղթայի զարկած իր եսը, ամէն տեղ էր, բայց ոչ մէկ տեղ։ Կ’որոճար, կը տքնէր, կը ցանէր, հետք մը կը ձգէր ու կ’անհետանար։ Ամէն տեղ, բայց ոչ հրապարակներու եւ պողոտաներու վրայ։
       Խորապէս յեղափոխական եւ գիտնական միտք, չէր հանդուրժեր խուժանավարութեան, եւ իր բարի ժպիտը կամ թեթեւ սաստ մը ապտակի ծանրութեամբ կ’իջնէին մեծ ու պզտիկ Տոն Քիշոթներու գլխուն։ Մահու չափ կ’ատէր կեղծիքը, եւ անըմբռնելի կը գտնէր, եթէ ո՛եւէ Դաշնակցական իր մեղքը չխոստովանէր իր ընկերոջ առջեւ, մէկ հարցումի վրայ.
       - «Այստեղ թրքական դատարան չէ, պարո՜ն»- Այս հատու խօսքը դաշոյնի պէս կը մխուէր ուրացողին կամ կեղծարարին սիրտը։
       Ահա թէ ինչո՛ւ շատ- շատեր, վախնալով հանդերձ Ռոստոմէն, կը պաշտէին զայն։ Անունը միայն- Ռոստոմ- խորհրդանշան մըն էր ե՛ւ քարացածին ե՛ւ նորընծային համար ե՛ւ մտաւորականին ե՛ւ մաւզէրին կապուած հայդուկին համար։ Ո՛չ մտրակ ունէր ձեռքը, ոչ ալ ատրճանակ՝ կողքին։ Նայուածքը, իր նայուածքը միայն, երկու կարճ խօսքով եւ կէս-ժպտուն, կէս-խոժոռ, ամբողջէութեամբ կը սարսէր դիմացինը։
      
       *
      
       …Միշտ արկածալի ճամբաներու վրայ, եւ յեղափոխական յորձանքի մէջ, Թուրքիոյ խորերը, լերան մը կողքին, աշխարհէ կտրուած գիւղերու մէկ անկիւնը, - մեր աննման Ռոստոմը ազատ մնաց բոլոր փորձանքներէն, եւ շիջեցաւ… անկողնի մէջ։ Զոհ՝ համաճարակի մը, որ հազարաւորներ կը հնձէր, հայկական անկախութեան արշալոյսին, որ, աւելի վերջը, անդարձ տարաւ նաեւ Արամը։
       Զինքը կորսնցուցինք- ինչպէս եւ Արամը, Մուրատը եւ ուրիշներ- ճիշդ ա՛յն պահուն, երբ ճրագով կը փնտռուէին նման տիպարները, հայկական պատմութեան նոր անիւը առաջնորդելու համար։
       Ի՞նչպէս պիտի լեցնենք ահաւոր պարապը, ընկերնե՛ր։ Բաց մը որ կը թուագրուի 1915Ապրիլ 11էն, եւ կ’երկարի ու կ’երկարի՜…
       Ռոստոմները- ինչպէս բոլոր անոնք որ ցանեցին ու գացին, զարկին ու զարնուեցան- չեն հանգստանար ո՛չ ողբուկոծով, ոչ ալ խժալուր փոխասացութեամբ։
       Յեղափոխական թափ, այլ մանաւանդ հասուն ու յարատեւ աշխատանք, ի հարկին փոթորիկներ յարուցանելով։
       Ահա ինչ որ պիտի թելադրէր Ռոստոմը։
      
       20Յունուար 1929