Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԿԱՆՉԷ’ ԿՌՈՒՆԿ, ԿԱՆՉԷ…
      
       Աւելի մօտ, հէ՜յ քաղքցիներ, աւելի մօտ ցիրուցան բազմութիւններու։
       Մանաւանդ այս ափերուն վրայ, ուր աչքերը այնքան շուտ կը շլմորին, ոտքերը սահեցնելով փողոցէ փողոց։
       Աւելի մօտ այն հազարեակներուն կամ հարիւրեակներուն որոնք, ահա տասնըհինգ տարիէ ի վեր լոյսի կը սպասեն։ Կը հեւան հարազատ շունչի մը կարօտէն։
       Հարկ է աւելի մօտենալ։ Մտերմանալ։ Հետեւիլ ու սերտել։
       Այո, մանաւանդ հետեւիլ ու սերտել։
       Չենք ուզեր վայբերան կանչեր արձակել։ Բայց, ո՞վ պիտի համարձակէր ծածկել տարիներուն ցանծ աւերը։
       Հազարաւոր աչքեր հետզհետէ կը հեռանան հայկական հորիզոնէն։
       Ու դարձեալ հազարաւոր թեւեր որ կրնային ինքնապաշտպանութեան կուռ եւ ծաւալուն ցանց մը կազմել, կը գրկեն ոչ թէ մայր բունը, այլ գօտիներ կպչուն եւ լպրծուն։
       Բանաստեղծութիւն չէ որ կը փորձենք։
       Պիտի ջանանք ապացուցանել, իր կարգին, շարք մը երեւոյթներ, որոնք չեն կրնար պարտկուիլ աւետաբեր հաւաստիքներով։
       Կը հալի՜ն, կը նօսրանան, կ’ուծանան, - մինչեւ անգամ այն բազմութիւնները որոնք ջերմութեան ու հաւատքի կայծ մը բերած էին իրենց հետ, երբ առաջին անգամ ոտք նետեցին այս ափերուն վրայ։
       Կը յօրանջեն, կը հառաչեն, կը քրթմնջեն ուրիշ բազմութիւններ, որոնք այդ կայծը վառեցին այստեղ, յանուն «Հայաստանի լուսապայծառ իրականութեան» եւ ուրիշ սփոփանքներու։
       Եւ ըսէի՞նք թէ նահանջականութեան անփառունակ ճամբուն վրայ, ամէնէն հոծ բազմութիւնը կը կազմեն երիտասարդներ, - անշուշտ անոնք որ կը նախընտրեն ապրիլ առանց դաւանանքի։
       Հեռո՜ւ մեզմէ որեւէ ձգտում՝ սեւցնելու պատկերը։
       Ընդհակառակն։ Մեր աչքին առջեւ նոյնքան ուժգնութեամբ կը պարզուի լոյսը, ինչպէս ստուերը։ Մենք բնազդաբար կ’ըմբոստանանք լալկան տրամադրութիւններուն դէմ, որդարերով գլուխը կախ հօտի մը վերածեր է ստուար բազմութիւններ։
       Հարկ է հակազդել Արեւելքին փոխադրուած, կոշկոռ կապած այդ ունակութեան։ Հարկ է թարմացնել, պայծառացնել հոգիները։ Հարկ է զարկ տալ կենսուրախ տրամադրութեանց։
       Այս չի նշանակեր լոյսը խտացնել եւ ստուերը անտեսել։
       Ոչինչ կը շահինք, մէկ ծայրայեղութենէն միւսը գլորելով։
       Ոչ լաց ու կոծ- «մեռանք-կորանք»- ոչ ալ միականի լաւատեսութիւն։ Այլ ճիգ մը իրականութիւնը տեսնելու այնպէս ինչպէս որ կայ, ինչպէս որ կ’ընթանայ։
       Առանց այս տարրական պարտականութեան, որ կը նշանակէ տեսնել ու վերլուծել, ապա ուրեմն տրամաբանել ու գործել, - մենք արդէն խրած կ’ըլլանք դէպի անծանօթը։
       Կը թուի թէ քիչեր կ’ըմբռնեն այս վտանգը։ Իսկ այդ քիչերը կը գտնուին կազմակերպուած հոսանքներու մէջ կամ անոնց բոլորտիքը։
       Նոյնիսկ անոնց մէջ պակաս չեն թուլութեան ախտանշաններ։ Ամէն պարագայի մէջ, եղածով գոհանալու կամ եղածը մաշեցնելու տրամադրութիւններ։
       Պէտք է բարձրաձայն ազդարարել եւ յիշեցնել ամէն տեղ, - անբաւական է ինչ որ ունինք, իբրեւ ազդակ ինքնապաշտպանութեան։ Իբրեւ կազմակերպուած համրանք եւ թիկունք։
       Այս հարցը դրած ատեն, մենք նկատի ունինք բոլոր կազմակերպութիւններն ու միութիւնները։ Այլեւս իւրաքանչիւրին կը մնայ դատել իր ուժն ու սպառումը։ Իր «մուտք»ն ու «ելք»ը։
       Բուն կուսակցական գետնի վրայ, ի՜նչ խօսք որ նորէն իրական գերակշռութիւնը կ’իյնայ Դաշնակցութեան։ Ե՛ւ իբրեւ համրանք, ե՛ւ իբրեւ բարոյական ազդակ։
       Բայց այս պարագան իսկ ոչ թէ սնապարծութիւն, այլ մտահոգութիւն պէտք է պատճառէ մեր ընկերներուն։ Առաջինէն մինչեւ վերջինը։
       Եթէ կը հաւատանք մեր գերին եւ ուժին, կը նշանակէ թէ այսօր շատ աւելի ծանր է մեր պատասխանատուութիւնը։
       Մանաւանդ որ, շատ բան փոխուած է մեր շուրջը։ Եւ կը փոխուի ամէն օր։
       Եթէ կարենայինք միայն այդ փոփոխութեանց իմաստն իմանալ, ո՜րքան լայն պիտի բացուէր մերճամբան, բազմապատկուելու համար։ Ոչ միայն այստեղ, այլեւ ամէն տեղ։
       Ինչ որ ունինք իբրեւ դաւանանք, կ’արժէ այնքան որքան կազմակերպուած ուժ ունինք։ Այլ մանաւանդ խանդավառութիւն եւ ինքնագործունէութիւն։
       Արդէն «շրջանաւարտներ» կան բոլոր ճակատներու վրայ։ Ամէնէն հեռաւոր անկիւնը։ Եւ գործեր, պարտականութիւններ որ գուրգուրանքի, աշխատանքի կը կարօտին։
       Եթէ մեզի կ’իյնայ միշտ եւ ամէն տեղ յիշեցնել «Կանչէ կռունկ»ը այդ չի նշանակեր թէ մեր ջիղերը պիտի թմրին միայն երգելով եւ հառաչելով, եւ յետոյ հեռաւոր սուրբերու կամ հրաշքներու սպասելով։
       Փորձենք երգը վերածել իր բուն իմաստին.
       Կանչէ՜ կռունկ, կանչէ, քանի գարուն է…
      
       Ա՜հ, հաւատալ, գործել։ Գործե՜լ, քանի գարուն է։ Վաղը շատ ուշ մնացած կ’ըլլանք։
       Եւ ատոր համար ալ, աւելի ու աւելի մօտենալ տարագիր բազմութիւններուն։ Դառնալ աւելի խանդավառ ու վճռական։
       Ու կազմակերպուիլ, կազմակերպուիլ։ Բոլոր ճակատներու վրայ։
      
       18 Յուլիս 1937