121)
ԳԼՈՒԽ
Բ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ
ԿԱՆՈՆՔ
ԺՈՂՈՎՈՑ
ԵՒ
ԽՈՐՀՐԴՈՑ
Յօդ.
85.
Ամէն
ժողով
եւ
խորհուրդ
պիտի
ունենայ
ատենական
դիւան
մը,
որ
կը
բաղկանայ
մէկ
ատենապետէ,
մէկ
ատենադպրէ
եւ
երբեմն
նաեւ
ատենապետէ
եւ
ատենադպրի
փոխանորդներէ:
Ասոնց
ամենն
ալ
հարկաւ
ժողովոյ
անդամներէն
պիտի
ըլլան:
Ատենական
դիւանը
տարին
անգամ
մը
կը
նորոգուի,
եւ
անդամներն
անմիջապէս
վերընտրելի
են:
Յօդ.
86.
Առանց
մեծագոյն
մասի
ներկայութեան
ատեան
չը
կրնար
կազմուիլ:
Յօդ.
87.
Խնդիր
մը
լաւ
քննուելէն
եւ
անոր
վրայ
ներկայ
ժողովականաց
կարծիքը
հասկացուելէն
վերջը,
քուէ
կը
դրուի
եւ
ձայնից
առաւելութեամբ
որոշում
կը
տրուի:
Երբ
ձայնից
հաւասարութիւն
պատահի,
եթէ
նախագահը
ներկայ
է՝
անոր
կարծեաց
կողմը
կը
հակի
որոշումը.
եթէ
ոչ՝
ատենապետին
կողմը:
Յօդ.
88.
Խառն
ժողովոյ
մէջ
քննուած
որ
եւ
է
խնդրոյ
որոշում
տրուելու
համար,
պէտք
է,
որ
երկու
ժողովները
զատ
քուէարկութիւն
ընեն:
Երբ
երկուքին
ալ
մեծագոյն
մասը
միեւնոյն
որոշումը
ըրած
ըլլայ,
խնդիրը
լուծուած
է,
իսկ
եթէ
որոշումնին
տարբեր
ըլլայ,
կարծեաց
անհամաձայնութիւն
կը
համարուի
եւ
հետեւաբար
խնդրոյն
որոշումը
ընդհանուր
ժողովին
կը
ձգուի:
Խառն
ժողովը
օրինաւորապէս
գումարուած
համարուելու
համար,
պէտք
է,
որ
ժողովոց
երկուքին
ալ
մեծագոյն
մասը
ներկայ
գտնուին:
Յօդ.
89.
Ընդհանուր
ժողով
գումարուելէն
գոնէ
վեց
օր
առաջ
պէտք
է,
որ
պատրիարքարանի
կողմէն
հրաւիրանաց
գրեր
յուղարկուին
անդամներուն: