112)
ԵԼԵՒՄՏԻՑ
ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ
Յօդ.
49.
Ելեւմտից
հոգաբարձութիւնը
կը
բաղկանայ
եօթն
հաշուագէտ
անձինքէ,
զոր
քաղաքական
ժողովը
կընտրէ
քուէից
առաւելութեամբ:
Ելեւմտից
հոգաբարձութեան
պաշտօնն
է
ազգային
կեդրոնական
սնդուկին
տնտեսութիւնն
ու
համարակալութիւնը:
Այս
սնդուկին
մուտքն
են՝
ազգային
ընդհանուր
տուրք,
Կոստանդնուպօլսոյ
պատրիարքական
դիւանատան
հասոյթք,
եւ
առանց
մասնաւոր
տեղ
մը
որոշելու
ազգին
անուանը
եղած
կտակ
կամ
նուէր:
Ելքն
են՝
պատրիարքարանի
եւ
դիւանատան
սովորական
ծախք,
կեդրոնական
վարչութեան
ձեռքը
եղած
ազգային
հաստատութեանց
եւ
կարօտեալ
թաղերու
տրուելիք
նպաստ
եւ
զանազան
ուրիշ
պատահական
ծախք:
Ելեւմտից
հոգաբարձութիւնը
կը
հաւաքէ
ամէն
այս
հասոյթները,
եւ
իր
ձեռօք
կըլլան
յիշեալ
ծախքերը,
միշտ
տնտեսական
խորհուրդին
գիտութեամբը
եւ
քաղաքական
ժողովոյ
հաւանութեամբը:
Ելեւմտից
հոգաբարձութիւնը
պարտաւոր
է
իր
տնտեսութեան
յանձնուած
ազգային
սնդուկին
հաշիւը
տօմարակալութեան
կանոնաւ
կարգադրել,
եւ
որոշեալ
ժամանակներ
հաշուեցուցակ
ներկայացնել
տնտեսական
խորհուրդին,
որ
ստուգելով
եւ
վաւերացնելով
կը
հաղորդէ
ի
քաղաքական
ժողովոյն: