108)
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ
ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Յօդ.
45.
Ուսումնական
խորհուրդը
եօթն
ուսումնական
աշխարհականներէ
կը
բաղկանայ:
Ուսումնական
խորհրդոյն
պաշտօնն
է`
Հայոց
ազգին
դաստիարակութեան
եւ
կրթութեան
ընդհանուր
տեսչութիւնը:
Իր
պարտաւորութիւնքն
են`
ազգային
վարժարանաց
բարեկարգութեանը
հսկել,
թէ
մանչ
եւ
թէ
աղջիկ
տղայոց
դաստիարակութեանը
հոգ
տանելու
նպատակաւ
հաստատուած
ընկերութիւններուն
խրախոյս
տալ
եւ
ձեռընտու
ըլլալ,
դպրատանց
դաստիարակներուն
կացութիւնը
լաւցունելու
եւ
ապագայն
անդորրելու
խնամ
տանել,
ազգին
մէջ
յաջողակ
եւ
քաջահմուտ
դասատուներ
հասցունելու,
եւ
դպրոցական
դասագիրքեր
պատրաստելու
ջանք
եւ
փոյթ
ունենալ:
Ուսումնական
խորհուրդը
Ազգային
վարժարանաց
մէջ
ուսմունքնին
լրացունող
աշակերտաց
վկայական
կուտայ,
ուսմանց
դասագիրքերը
կորոշէ,
եւ
տարեկան
քննութիւնները
կը
կատարէ:
Իսկ
կրօնական
ուսմանց
համար
կրօնական
ժողովին
կը
դիմէ,
վասն
զի
այս
ժողովը
կորոշէ
կրօնական
գիտութեանց
դասագրքերը
եւ
դասատուները,
քննութիւնները
կընէ
եւ
վկայականը
կուտայ: