Հայոց եկեղեցական իրաւունքը. Ա Գիրք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

120)   ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԻՒՆ

 

Յօդ. 72. Ընտրողաց ցանկին բացուելէն շաբաթ մը ետքը՝ կիւրակէ առաւօտ, ժամերգութեան աւարտմանէն ետքը. թաղական խորհրդարանի մէջ քուէարկութեան կսկսուի սապէս:

 

Թաղական խորհրդոյ նախագահը՝ ընտրողաց ցանկը ձեռքն առած կը կանչէ ընտրողները, որք ընտրողաց ցանկին մէջ՝ իրենց անուան առջեւ ստորագրելէն վերջը, քանի երեսփոխան ուզուած է նէ՝ այնքան անձանց անուն թղթի մը վրայ կը գրեն վերեւն ի վար կարգաւ, եւ ամէն մէկ անուան առջեւ մականուն, բնակութիւն եւ արուեստ նշանակելով՝ թուղթը կը ծալլեն եւ յատկապէս պատրաստուած քուէտուփին մէջ կը ձգեն: Իսկ եթէ ընտրողք պատճառաւ իւիք չը կրնան գալ խորհրդարան, ստորագրեալ նամակաւ մը քուէնին կուղարկեն:

 

Յօդ. 73. Քուէարկութիւնը գաղտնի է, ուստի պէտք է, որ քուէարկուք առանձին գրեն իրենց քուէթուղթը, որպէս զի ուրիշ մը չը կրնայ տեսնել գրած անունները:

 

Յօդ. 74. Քուէարկութիւնը սկսած օրը պէտք է լմննայ: Ընտրողներէն ո՛վ որ իր քուէն նոյն օրը չը ներկայացունէ, ետքը բողոքելու իրաւունք չունի:

 

Յօդ. 75. Ոչ ոք պիտի կարենայ միանգամայն երկու թաղի մէջ քուէ տալ:

 

Յօդ. 76. Ընտրութեան մասին միացեալ թաղերը եւ թեմերը՝ եթէ իրարու մօտ ըլլան, ընտրողները մէկ տեղ ժողովուելով քուէարկութիւն կընեն: Իսկ եթէ իրարմէ հեռի ըլլան՝ իւրաքանչիւր թաղ կամ թեմ զատ քուէարկութիւն կընէ, եւ ետքը երկու կողման քուէարկութեանց արդիւնքը կը միացունեն:

 

Յօդ. 77. Քուէարկութիւնը կատարուելէն ետքը, նոյն օրը միեւնոյն նիստի մէջ՝ թաղական խորհուրդին առջեւ քուէտուփը կը բացուի, եւ այս բանիս համար որոշուած քննիչները քուէներն համրելով, քուէարկուաց թուոյն հետ կը   բաղդատեն:

 

Եթէ տարբերութիւն գտնուի, եւ թաղական խորհուրդը խարդախութեան կասկած ունենայ, մինչեւ առաջիկայ կիրակի՝ միւս օր մը նորէն քուէարկութիւն ընել կորոշուի:

 

Նմանապէս՝ եթէ ուզուած երեսփոխանաց թիւը առաջին անգամին չը լցուի, մնացածին համար երկրորդ անգամ քուէարկութիւն կըլլայ միւս օր մը:

 

Յօդ. 78. Եթէ պատահի, որ քուէարկուներէն մէկը պէտք եղածին աւելի թուով անուն գրած ըլլայ իր քուէաթուղթին մէջ, նոյն թիւէն վերջը եկած անունները անընդունելի են, նմանապէս անվաւէր կը համարուին այն քուէթուղթերը՝ որոց մէջ գտնուած անունները վերէն ի վար կարգաւ գրուած չեն:

 

Յօդ. 79. Քուէարկուաց թուոյն կէսէն աւելի քուէ ստացողներուն մէջէն՝ առաւելագոյն  ստացող անձինք՝  երեսփոխան  ընտրուած  են Եւ  եթէ  երկու անձանց հաւասար քուէ տրուած ըլլայ, երիցագոյնը ընտրեալ է:

 

Յօդ. 80. Եթէ առաջին անգամ քուէարկութեամբ առաւելութիւն չստացուի, թաղական խորհուրդը, կծանուցանէ առաւելագոյն քուէ ստացող երկու անձանց անունները, եւ երկրորդ քուէարկութիւնը օրինաւորապէս այն երկու անուանց վրայ կըլլայ:

 

Յօդ. 81. Ամէն թաղական խորհուրդ՝ իր թաղէն ընտրուած երեսփոխանաց անունները Պատրիարքին կը ներկայացունէ մասնաւոր տեղեկագրով մը. որուն մէջ պէտք է ճշտիւ նշանակուած ըլլայ ընտրեալներուն անունը, մականունը, բնակութիւնը, արհեստը, եւ քուէարկութեան բոլոր պարագայները:

 

Պատրիարքը այս տեղեկագիրը կը ներկայացունէ քաղաքական ժողովին, որ զանոնք քննելով` կը ստուգէ երեսփոխանաց ընտրելութեան պայմանները:

 

Այսպէս ստուգուելէն ետքը, Պատրիարքը պաշտօնական կերպիւ կը ծանուցանէ երեսփոխանաց ամէն մէկուն ըստ օրինի ընտրութիւնը եւ կը հրաւիրէ զանոնք ընդհանուր ժողովոյ ատեան կազմել որոշեալ օր մը:

 

Յօդ. 82. Ընդհանուր ժողովը իր առաջին նիստին մէջ՝ քաղաքական ժողովին քննած տեղեկագրերը մտիկ ընելով եղած ընտրութիւնները եւ երեսփոխանաց իշխանութիւնը կը վաւերացունէ, որով ընդհանուր ժողովը ըստ օրինի կազմուած կըլլայ:

 

Ընդհանուր ժողով կրնայ գումարուիլ, երբ Կոստանդնուպօլսոյ երեսփոխանաց մեծագոյն մասը ընտրուած ըլլայ, առանց սպասելու գաւառական երեսփոխանաց ընտրութեան վախճանին՝ որոց լուրը մէկ կողմէն Կոստանդնուպօլիս հասնելու վրայ կըլլայ:

 

Յօդ. 83. Եթէ մէկը քանի մը թաղերու կամ գաւառներու կողմէն ընտրուած ըլլայ, ինք կորոշէ որ թաղին կամ որ գաւառին երեսփոխանութիւն ընդունելը, եթէ ինք չուզէ որոշել, ընդհանուր ժողովը վիճակաւ կորոշէ:

 

Յօդ. 84. Երեսփոխանաց անուան ցուցակը ընդհանուր ժողովոյ սրահին մէջ կախուած պիտի մնայ՝ այբուբենի կարգաւ շինուած, եւ իւրաքանչիւր անուան առջեւ պիտի նշանակուի հրաժարում, վախճանում եւ այլ ինչ որ պատահի:

 

Այս ցուցակը երկու տարին անգամ մը պիտի նորոգուի: