Հայոց եկեղեցական իրաւունքը. Ա Գիրք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

117) ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱՑ

 

Յօդ. 63. Կոստանդնուպօլսոյ մէջ գտնուող բոլոր եկեղեցականք՝ Պատրիարքի հրաւիրանօք ապրիլ ամսոյ վերջը որոշեալ տեղ մը կը գումարուին, եւ գաղտնի քուէարկութեամբ ու քուէից բացարձակ առաւելութեամբ ազգային ընդհանուր ժողովոյ եկեղեցական անդամները կընտրեն թէ եպիսկոպոսներէն, թէ վարդապետներէն եւ թէ քահանաներէն, բայց պէտք է որ ընտրելիք՝ դուրսերը պաշտօն չունենան եւ հասակաւ երեսուն տարին լրացուցած եւ գոնէ հինգ տարի առաջ ձեռնադրուած ըլլան եւ որ եւ է դատաստանի տակ չը գտնուին:

 

Յօդ. 64. Եկեղեցական երեսփոխանաց պաշտօնը տասն տարի կը տեւէ, եւ երկու տարին անգամ մը հինգերորդ մասը փոխուելով կը նորոգուի:

Այս հինգերորդ մասը առաջին ութ տարիներուն մէջ վիճակաւ պիտի որոշուի եւ հանուի, եւ թէ վիճակաւ ելած եւ թէ տասնամեայ պաշտօնը լրացուցած  անդամները  անմիջապէս  վերընտրելի  են: