Հայոց եկեղեցական իրաւունքը. Ա Գիրք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

124) ԳԼՈՒԽ Ե ՎԵՐԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

 

Յօդ. 99. Ազգային Սահմանադրութեան հիմնական սկզբունքը անփոփոխելի են: Բայց երբ փորձառութեամբ՝ ինչ-ինչ տրամադրութեանց փոփոխութիւնը հարկաւոր դատուի, ընդհանուր ժողովը Սահմանադրութեան հաստատութենէն հինգ տարի ետքը վերաքննութեան յանձնաժողով մը կը կազմէ կրօնական եւ  քաղաքական ժողովներէն`  երեքական անդամ, չորս  տեսուչ խորհուրդներէն` երկերկու անդամ եւ ասոնցմէ զատ, ընդհանուր ժողովոյ մէջէն կամ դրսէն` վեց հոգի, ընդամենը` քսան անդամ ընտրելով: Այս յանձնաժողովը կը սահմանէ հարկաւոր դատուած փոփոխութիւնները, որ ընդհանուր ժողովը վաւերացնելէն ետքը Բարձրագոյն Դրան կը ներկայացուին եւ Կայսերական հրամանին համեմատ կը գործադրուին: