Հայոց եկեղեցական իրաւունքը. Ա Գիրք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼՈՒԽ Գ
 

122) ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՈՒՐՔ

 

Յօդ. 90. Ամէն ազգային անհատ, որ չափահաս է եւ վաստակ ու շահու տէր, պարտական է տրօք մասնակից ըլլալ ազգային ծախուց:

 

Այս տուրքը տարեկան է, եւ բաշխման հիմն կը բռնուի իւրաքանչիւր անհատի կարողութիւնը:

 

Յօդ. 91. Ազգային տուրքը երկու տեսակ է, մէկը ընդհանուր՝ որ ընդհանուր ծախուց յատկացեալ է եւ կը հաւաքուի պատրիարքարանի կողմէն, ազգային կեդրոնական սնդուկին համար, եւ միւսը մասնաւոր՝ որ իւրաքանչիւր թաղի մասնաւոր ծախուց յատկացեալ է եւ կը հաւաքուի թաղական խորհրդոց կողմէն թաղական սնդուկներուն համար:

 

Յօդ. 92. Կոստանդնուպօլսոյ մէջ ընդհանուր տուրքի բաշխման եւ հաւաքման եղանակը՝ քաղաքական ժողովին մէջ կորոշուի եւ ընդհանուր ժողովով կը հաստատուի: Իսկ մասնաւոր տուրքը՝ ամէն թաղ իր խորհրդոյ մէջ կորոշէ եւ կը հաստատէ:

 

Սոյնպէս կը տնօրինուին նաեւ գաւառներուն մէջ գաւառական ընդհանուր տուրքն ու թաղական մասնաւոր տուրքը:

 

Յօդ. 93. Գաւառներուն կողմէն ազգային պատրիարքարանի սնդուկին տրուելու մինչեւ ցարդ սովորութիւն եղած տուրքին բաշխման եւ հաւաքման

եղանակը՝ ընդհանուր ժողովը պիտի որոշէ, եւ Բարձրագոյն Դրան հաճութեամբը պիտի գործադրուի: