118)
ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ
ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՆ
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱՑ
Ա.
Ընտրողութեան
եւ
ընտրելութեան
պայմանք
Յօդ.
65.
Ընտրողական
իրաւանց
հիմն
կը
բռնուին
ազգային
տուրքը
եւ
անձնական
արժանիքը:
Ազգային
տուրքը
ընտրողութեան
իրաւունք
տալու
համար,
պէտք
է
որ
ընտրողը
գոնէ
եօթանասուն
ու
հինգ
ղուռուշ
ընդհանուր
տուրք
վճարէ:
Ընտրողութեան
անձնական
արժանեօք
իրաւունք
ունեցողներն
են՝
Արքունի
դիւաններուն
եւ
Տէրութեան
ուրիշ
պաշտօններուն
մէջ
գտնուողները,
վկայեալ
բժիշկները,
օգտակար
գրքերու
հեղինակները,
դպրատանց
ուսուցիչները
եւ
ազգին
օգտակար
ծառայութիւններ
մատուցած
անձինք:
Յօդ.
66.
Ընտրողութեան
իրաւունք
ունին
քսան
ու
հինգ
տարին
լրացուցած
անձինք,
սակայն
ընտրողք
հարկ
է
որ
Օսմանեան
Տէրութեան
հպատակ
ըլլան:
Յօդ.
67.
Ընտրելու
իրաւունքէն
դատաստանապէս
զրկեալ
են
հետեւեալ
չորս
դաս
անձինքը:
Ա.
Քրէական
յանցանօք
դատապարտեալները,
որոնք
ըստ
պատժական
օրինաց
տէրութեան՝
քաղաքականապէս
մեռեալ
կը
համարուին:
Բ.
Ազգային
գործոց
մատակարարութեանը
մէջ
նենգութեամբ
բռնուած,
եւ
ազգային
ժողովներէն
մէկուն
կողմէն
դատապարտուած
անձինք,
որոց
համար
ազգային
գործերու
մէջ
չը
գործածուիլը
վճռուած
ըլլայ
դատող
ժողովին
կողմէն:
Գ.
Տէրութեան
դատարաններուն
կողմէն
զգաստացուցիչ
պատիժ
կրողները,
որոց
պատժոյն
պայմանաժամը
դեռ
լրացած
չէ:
Դ.
Խելագարութեան
պատճառաւ
անբաւական
դատեալները,
որոնց
կատարելապէս
առողջացեալ
ըլլալը
օրինաւոր
կերպիւ
հաստատուած
չըլլայ:
Յօդ.
68.
Ընտրելի
են
ազգին
այն
ամէն
անհատները,
որոնք
երեսուն
տարին
լրացուցած
ըլլալով,
Օսմանեան
հպատակ,
Տէրութեան
օրինացը
տեղեակ
եւ
ազգային
գործոց
հմուտ
են
եւ
ընտրողութեան
իրաւունքէն
ըստ
67-րդ
յօդուածոյ
զրկուած
չեն:
Բայց
Կոստանդնուպօլսոյ
թաղերուն
կողմէն
ընտրուելիք
ութսուն
երեսփոխանաց
գոնէ
եօթը՝
աստիճանաւոր
անձինք
ըլլալու
են: