114)
ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ
ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ
Յօդ.
51.
Հիւանդանոցի
հոգաբարձութիւնը
կը
բաղկանայ
ինն
անձինքէ,
զոր
քաղաքական
ժողովը
կընտրէ
քուէից
առաւելութեամբ:
Ասոնք
երկուքը
վկայեալ
բժիշկ
պիտի
ըլլան:
Հիւանդանոցի
հոգաբարձութեան
պաշտօնն
է՝
ազգային
հիւանդանոցը
եւ
անոր
սեպհական
կալուածներն
ու
եկամուտները
տնտեսել,
եւ
անոնց
հասոյթովն
ու
ազգային
սնդուկին
նպաստիւը
մատակարարել
զայն:
Այս
հաստատութիւնը
չորս
շրջանակի
բաժանուելով,
մէկը՝
աղքատիկ
հիւանդները
դարմանելու,
երկրորդը՝
ծեր
եւ
անկար
աղքատները
պատսպարելու,
երրորդը՝
խելագարները
խնամելու
եւ
չորրորդը՝
որբ
եւ
անտերունջ
տղաքը
դաստիարակելու
պիտի
յատկանան:
Այս
շէնքին
կարգադրութիւնն
ու
տնտեսութիւնը
բժշկական
եւ
առողջապահիկ
կանոնաց
համեմատ
պիտի
տնօրինուին:
Հիւանդանոցի
հոգաբարձութիւնը
այս
հաստատութեան
տնտեսութեան
մասին՝
տնտեսական
խորհուրդին,
եւ
դաստիարակութեան
մասին՝
ուսումնական
խորհուրդին
պատասխանատու
է,
եւ
սոյն
խորհրդոց
որոշեալ
ժամանակներ
համար
պիտի
տայ
իր
գործողութեանց
վրայ: