ԳԼՈՒԽ
Դ
123)
ԱԶԳԱՅԻՆ
ԳԱՒԱՌԱԿԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Յօդ.
94.
Առաջնորդը
գաւառական
ժողովոց
նախագահն
է
եւ
անոնց
գործադիր
իշխանութիւնը
կը
վարէ:
Իր
պարտաւորութիւնն
է`
գաւառին
մէջ
ազգային
Սահմանադրութեան
գործադրութեանը
հսկել:
Յօդ.
95.
Առաջնորդը
չպիտի
կարենայ
վանքերուն
մէջ
բնակութիւն
հաստատելով՝
պաշտօնին
տեղէն
հեռանալ,
այլ
գաւառին
գլխաւոր
քաղքին
մէջ
ազգային
առաջնորդարանը
պիտի
բնակի,
ուր
կը
գումարուեն
եւ
գաւառական
ժողովները:
Երբ
առաջնորդ
մը
միանգամայն
եւ
վանահայր
ըլլայ,
եթէ
վանքը
միայն
մէկ
օրուան
ճամբայ
հեռի
է
առաջնորդանիստ
քաղաքէն՝
կրնայ
երկու
պաշտօնն
ալ
մէկտեղ
վարել`
երբեմն
վանքին
այցելութիւն
ընելով:
Բայց
եթէ
հեռաւորութիւնը
օրուան
մը
ճանապարհէ
աւելի
ըլլայ,
պէտք
է,
որ
վանքին
մէջ
իրեն
փոխանորդ
կարգելով,
ինք
քաղաք
բնակի:
Սակայն
հարկ
եղած
ժամանակը
իր
վիճակին
ամէն
կողմը
այցելութեան
կրնայ
երթալ:
Յօդ.
96.
Կոստանդնուպօլսոյ
մէջ
եղածին
նման՝
գաւառներուն
մէջ
ալ
ամէն
թաղ
պիտի
ունենայ
թաղական
խորհուրդ
մը,
թաղական
սնդուկ
մը
եւ
թաղական
դիւանատուն
մը:
Նմանապէս
առաջնորդանիստ
քաղաքին
մէջ
պիտի
հաստատուին
կրօնական
եւ
քաղաքական
ժողովներ:
Եւ
քաղաքական
ժողովին
տնօրէնութեանը
տակ՝
գաւառչական
սնդուկ
մը:
Նաեւ
առաջնորդարանի
մէջ
գաւառական
դիւանատուն
մը
հաստատուելով,
առաջնորդական
վիճակին
բոլոր
ժողովրդոց
թաղական
ազգահամարի
տումարները
հոն
պիտի
ժողովվին,
եւ
գաւառական
ընդհանուր
ազգահամար
պիտի
կազմուի:
Յօդ.
97.
Առաջնորդի
ընտրութիւնը՝
նոյն
եւ
նման
Պատրիարքի
ընտրութեան,
գաւառական
ընդհանուր
ժողովով
կըլլայ,
եւ
ընտրութեան
տեղեկագիրը
տեղւոյն
խառն
ժողովոյն
միջոցաւ
Պատրիարքին
կուղարկուի:
Պատրիարքը
կեդրոնական
վարչութեան
խառն
ժողովոյ
համահաճութեամբը
կանուանէ
զառաջնորդը
եւ
Բարձրագոյն
Դրան
իմաց
տալով`
պաշտօնական
հրամանագիրը
կընդունի:
Յօդ.
98.
Գաւառական
ժողովները
կեդրոնական
վարչութեան
ժողովներուն
վերաբերեալ
տրամադրութեանց
համեմատ
պիտի
կազմուին,
եւ
պաշտօննին
ու
պարտաւորութիւննին
նոյն
եւ
նման
են:
Բայց
գաւառական
ժողովներուն
անդամոց
թիւը՝
իւրաքանչիւր
վիճակի
համար
միանգամ
պիտի
սահմանուի`
ամէն
մէկ
գաւառի
բնակչաց
թուոյն
համեմատութեամբ:
Մինչեւ
որ
ազգային
տուրքը
գաւառներուն
մէջ
օրինաւոր
կերպիւ
հաստատուի,
Տէրութեան
առաջին,
երկրորդ
եւ
երրորդ
աստիճանի
տուրք
տուող
անձինք
միայն
պիտի
ընտրեն
գաւառական
ընդհանուր
ժողովոց
անդամները:
Եւ
այս
ժողովներուն
կազմութեան
կերպը՝
իւրաքանչիւր
վիճակի
բնակչաց
թուոյն
նայելով,
կեդրոնական
վարչութիւնը
պիտի
որոշէ`
առաջնորդաց
հետ
խորհրդակցելով: