Հայոց եկեղեցական իրաւունքը. Ա Գիրք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

105) Գ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲՈՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ

 

  Յօդ. 17. Երուսաղէմի Պատրիարքը Ս. Յակոբայ Աթոռոյն ցկեանս գահակալն է, միանգամայն Հայոց ազգին սեպհական Երուսաղէմ գտնուած ուխտատեղիներուն տնօրէնն ու Ս. Յակոբայ վանուց միաբանութեան նախագահն  է:

Իր պարտաւորութիւնն է Ս. Երուսաղէմի վանուց կանոնագրին տրամադրութեանց համեմատ վարուել, եւ անոր բարւոք գործադրութեանը հսկել:

 

Յօդ. 18. Եթէ Ս. Երուսաղէմի Պատրիարքը Ս. Երուսաղէմի վանուց կանոնագրին հակառակ վարուի, ամբաստանութեան տակ կընկնի:

 

Յօդ. 19. Պատրիարքին վրայ ամբաստանութիւն կրնայ ըլլալ կամ յիշեալ միաբանութեան կողմէն եւ կամ Կոստանդնուպօլսոյ կրօնական եւ քաղաքական ժողովոյ կողմէն:

Այսպիսի պարագայի մէջ՝ ազգային ընդհանուր ժողով կը գումարուի: Եւ եթէ եղած ամբաստանութիւն քննուելով՝ հիմնաւոր ըլլալը ստուգուի, ընդհանուր ժողովը՝ վեցերորդ յօդուածին մէջ Կոստանդնուպօլսոյ Պատրիարքին վերաբերեալ տրամադրութեանց համեմատ՝ ըստ պահանջման իրեն, կամ ի կանոնապահութիւն կը հրաւիրէ զՊատրիարքն մասնաւոր բողոքագրով, եւ կամ կը պարտաւորէ զայն  հեռանալ  պատրիարքական աթոռէն եւ  անոր պաշտօնը կը յանձնէ տեղապահի մը՝ զոր ընդհանուր ժողովը գաղտնի քուէարկութեամբ կընտրէ միաբանութեան մէջէն:

 

Յօդ. 20. Երբ Ս. Երուսաղէմի Պատրիարքը վախճանի, միաբանութիւնը իւր մէջէն տեղապահ մը կընտրէ, եւ ազգային ժողովները կը հաստատեն զայն:

 

Յօդ. 21. Ս. Երուսաղէմի Պատրիարքը Կոստանդնուպօլսոյ ազգային ժողովներուն կողմէն կընտրուի: Բայց միաբանութիւնը իրաւունք ունի իր կարծիքը յայտնելու ընտրելեաց արժանաւորութեան աստիճանին վրայ՝ ներկայացման ցուցակաւ մը: Պատրիարքին վախճանելէն անմիջապէս ետքը՝ յիշեալ տեղապահը միաբանից ընդհանուր ժողով կը գումարէ: Այս ժողովը անուանց ցուցակ մը կը պատրաստէ՝ Կոստանդնուպօլսոյ Պատրիարքի ընտրութեան համար Կոստանդնուպօլսոյ եկեղեցական համագումար ժողովոցն ըրած կերպիւը, բայց պէտք է, որ միաբանութեան ներկայացունելիք

այս ցուցակը գոնէ եօթն ընտրելեաց անուն պարունակէ: Այս ցուցակը միաբանութեան կողմէն ստորագրեալ յայտագրով Կոստանդնուպօլսոյ պատրիարքարան կուղարկուի:

 

Յօդ. 22. Սուրբ Երուսաղէմի Պատրիարք ընտրուելու անձը գոնէ երեսուն եւ հինգ տարին լրացուած եւ ի ծնէ Օսմանեան Տէրութեան հպատակ, միաբանութեան եպիսկոպոսներէն կամ վարդապետներէն պէտք է ըլլայ, միանգամայն միաբանութենէն զատուած մէկը պէտք չէ ըլլալ:

 

Միաբանութենէն զատուած չեն համարուիր այն անձինքը, որ պատրիարքարանի ժողովոց կողմէն ազգային պաշտօնի մէջ գործածուած են՝ Երուսաղէմի Պատրիարքին հաւանութեամբ:

 

Յօդ. 23. Կրօնական եւ քաղաքական ժողովները խառն ժողով կազմելով, վերոյիշեալ ցուցակին մէջ յիշատակուած անձանց արժանիքը կը քննեն եւ երեք ընտրելի որոշելով անունները ընդհանուր ժողովոյն կը ներկայացնեն: Միաբանութեան կողմէն եկած ցուցակն ալ ընդհանուր ժողովոյ սրահին մէջ կախուած կըլլայ:

 

Ընդհանուր ժողովը ընտրելեաց վրայօք թէ միաբանութեան եւ թէ ազգային ժողովոց կարծիքը իմանալով, անոնց մէջէն կրօնից, ուսման եւ բարի վարուց նկատմամբ ամենէն աւելի արժանաւորութիւն ունեցող անձը կընտրէ գաղտնի քուէարկութեամբ եւ քուէից բացարձակ առաւելութեամբ:

 

Ընդհանուր ժողովոյ մէջ միաբանութեան կողմէն ներկայացուած ցուցակէն դուրս անձի վրայ քուէարկութիւն չը կրնար ըլլալ: