Հայոց եկեղեցական իրաւունքը. Ա Գիրք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

109) ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

 

 

Յօդ. 46. Տնտեսական խորհուրդը կը բաղկանայ եօթն տնտեսագէտ աշխարհականներէ, զորս քաղաքական ժողովը կընտրէ քուէից առաւելութեամբ:

 

Տնտեսական խորհրդոյն պաշտօնն է՝ Կ. Պօլսոյ մէջ գտնուած ազգային բոլոր հաստատութեանց եւ  անոնց կալուածներուն մատակարարութեան ընդհանուր տեսչութիւնը: Իւր պարտաւորութիւնն է՝ նոյն հաստատութեանց բարեկարգութեանը անխոնջ հսկել եւ հոգ տանել:

 

Տնտեսական խորհուրդը պէտք է հոգ տանի որ ամէն ազգային կալուած օրինաւոր կալուածագիր ունենայ: Թէ Կ. Պօլսոյ եւ թէ գաւառներու մէջ գտնուած ազգային անշարժ ստացուածոց կալուածագրերուն օրինակները տնտեսական խորհրդոյ ձեռօք ժողվուելով` պատրիարքարանի դիւանատան մէջ պիտի պահուին:

 

Ազգային որեւէ կալուածոյ գնումն ու վաճառումը չը կրնար տեղի ունենալ առանց տնտեսական խորհրդոյ գիտութեան, քաղաքական ժողովոյ հաճութեան եւ Պատրիարքի կնքով հաստատութեան:

 

Այս տրամադրութեանց ուժովը եկեղեցիներու միւթէվէլլիութիւն ըսուած բանը վերցուած է Հայոց ազգին համար:

 

Կ. Պօլսոյ եւ շրջակայից մէջ՝ ազգային որ եւ է շինութեանց կամ վերանորոգութեանց չը կրնար ձեռնարկուել, առանց գիտութեան տնտեսական խորհրդոյ եւ հաճութեան քաղաքական ժողովոյ:

 

Տնտեսական խորհուրդը՝ ազգային ելեւմտից, կտակաց եւ հիւանդանոցի հոգաբարձութիւններուն, նաեւ թաղական խորհուրդներուն մատակարարութեանը վրայ հսկողութիւն պիտի ընէ, եւ ասոնց ամէն մէկէն որոշեալ ժամանակներ  համար  պահանջելով քաղաքական ժողովոյն  պիտի  հաղորդէ:

 

Տնտեսական խորհուրդը տարեգլխէն երկու ամիս առաջ՝ յետագայ տարուայ մէջ ըլլալիք հասոյթն ու ծախքը ելեւմտից հոգաբարձութենէն ստուգելով, հաշուեկշիռը պիտի պատրաստէ եւ քաղաքական ժողովոյն ներկայացունէ: