Հայոց եկեղեցական իրաւունքը. Ա Գիրք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

116)   ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

 

Կազմութիւն եւ պարտաւորութիւն

 

Յօդ. 57. Ազգային ընդհանուր ժողովը հարիւր քառասուն երեսփոխաններէ կը բաղկանայ, որոնց՝

 

Ա. Մէկ եօթներորդ մասը, այսինքն քսանը, եկեղեցական երեսփոխանք են, զոր Կոստանդնուպօլսոյ մէջ գտնուող եկեղեցականք կընտրեն:

 

Բ. Երկու եօթներորդ մասը, այսինքն քառսունը, գաւառներէն գալիք ազգային երեսփոխանք են:

 

Գ. Չորս եօթներորդ մասը, այսինքն ութսունը, Կոստանդնուպօլսոյ թաղերէն ընտրուած երեսփոխանք են:

 

Յօդ. 58. Կրօնական եւ քաղաքական ժողովոց անդամները ընդհանուր ժողովին ներկայ կը գտնուեն. բայց եթէ երեսփոխան ընտրուած չեն՝ ընդհանուր ժողովին մէջ քուէ չունեն:

 

Յօդ. 59. Ընդհանուր ժողովը նիստ չը կրնար ընել՝ մինչեւ որ անդամոց մեծագոյն մասը, այսինքն գոնէ եօթանասունումէկ հոգի ներկայ չըլլայ:

 

Յօդ. 60. Ընդհանուր ժողովին պաշտօնն է՝ Պատրիարքը, կաթուղիկոսը եւ ազգին գլխաւոր պաշտօնատարները, եւ կրօնական ու քաղաքական ժողովոց անդամները ընտրել, ազգային ժողովոց վարչութեանը հսկողութիւն ընել, սոյն ժողովներուն վերաբերեալ, բայց իրենց ձեռնհասութենէն վեր համարուած գործերը որոշել եւ վճռել. եւ ազգային Սահմանադրութիւնը անխախտ  պահել:

 

Յօդ. 61. Ընդհանուր ժողովը կը գումարուի.

 

Ա. Ըստ վաղեմի սովորութեան` ամէն երկու տարին անգամ մը, ապրիլ ամսոյ վերջերը՝ ազգային վարչութեան երկամեայ ընթացքին տեղեկագիրը մտիկ ընելու, եւ ելեւմտական պաշտօնակալաց ձեռօք ժողվուած եւ ծախս եղած գումարներուն ընդհանուր հաշիւը տեսնելու եւ քննելու, կրօնական եւ քաղաքական ժողովոց բոլոր անդամները փոխելով՝ ուրիշներ ընտրելու, եւ յետագայ երկու տարուան մէջ ազգային տուրքը ինչպէս տնօրինուելիքը սահմանելու համար:

 

Սոյն երկ-տարեկան ժողովը սկսած օրէն մինչեւ երկու ամիս տեւելով իր նիստերը կը վերջացունէ:

 

Ընդհանուր ժողովոյ այս նիստերուն մէջ՝ միանգամայն ազգային վարչութեան ժողովներուն անդամ գտնուող երեսփոխանները ամէն խնդրոյ վրայ կրնան խօսիլ, բայց տուրքի եւ ընտրութեան խնդիրներէն զատ՝ ուրիշ խնդիրներու մէջ չեն կրնար քուէ տալ:

 

Բ. Կաթուղիկոսի ընտրութեան մասնակից ըլլալու համար:

 

Գ. Կոստանդնուպօլսոյ եւ Երուսաղէմի Պատրիարքները ընտրելու համար:

 

Դ. Կրօնական եւ քաղաքական ժողովոց մէջ, կամ Պատրիարքին ու ժողովոց մէջ պատահած անհամաձայնութիւնը բառնալու համար: Սոյն պարագայից մէջ՝ անհամաձայնութեան ենթակայ եղող կողմերը ընդհանուր ժողովոյ մէջ խօսք միայն ունին եւ ոչ քուէ:

 

Ե. Ազգային Սահմանադրութեան վերաքննութեանը համար:

 

Եւ վերջապէս այնպիսի խնդիրներու համար, որոց վրայ որոշում տալը ընդհանուր ժողովոյն կը վերաբերի:

 

Սակայն այս տեսակ արտաքոյ կարգի նիստերուն տեղի ունենալէն առաջ՝ ընդհանուր ժողովոյ գումարման պատճառը պատրիարքարանի կողմէն Բարձրագոյն Դրան իմաց տրուելով, անոր հաճութիւնը կառնուի:

 

Յօդ. 62. Պատրիարքը կը գումարէ ընդհանուր ժողովը, կրօնական եւ քաղաքական (մէկուն) ժողովոց մէկուն համահաճութեամբը եւ կամ նոյն իսկ ընդհանուր ժողովոյ անդամոց մեծագոյն մասին խնդրանօքը: Միայն թէ այս կերպ  արտաքոյ  կարգի  ժողով  գումարելէն  առաջ՝  գումարման  պատճառը Բարձրագոյն Դրան իմաց տրուելով, անոր հաճութիւնը առնուլ հարկ է: