Հայոց եկեղեցական իրաւունքը. Ա Գիրք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

110) ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

 

Յօդ. 47. Դատաստանական խորհուրդը կը բաղկանայ ութ իրաւագէտ, եւ ամուսնացեալ եւ քառասուն տարին լրացուցած անձերէ, որոց չորսը աշխարհական եւ չորսը եկեղեցական պիտի ըլլան:

 

Դատաստանական խորհրդոյ նախագահը Պատրիարքի փոխանորդն է, եւ անդամներուն բոլորն ալ խառն ժողովոյ կողմէն կընտրուեն քուէից առաւելութեամբ:

 

Դատաստանական խորհրդոյ պաշտօնն է՝ ընտանեկան վէճերը լուծել եւ  Բ. Դրան կողմէն  պատրիարքարան յանձնուած  դատերը յանձնարարութեան համեմատ քննել եւ որոշել:

 

Երբ պատահի այնպիսի դատ մը, զոր դատաստանական խորհուրդը իր ձեռնհասութենէն վեր դատէ, ըստ պահանջման խնդրոյն կամ կրօնական կամ քաղաքական եւ կամ խառն ժողովոյն յանձնուելուն հարկաւորութիւնը կը ցուցնէ:

 

Եթէ դատաստանական խորհրդոյ մէջ որոշուած դատի մը դէմ բողոքէ դատապարտեալը, խնդիրը վերստին կը քննուի յիշեալ ժողովներէն մեկուն մէջ՝ որուն որ կը վերաբերի: