104)
Բ.
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ
ԴԻՒԱՆԱՏՈՒՆ
Յօդ.
13.
Պատրիարքարանի
մէջ
դիւանատուն
մը
պիտի
հաստատուի
պէտք
եղած
ազգային
գրութեանց
յատկացեալ:
Այս
դիւանատունը
երեք
գրասենեակի
պիտի
բաժանուի.
Ա.
Թղթակցութեան
գրասենեակ,
որ
պատրիարքարանէն
ուղարկուած
եւ
պատրիարքարան
եկած
գրութիւններով
կզբաղի:
Բ.
Արձանագրութեան
գրասենեակ,
որ
ազգային
ժողովոց
եւ
խորհրդոց
վերաբերեալ
թուղթերը
կարգաւորելու
կզբաղի:
Գ.
Ազգահամարի
գրասենեակ,
որ
ազգայնոց
քաղաքական
վիճակագրութեանը,
այսինքն
ծննդեան,
ամուսնութեան,
եւ
վախճանման
վերաբերեալ
արձանագրութեանց
կզբաղի:
Այս
վերջին
գրասենեակէն
կը
տրուին
ազգայնոց
թէ
ճանապարհորդութեան
համար
եւ
թէ
ուրիշ
անձնական
գործառնութեանց
համար
պէտք
եղած
վաւերական
թուղթերը,
նաեւ
ծննդեան,
ամուսնութեան
եւ
վախճանման
վկայագրերը:
Յօդ.
14.
Պատրիարքական
դիւանատունը
պիտի
ունենայ
դիւանապետ
մի,
որ
պատասխանատու
է
դիւանատան
բոլոր
գործառնութեանց:
Քաղաքական
ժողովը
կընտրէ
եւ
պատրիարքը
կանուանէ
զայն:
Դիւանապետը
կընէ
նաեւ
ընդհանուր
ժողովոյն
դիւանադպրութիւնը:
Դիւանապետը
պարտաւորեալ
է
ամէն
տարի՝
թէ
Կոստանդնուպօլսոյ
մէջ
եւ
թէ
դուրսերը
ծնած,
ամուսնացած
եւ
վախճանած
ազգայնոց
տոմարներուն
օրինակները
բերել
տալ,
պատրիարքարանի
դիւանատան
ընդհանուր
ազգահամարին
մէջ
արձանագրել
տալ:
Դիւանապետը
հայերէն
լեզուի
քաջ
հմուտ
եւ
տաճկերէնի
ու
գաղիերէնի
ալ
վարժ
անձ
մը
պիտի
ըլլայ:
Յօդ.
15.
Դիւանատունը
բաւական
թուով
դիւանադպիրներ
պիտի
ունենայ:
Ասոնք
ալ
հայերէն
լեզուն
քաջ
գիտենալու
են,
եւ
ամէն
մէկը
իւր
պաշտօնին
կատարեալ
հմտութիւն
ունենալու
է:
Ամէն
մէկ
դիւանադպիր
ընդ
իւր
պաշտօնի
պատասխանատու
է
այն
ժողովոյն
կամ
խորհրդոյն՝
որուն
կը
վերաբերի:
Ամէնը
մէկէն
պատասխանատու
են
դիւանապետին:
Յօդ.
16.
Ազգահամարի
գրասենեակէն
տրուած
որ
եւ
է
թուղթ
եւ
վկայագիր
վաւերացեալ
պէտք
է
ըլլայ
Պատրիարքական
կնքով
եւ
դիւանապետի
ստորագրութեամբ: