Հայոց եկեղեցական իրաւունքը. Ա Գիրք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

113) ԿՏԱԿԱՑ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ

 

Յօդ. 50. Կտակաց հոգաբարձութիւնը կը բաղկանայ եօթն անձինքէ, որոց երեքը եկեղեցական եւ չորսը աշխարհական՝ խառն ժողովով կընտրուին քուէից առաւելութեամբ:

 

Կտակաց հոգաբարձութեան պաշտօնն է՝ ազգային կտակաց տնօրէնութիւնը: Իր պարտաւորութիւնն է՝ կտակաց օրինաւոր կերպիւ եւ կտակարարին նպատակին եւ դիտաւորութեանը համեմատ գործադրութեանը հսկել:

 

Կտակաց հոգաբարձութեան համար պէտք եղած մասնաւոր կանոնադրութիւնը խառն ժողովը պիտի պատրաստէ` կտակաց հոգաբարձութեան եւ տնտեսական խորհուրդին կարծիքն առնելով, եւ ընդհանուր ժողովը պիտի հաստատէ:

 

Կտակաց հոգաբարձութիւնը որոշեալ ժամանակներ իր պաշտօնին վերաբերեալ հաշիւները պիտի ներկայացունէ տնտեսական խորհուրդին, որ ստուգելով եւ վաւերացունելով` պիտի հաղորդէ քաղաքական ժողովոյն: