Հայոց եկեղեցական իրաւունքը. Ա Գիրք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

115) ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՔ

 

Յօդ. 52. Թաղական խորհուրդները կը բաղկանան ըստ տեղւոյն՝ հինգէն մինչեւ տասներկու անդամներէ: Թաղական խորհուրդին պաշտօնն է՝ թաղին ժողովրդեան ազգային գործոց մատակարարութիւնը եկեղեցւոյ եւ դպրատան հոգաբարձութիւնը, աղքատաց խնամակալութիւնը, եւ ազգայնոց մէջ պատահած վէճերուն քննութիւնն ու խաղաղարարութիւնը:

 

Իր պարտաւորութիւնքն են՝ թաղին եկեղեցւոյ պայծառութեանը խնամ տանել, թաղին մէջ թէ աղջիկ եւ թէ մանչ տղայոց դաստիարակութեան համար դպրատուններ հաստատելու ջանք ընել, եւ թաղին կարօտեալ ընտանեաց ձեռնտուութիւն ընել:

 

Յօդ. 53. Ամէն թաղ մէկ-մէկ սնդուկ պիտի ունենայ՝ թաղական խորհուրդին տնօրէնութեանը տակ:

 

Այս սնդուկին մուտքն են՝ թաղին ժողովրդեան կողմէն տրուած թաղական տուրքը, եկեղեցւոյ եւ դպրատան կալուածոց եկամուտները, եկեղեցւոյն հասոյթները, կտակաւ կամ ուրիշ կերպիւ եղած նուէրները եւ այլն: Ելքն են թաղին եկեղեցւոյն եւ դպրատանց ծախքն ու աղքատաց տրուելիք օգնութիւնները:

 

Ամէն թաղական խորհուրդ իր թաղին մէջ եղած ծննդոց, ամուսնութեանց եւ վախճանմանց արձանագրութիւնը պիտի ընէ կանոնաւոր կերպով մասնաւոր տումարի մը մէջ:

 

Յօդ 54 Թաղական խորհուրդները՝  իրենց  պաշտօնին  վերաբերեալ գործոց մէջ տեսուչ խորհուրդներուն հետ ուղղակի յարաբերութիւն ունին, այսինքն՝ դպրատանց համար՝ ուսումնական խորհուրդին հետ, տնտեսական եւ դրամական գործոց համար՝ տնտեսական խորհուրդին հետ. դատի վերաբերեալ գործոց համար` դատաստանական խորհուրդին հետ: Եւ ասոնց ամէն մէկին որոշեալ ժամանակներ համար պիտի տան իւրաքանչիւրին վերաբերեալ գործոց վրայ:

 

Յօդ. 55. Իւրաքանչիւր թաղական խորհուրդ իր թաղի ժողովըրդեան կողմէն կընտրուի:

 

Ամէն ազգային անհատ որ քսան եւ հինգ տարին լրացուցած է, եւ ըստ 67-րդ յօդուածոյ Սահմանադրութեան՝ ընտրողութեան իրաւունքէն դատաստանապէս զրկուած չէ, իրաւունք ունի մասնակից ըլլալ ընտրութեան թաղական խորհրդոյ անդամոց:

 

Յօդ. 56. Թաղական խորհրդոց պարտաւորութիւնն ու ընթացքը սահմանելու համար պէտք եղած կանոնադրութիւնը կրօնական եւ քաղաքական ժողովներուն ձեռօք պիտի շինուի:

 

Թաղական խորհրդոց անդամներուն պաշտօնը չորս տարի կը տեւէ, հինգերորդ տարւոյն սկիզբը կը նորոգուին եւ անմիջապէս վերընտրելի են: