Ատանայի
նախկին
վիճակը
ԱՏԱՆԱՅԻ
ԱՌԱՋԻՆ
ՋԱՐԴԸ
1909
մարտ
31.
Երեքշաբթի՝
Զատկի
չորրորդ
օրն
էր,
սոսկալի
ահուդողի
մատնուած
էր
Ատանայի
հայութիւնը,
իսկ
Թուրքերը
գործի
վրայ
էին,
զէնք
կը
փոխադրէին
ու
կը
բաժնէին
իրենց
մէջ,
վազելով
թաղէ
թաղ
եւ
մեր
խելահասները
կարեւորութիւն
չէին
տար
անոնց
իրարանցումին,
վստահելով
տեղական
կառավարութեան
զօրութեանը
եւ
մանաւանդ
Թուրքերուն
լուսամիտ
դասակարգին
աչալրջութեանը։
Շրջականերուն
Թուրքերը
հրաւիրուած
էին,
որոնք
ամբողջութեամբ
թափուեցան
Ատանա։
Ժամէ
ժամ
բազմութիւն
կ՚աւելնար
եւ
մենք
զարմացած
կը
դիտէինք
այս
իրարանցումը,
միշտ
վստահ
ըլլալով
տեղական
կառավարութեանը
վրայ։
Թուրքերը
ամբողջութեամբ
առանց
բացառութեան
ճերմակ
փաթթոց
կապած
եւ
զինուած՝
նշաններ
կը
գծէին
տուներուն
եւ
վաճառատուններուն
դուռները։
Իրիկուան
դէմ
Թուրք
խուժանը՝
կազմ
ու
պատրաստ
գործի
սկսելէ
առաջ
կառավարութեան
դուռը
դիմեց,
պահանջելով
որ
ջարդի
հրամանը
պաշտօնապէս
տրուի։
Կուսակալ
Ճէվատ
պէյ՝
Պոլիս
հեռագրած
ըլլալով
հրամանի
կը
սպասէր,
որով
խուժանապետներէն
խնդրեց
որ
իրենց
տուները
քաշուին
եւ
Պոլսոյ
հրամանին
սպասեն։
Հազարաւորներէ
կազմուած
ահագին
խուժանը՝
սկսաւ
պոռալ
կանչուըռտել
եւ
յարձակիլ
կառավարական
պաշտօնատան
շրջակաները
գտնուող
քրիստոնեաներու
վրայ։
Մէկ
մասը
Շաֆագ
սրճարանը
երթալով,
հոն
գտնուող
մէկ
քանի
Հայ
երիտասարդներ
ծեծած
ու
վիրաւորած
էին
եւ
խեղճ
տղաքը
հազիւ
կեանքերնին
ազատած՝
հեւ
ի
հեւ
վազնելով
եկան
տուներնին։
Ուրիշ
մաս
մը
կատաղիներ
ալ՝
ժամացոյցի
աշտարակին
քովերէն
անցնող
Կեսարացի
ատաղձագործ
Լութֆիկ
անունող
Հայ
երիտասարդ
մը
բռնելով
սպաննած
եւ
քաշկրտելով
տարած
նետած
էին
կառավարութեան
պաշտօնատան
բակը։
Նոյն
գիշերը,
մինչեւ
առտու
ճամբան
հանդիպած
քրիստոնեաները
հալածած
էին,
վիրաւորելով
անոնցմէ
տասնեակներ։
Ոմանք
ալ
ոսկերչաց
շուկային
մէջ
նստող
անուանի
ոսկերիչ
Աստուր
աղա
Բագլաեանի
տանը
դուռը
ծեծելով
ստիպած
էին
որ
բանայ,
եւ
ուրիշ
շրջակայ
մի
քանի
տուներ
ալ
դիմելով
սպառնացած
եւ
յայտարարած
էին
որ
քանի
մը
ժամուան
կեանքերնին
մնացած
է։
Այսպէս
ամբողջ
քրիստոնեաներս
սարսափի
ու
ահու
դողի
մէջ
լուսցուցինք
ջարդին
նախընթաց
գիշերը։
Ապրիլ
մէկի
Չորեքշաբթի
օրն
էր.
առտուն՝
ամբողջ
Ատանայի
մէջ,
ամէն
կողմ
վլվլուկ
կը
սկսաւ
շրջիլ
«Այս
գիշեր
Հայ
մը
սպաննուած
է
ոսկերչաց
շուկային
մէջ
եւ
տուները
քարկոծուած
են,
ջարդելու
սպառնալիքներ
ըրած,
բազմաթիւ
քրիստոնեաներ
վիրաւորուած
են
եւ
այսօր
ցորեկին
վերջնականապէս
յարձակելով
քրիստոնեաները
պիտի
ջարդեն
եղեր
եւլն.
եւլն.
»։
Միւս
կողմէ
ջարդի
կազմակերպիչները
սկսան
սուտ
ու
շինծու
տարաձայնութիւններով
խուժանը
ա՛լ
աւելի
գրգռել,
իբր
թէ
Հայերը
այգիները
թրքուհի
մը
բռնելով
ստինքները
կտրած
եւ
չարաչար
տանջանքներով
սպաննած
են,
հինգ
հոգիէ
բաղկացեալ
թուրք
ընտանիքի
մը
անդամները
ամբողջապէս
ջարդած
են…
եւլն.
։
Ասոնց
պէս
վրան
բաց
սուտեր
սկսան
տարածել,
որոնք
սարսափ
կ՚ազդէին
թուրքերէն
աւելի
հայերու
եւ
ամբողջ
քրիստոնեաներու
վրայ։
Շուկայի
խանութպաններս՝
առանց
կարեւորութիւն
տալու
մէջտեղը
շրջող
տարաձայնութիւններուն,
շուկայ
ելանք
ու
մեր
վաճառատուններն
ու
գրասենեակները
բանալով
սկսանք
գործի։
Սակայն
հազիւ
թէ
շուկաները
բացուեցան՝
սպառնալից
դէմքեր
երեւցան,
ձեռքերնին
ահագին
բիրերով,
թուրերով
ու
սուրերով,
կացիններով,
ուրագներով,
սաթրներով
եւ
վերջապէս
գլխէն
մինչեւ
եղունգները
զինուած,
զրահուած,
կարծես
կազմ
ու
պատրաստ
էին,
եւ
հրամանի
մը
կը
սպասէին։
Արտասովոր
քանակով
եւ
երեւոյթով
Թուրքերու,
Քիւրտերու,
Չէրքէզներու
եւ
Կրէտացի
իսլամ
գաղթականներու
յանկարծ
շուկան
թափուիլը
ամէնուս
ուշադրութիւնը
գրաւեց,
եւ
անմիջապէս
Ազգային
Առաջնորդարանը
լուր
տրուեցաւ
ստոյգ
վտանգի
մը
մօտենալը։
Ազգ[ային]
Առաջնորդարանի
մէջ
Ատանայի
քրիստոնեայ
կրօնական
պետերէն
ու
աշխարհական
երեւելիներէն
ժողով
մը
գումարուեցաւ
եւ
անմիջապէս
պատուիրակութիւն
մը
կազմուեցաւ
տեղացի
եւ
օտարահպատակներէ
բաղկացեալ,
րոնք
կուսակալ
Ճէվատ
պէյին
դիմելով
քաղաքին
ենթարկուած
վտանգաւոր
եւ
սարսափելի
վիճակը
ներկայացուցին,
խնդրելով
անմիջական
կարգադրութիւն
մը։
Կուսակալն
աշխատեցաւ
համոզել
թէ՝
բան
մը
չիկայ
եւ
թէ
բան
մը
չի
պիտի
ըլլայ.
ստիպելով
պատուիրակութեան
որ
շուկաները
շրջին
եւ
համոզեն
վախկոտ
քրիստոնեաները
որ
իրենց
գործերովը
զբաղին։
Եւ
խուժանապետները՝
կուսակալին
դուռը
կայնած՝
ծաղրանքով
կը
խնդային
այս
ամենուն
վրայ,
վստահ
ըլլալով
որ
իրենց
փափաքին
յաջողութիւնը
ապահովուած
էր։
Շուկայի
բազմութիւնը
կ՚աւելնար
ու
կը
բազմապատկուէր
վայրկեանէ
վայրկեան,
որով
շուկացիներս
ստիպուեցանք
մեր
վաճառատուններն
ու
վարժարանները
գոցելով
մեր
տուները
ապաստանիլ։
Շուկաները
միայն
զինավաճառները
գործի
վրայ
էին,
զէնք
եւ
միայն
զէնք
կը
ծախուէր
թուրք
զինավաճառներու
կողմէ,
միայն
թուրքերուն
եւ
շատերուն
ալ
ձրի
կը
բաշխուէր։
Նոյնիսկ
մի
քանի
քրիստոնեայ
զինավաճառներու
վաճառատուններուն
դուռները
խորտակուելով
թալանի
տրուեցաւ,
տեղական
կառավարութեան
ոստիկաններուն
ու
զինուորներուն
աչքին
առջեւ,
որոնք
կատարեալ
անտարբերութեամբ
եւ
խորհրդաւոր
ժպիտներով
ականատես
կ՚ըլլային
այս
ամենուն։
Պահ
մը
ոստիկաններու
հետիոտն
եւ
ձիաւոր
կանոնաւոր
խումբեր
սկսան
շրջիլ
եւ
դժբաղդաբար
քիչ
ետքը
ասոնք
ալ
ցրուեցան
եւ
խուժանին
խառնուեցան։
Ա՛լ
իրարանցումը,
խուճապը
սկսած
էր,
զէնքեր
եւ
միայն
զէնքեր
կը
փոխադրուէին
ամէն
կողմ։
Ժամը
3ին
ատեններն
էր
որ
Կուսակալ
Ճէվատ
պէյի
ստիպումներուն
վրայ
շուկան
սկսան
շրջիլ
Քրիստոնեայ
եւ
Իսլամ
կրօնական
պետեր
եւ
երեւելիներ,
որոնք
կը
յորդորէին՝
խանութները
չի
գոցեր
եւ
գոցուածները
բանալ,
վստահեցնելով
տեղական
կառավարութեան
աչալրջութեանը
վրայ։
Այս
պատուիրակութեան
մէջ
կը
գտնուէին
քրիստոնեաներու
կողմէ
Հայոց
Առաջնորդական
Փոխանորդը,
Հայ-Հռովմէականց
Առաջնորդը,
Հայ-Բողոքականաց
Պատուելին
եւ
ուրիշներ,
իսկ
Թուրքերու
կողմէ
այս
խումբին
միացած
էր
Պաղտատի
զատէ
Ապտտիւլգատէր
էֆ[էնտի]
ի
տղան
Ապտիւլրահման
էֆ[էնտի]
իսկ
յիշեալին
հայրը
Ապտիւլգատէր
էֆ[էնտի]
կը
շրջէր
տասնեակ
մը
երեւելի
հօճաներու
հետ,
իրենց
ետեւէն
ունենալով
կարգ
մը
խուժանապետներ։
Քրիստոնեայ
պատուիրակութիւնը՝
ընդհանուրի
կարգին
զիս
ալ
կանչեց
տունէս
եւ
ստիպեց
որ
դեղարանս
բանամ։
Այս
առաջարկին
ի
պատասխան
դիտել
տուի
իրենց
թէ,
նախ՝
իրենց
հետեւող
եւ
ամբողջ
շուկաները
լեցուող
զինեալ
խուժանը
պէտք
է
ցրուեն,
երկրորդ՝
հինգ
ճամբու
բերան
նայող
դեղարանիս
առջեւ,
գոնէ
զինուոր
մը
կեցնեն
եւ
անկէ
ետքը
սիրայօժար
կը
բանամ,
մինչդեռ
Ատանայի
Հայոց
փայլուն
աստղը
Դաւիթ
էֆ[էնտի]
Ուրֆալեան՝
որ
կ՚ընկերանար
յորդորիչ
պատուիրակութեան,
կրկին
խնդրեց
որ
դեղարանս
բանամ,
ուրիշներու
օրինակ
ըլլալու
համար,
առանց
կռահելու
թէ
իր
դիւրահաւանութեանը
առաջին
անգամ
ինքը
զոհ
պիտի
երթար։
Դեղարանը
բացուեցաւ
եւ
ուրիշ
մի
քանի
վաճառատուններ
եւս
բացուեցան,
անդին
Ատանայի
շրջակայ
թաղերուն
մէջ
ջարդը
սկսած
էր
արդէն
եւ
Թօսպաղը-Գալէսի
թաղը
տակն
ու
վրայ
եղած։
Ժամը
չորսին
էր
(Ը.
Թ.
)
կարգ
մը
վիրաւորներ
անցուցին,
որոնց
ամէնքն
ալ
քրիստոնեայ
էին։
Փոխանակ
վիրաւորող
ոճրագործները
ձերբակալուելու,
վիրաւորեալները
կը
փոխադրուէին
կառավարութեան
դուռը…։
Յանկարծ
ահռելի
իրարանցում
մը,
սոսկալի
խուճապ
մը
սկսաւ
եւ
ահա
փախչող
փախչողի։
Հրազէնները
սկսան
պայթիլ
հեռուներէն,
որոնց
ձայները
հետզհետէ
կը
մօտենային։
Գոռում,
գոչում,
իրարանցում,
խուճապ,
վայնասուն,
կրակ
ու
բոց,
երկինք
եւ
երկիր
իրարու
խառնուեցան։
Ջարդը
սկսած
էր
բուռն
թափով։
Առաջին
զոհերը
եղան
Դաւիթ
էֆ[էնտի]
Ուրֆալեան
(անդամ
Վերաքննիչ
ատեանի),
եւ
Յարութիւն
էֆէնտի
Շատրիկեան
(անդամ
քաղաքապետական
ժողովի)։
Այս
վերջինը՝
քաղաքապետութեան
պաշտօնատան
դրան
առջեւ
կուսակալ
Ճէվատ
պէյի
եւ
Ամերիկացիի
մը
աչքին
առջեւ
սպաննած
են
[1],
եւ
երբ
Ամերիկացին
արգիլելը
խնդրեր
է
կուսակալէն,
վարպետորդի
կուսակալը
Ամերիկացիին
ետեւը
պահուըտեր
է
իբր
թէ
իր
անձը
պաշտպանելու
համար։
Հոն
ուրիշ
քրիստոնեայ
մը
եւս
գտնելով
սպաննած
եւ
երկուքին
դիակները
կուսակալին
աչքին
առջեւ
քաշկռտելով
Սիհուն
գետը
նետած
են։
Միեւնոյն
ժամուն
ասդին
մեծ
շուկային
մէջ
համերաշխութեան
յորդորներ
տուող
եւ
կառավարութեան
բարեացակամութիւնը
վստահեցնելու
աշխատող
Ատանայի
հազուագիւտ
զաւակը
Դաւիթ
էֆ[էնտի]
Ուրֆալեան՝
սպաննուեցաւ
քիւրտէ
մը։
Ատանայի
միջազգային
յարգանքներուն
արժանացած
պարթեւահասակ
քաջառողջ
եւ
դեռ
երիտասարդ
Դաւիթ
էֆէնտիի
սպանման
լուրը՝
վայրկենապէս
տարածուեցաւ
եւ
ամբողջ
քրիստոնէից
ու
մանաւանդ
Հայոց
մեծ
կսկիծ
պատճառեց։
Ատանայի
ջարդին
առաջին
նահատակը.
ԴԱՒԻԹ
ԷՖ[ԷՆՏԻ]
ՈՒՐՖԱԼԵԱՆ
Շատ
ազնիւ
ու
վեհանձն
բնաւորութեան
տէր
եւ
բնական
լաւագոյն
ձիրքերով
օժտուած
անձնաւորութիւն
մ՚էր։
Ծնած
1859ին
Ատանայի
մէջ
եւ
Պետական
ու
Ազգային
բազմաթիւ
պաշտօններ
վարած
է,
իրեն
սկզբունք
ունենալով
միշտ՝
ուղղամտութիւնն
ու
կատարեալ
անկեղծութիւնը,
որոնցմով
սիրցուցած
էր
ինքզինքը
բոլոր
Ատանացիներէն
անխտիր։
Շուկաներու
մէջ
թալանը
սկսաւ։
Խանութներու
դուռները
կը
խորտակուէին
կացիններով,
ուրագներով,
եւ
սաթըրներով,
որոնց
պարունակութիւնները
կը
յափշտակուէին
եւ
կը
փոխադրուէին
հոս
հոն։
Ականատես
էի
թալաններու,
որոնց
կը
մասնակցէին
այր
ու
կին
թալանողներ
դեւերու
պէս։
Բեռնաւորուած
թալանողներու
տողանցն
է
որ
կ՚անցնի
անվերջանալի
շարքով
մը
խառն
ի
խուռն
ու
սոսկալի
վայնասուններով։
Կ՚երթան
ու
վայրկենապէս
կը
վերադառնան
մնացածներն
ալ
տանելու
համար։
Եւ
մենք
քրիստոնեաներս
առաջին
թափով
տուներնիս
քաշուած,
ծակերէն
կը
դիտենք
այս
ամենը,
սպասելով
մեր
կարգին։
Առաջին
օրը
գրեթէ՝
շուկաները
թալանելով
եւ
կեդրոնէն
դուրս
թուրք
թաղերուն
մէջ
բնակող
կամ
պանդոկներու
մէջ
մնացող
քրիստոնեաները
ջարդելով
անցուցին։
Շուկաներուն
մէջ
թուրք
վաճառատուններուն
ու
խանութներուն
վրայ
թուղթեր
փակցուած
էր
անմիջապէս,
որոշելու
համար
քրիստոնեաներու
պատկանածները
եւ
որով
թուրքերու
բնաւ
վնաս
մը
չեղաւ,
իսկ
ընդհակառակը
քրիստոնեաներուն
ապրանքները
մինչեւ
յետին
ասեղը
թալանուեցան։
Առաջին
ջարդին
ատեն
պաշտպանուեցան
միայն
Հայոց
թաղերուն
մէջ
գտնուող
փոքրաթիւ
խանութները,
որոնք
ալ
երկրորդ
ջարդին
կործանեցան
ու
մոխիր
դարձան։
Թալանէն
ետքը
կարգը
եկած
էր
ջարդին։
Արիւնի
ծարաւ
կատաղի
խուժանին
ջարդի
հրամանը
տրուած
էր
անշուշտ։
Որով
խուժանը,
ամէն
դասակարգէ
բաղկացեալ
իսլամ
խուժանը՝
ամենէն
առաջ
թուրք
թաղերուն
մէջ
կառավարական
պաշտօնատան
քթին
տակ
գտնուող
պանդոկները
պաշարեց։
Նախ՝
Աճէմ
խանի
մէջ
գտնուող
վաթսուն
եւ
հինգ
քրիստոնեայ
պանդուխտներու
զէնքերը՝
կեանքերնին
խնայելու
խոստումով,
ժողովելէ
ետքը,
զիրենք
ալ
քովէ
քով
շարած
եւ
մէկ
կարգի
վրայ
իրարու
ետեւէ
սպաննած
են
կատարեալ
վայրագութեամբ։
Ջարդարարները
Աճէմ
խանէն
ետքը,
յարձակած
են
Տուզ
խանը
կոչուած
պանդոկին
վրայ,
որուն
մէջ
գտնուող
եօթանասունի
չափ
Հաճընցի
ջորեպաններն
ու
վաճառականները
իրարու
վրայ
պառկեցնելով
խողխողած
են
անխնայ,
որոնց
արիւններուն
հետքերը
կը
մնան
դեռ
յիշեալ
պանդոկին
ախոռներուն
ու
բակին
ամէն
կողմերը։
Այս
պանդոկէն
միայն
մէկ
հայ
ազատեցաւ,
այն
ալ
անծանօթ
ծակի
մը
մէջ
չորս
օր
պահուելով,
եւ
որուն
սնունդ
էր
եղած
բաղդին
բերմունքով՝
օրական
հաւկիթ
մը
զոր
հաւը
հոն
հայուն
քով
կ՚ածէ
եղեր
ամէն
օր։
Վայրագ
խուժանը
Տուզ-խանէն
ետքը
յարձակած
է
Հայտար-օղլու
խանին
վրայ։
Այս
պանդոկին
մէջ
գտնուող
եւ
գրեթէ
ամբողջապէս
Հաճընցի
եղող
քանի
մը
երիտասարդներ
անձնապաշտպանութեան
դիմելով
մէկ
ժամու
չափ
թէեւ
դիմադրած
են,
սակայն
ջարդարարները
տեսնելով
որ
աժան
գինով
չպիտի
կրնան
յաղթել
դիմադրողներուն,
խորամանկութեամբ
անուշ
լեզուի
կը
դիմեն,
բարձրաձայն
երդումներ
ընելով
իրենց
կրօնքին
եւ
պսակին
վրայ
թէ՝
իրենց
բան
մը
չպիտի
ընեն
եւ
թէ
զիրենք
պաշտպանելու
համար
եկած
են,
եւլն։
Խեղճ
հայերը՝
արդէն
դիմադրողները
հազիւ
իրենցմէ
մէկ
քանին
ըլլալուն,
կը
ստիպուին
ազատուելու
յոյսով
դուռը
բանալ.
կատաղի
գալերը
ներս
կը
խուժեն
եւ
մէկ
քանի
վայրկեանի
մէջ
ջարդ
ու
կտոր
կ՚ընեն
պանդոկին
պարունակած
ամբողջ
հայերը,
ոտքի
տակ
առնելով
կրօնքի
վրայ
եղած
երդում,
խոստում
ամէն
ինչ
[2]
Կատաղի
խուժանը՝
Հայտար-օղլու
պանդոկէն
ետքը
Գալէ-գափու
Տէլի-Մէմէտի
պանդոկին
վրայ
կը
յարձակի,
որուն
մէջ
գտնուող
քառասունի
չափ
քրիստոնեաները
կը
ջարդէ
անխնայ։
Պանդոկին
բոլոր
ծակ
ու
ծուկը
փնտռելով՝
առաստաղի
յարկին
մէջէն
կը
հանեն
պանդոկապետը
Հաճընցի
Աւետիս
կոչուած
շատ
քաջարի
եւ
ազնիւ
երիտասարդը,
զոր
պարկի
մը
մէջ
թխմելով
շատ
բարձր
պատուհանէ
մը՝
փողոցը
սպասող
խուժանին
մէջ
կը
նետեն։
Հէք
Աւետիսը
վայրկենապէս
կը
ջարդուի
եւ
փողոցի
շուներէն
կը
լափուի։
Տէլի-Մէմէտի
պանդոկէն
ետքը
վայրագ
խուժանը
կը
յարձակի
շուկային
մէջ
գտնուող
Եէնի-խանի
վրայ
եւ
հոն
եւս
գտնուող
յիսունի
չափ
քրիստոնեաներ
կը
ջարդուին
առանց
մէկ
հոգի
կարենալ
ազատուելու։
Միւս
կողմէ
Թօսպաղը
գալէսին
տակնուվրայ
ընող
խուժանին
մասը՝
Գուրու-քէօփրիի
կողմէն
գալով
կը
յարձակի
Փամուգ-պազարի
Քիւփէլի
եւ
Վէզիր-խաները,
որոնց
մէջ
կը
մորթուին
հարիւրի
մօտ
Կեսարացի
քրիստոնեաներ։
Այս
գլխաւոր
պադոկներէն
զատ,
մեծ
ու
պզտիկ
Չաթալ-խան,
Կէօն-խան,
Արապաճը—խան
եւ
այլ
պանդոկներու
մէջ
գտնուող
բազմաթիւ
քրիստոնեաներ
ջարդուեցան
ամբողջապէս,
որոնց
մէջ
կը
գտնուէին
Տիգրանակերտէն,
Խարբերդէն,
Սեբաստիայէն
եւ
մինչեւ
իսկ
Մուշէն
եկած
անհամար
մշակներ։
Թուրք,
Քիւրտ,
Ֆէլլահ,
Չէրքէզ,
Ապտալ,
Գնչու
եւ
Կրետէցի
գաղթական
իսլամներէ
բաղկացած
խուժանը
հինգ
տասը
մասի
բաժնուած,
մէկ
կողմէ
թալանը
կը
շարունակէր,
միւս
կողմէ
դէպ
ի
կեդրոն
յարձակումը
եւ
կոտորածը
կը
սաստկացնէր
վայրկեանէ
վայրկեան։
Մենք
մեր
թաղերը՝
տուներուն
մէջ
քաշուած
անտեղեակ
էինք
դուրսի
կոտորածէն
եւ
միայն
հրազէններու
ձայները
կը
լսէինք
ու
թալանողներուն
փախուստը
կը
դիտէինք,
սպասելով
միայն
կառավարութեան
զինուորներուն
օգնութեանը։
Հայոց
թաղերէն
դուրս
թուրք
թաղերուն
մէջ
գտնուող
Հայերը
ամբողջապէս
ջարդուած
էին
եւ
մենք
կեդրոնը
լուր
չունէինք
այս
ամենէն։
Յանկարծ
Հայ
թաղերուն
վրայ
յարձակումները
սկսան
բուռն
կերպով։
Ամէն
մարդ՝
իր
տանը
պատուհանին
առջեւ
կեցած
կը
սպասէր
խուժանին
մօտենալուն
եւ
որուն
անշուշտ
շատ
աժան
չպիտի
ծախէր
իր
կեանքը։
Փողոցները
գտնուող
քրիստոնեաներէն
անթիւ
վիրաւորներ
սկսան
փախչիլ
իրենց
տուները։
Զէնքի
ձայները
մօտեցան,
կիները
սկսան
պօռալ,
մանուկները
լալ
եւ
մեծերը
«օգնութի՜ւն,
օգնութի՜ւն»
աղաղակել,
նոյն
իսկ
ընտանի
կենդանիներն
իրենց
ձայներով
կարծես
կը
բողոքէին
այս
անգթութեան
դէմ։
Հրազէններու
անթիւ
պայթիւններէն
երկինքը
կը
գոռար
եւ
երկիրը
կը
սարսռէր.
խառնակութիւնը
ծայր
աստիճանին
հասած
էր։
Վերջին
դատաստանի
օրը
չի
կրնար
ըլլալ
երբէք
այն
զարհուրելի
օրուան
պէս։
Օգնութիւն
խնդրողներու
պոռչտուքները,
հրազէններու
ձայները՝
ընտանի
անասուններու
գոռում
գոչումները,
վայրագ
խուժանին
հանած
վայնասունները
եւ
խուժանը
առաջնորդող
շէյխերուն
ու
հօճաներուն
բարձրաձայն
աղօթքները
իրարու
խառնուած
օդը
կը
թնդացնէին։
«Օ՜ֆ,
անաճըղըմ,
վա՜յ
մայրիկ,
զարնուեցա՜յ,
օգնութի՜ւն,
փախէ՛ք,
փախէ՛ք,
փախէ՛ք,
կուգա՜ն,
մօտեցա՜ն,
ահա
…»
ձայները
սոսկում
միայն
մը
սփռէին։
«Աստուած,
Աստուա՜ծ»
կը
պօռային
կիները,
«մայրի՛կ,
հայրի՛կ»
կը
գոչէին
մանուկները,
«օգնութի՜ւն,
օգնութի՜ւն»
կը
հայցէին
խելահասները,
յուսալով
թէ
կառավարութիւնը
գործի
վրայ
էր
մեր
կեանքերը
պաշտպանելու
համար։
Եւ
երբ
հասկցանք
որ
լաց,
ողբ,
աղաչանք,
պաղատանք
եւ
անձնատուր
ըլլալ
օգուտ
չունի,
եւ
տեսնելով
որ
կառավարութիւնն
ալ
զինւորներով
ու
ոստիկաններով
խուժանին
միացած
է,
ստիպուեցանք
ճգնաժամային
բուռն
դիմադրութեան
մը
դիմել,
զոր
եթէ
քիչ
մ՚ալ
ուշացնէինք՝
անկասկած
ամբողջութեամբ
ոչնչացած
պիտի
ըլլայինք
եւ
այսպէս
խումբ
մը
տղաքներ՝
քաջութիւն
ունեցան
փողոց
իջնալով
դէմ
առ
դէմ
գալու
մեր
արիւնին
ծարաւ
խուժանին
հետ։
Տասնեակ
հազարաւորներէ
բաղկացած
ահագին
խուժանը
մէկ
քանի
տղաքներու
այդ
քաջութեանը
չի
կրնալով
դիմանալ
սկսան
փախչիլ։
Առաջին
դիմադրական
յաջող
փորձին
վրայ
ամէն
մարդ
քաջալերուեցաւ.
եւ
ահա
մեծ
ու
պզտիկ,
ծեր,
տղայ,
հարուստ
եւ
աղքատ
առանց
խտրութեան
փողոց
թափուեցան
ու
զէն
է
ձեռին
ամէն
կողմ
դիմադրութիւն
ցոյց
տալ
սկսան,
պաշտպանելով
քրիստոնեայ
թաղերու
գոնէ
կեդրոնները։
Ահագին
խուժանը
սարսափած
խումբ
մը
Հայոց
այս
յանդգնութենէն՝
սկսան
փախչիլ
«Էրմէնի
Ֆէտայիլէրի
Կէլիյօ՜ր»
պօռալով,
մինչդեռ
մէջտեղը
ո՛չ
ֆէտայի
կար
եւ
ո՛չ
ալ
մեր
կողմէ
յարձակող,
այլ
ամէն
մարդ
անշուշտ
մեռնիլ
չէր
ուզեր,
որով
եւ
իր
ամբողջ
ուժովը
ինքզինքը
կը
պաշտպանէր
խուժանին
յարձակմանը
դէմ։
Ասոր
վրայ
խուժանապետները՝
կառավարութեան
դիմած
էին
պօռալով
եւ
պահանջելով
որ
իրենց
կանոնաւոր
զէնքեր
յանձնուին,
ժամ
առաջ
ջարդելու
համար
քրիստոնեաները,
որովհետեւ
անոնք
իրենց
կարծածին
չափ
տկար
չեն
եղեր
եւ
դիմադրութեան
կը
յանդգնին։
Կառավարութիւնը
խուժանապետները
առաջնորդած
էր
զինուորական
զօրանոցը,
որուն
պարունակած
ահագին
քանակութեամբ
զէնքերն
ու
ռազմանիւթերը,
հազարաւոր
մաւզէրներ,
մարթինիներ
եւ
սնտուկներով
փանփուշտները
յանձնած
էր
անոնց,
որ
անմիջապէս
այդ
զէնքերը
բաշխած
էին
իրենց
հետեւորդներուն։
Ամէնքը
մէկ՝
թմբուկներով,
ծնծղաներով
ու
կրօնական
երգերով
գացած
են
Գարալար
թաղի
մօտ
Վալիտէ
Սուլթան
մզկիթը,
հոն
հազարաւոր
հօճաներ,
սօֆթաներ
ու
շէյխեր
բարձրաձայն
աղօթքներ
կարդացած
ու
գրգռիչ,
հրահրիչ,
կրօնական
պատերազմի
բանախօսութիւններէ
վերջ
ամենքը
միաբերան
երդում
ըրած
են
մէկ
հատ
հայ
մ՚իսկ
չի
թողուլ,
հոն
ամէնքդ
միաբերան
կը
գոչեն
երեք
անգամ
«Իւմմէթէ
սալա՜թ,
փէյղամպէրէ
սէլամէ՜թ,
փատիշահըմ
չօգ
եաշա՜»։
Այս
ամենը
լսած
էին
նոյն
մզկիթին
մօտէն
եւ
Հայոց
թաղերուն
կեդրոնէն,
այսինքն
մեզմէ
հեռու
գտնուող
ու
անջատաբար
դիմադրող
եւ
գրեթէ
ամբողջութեամբ
Հաճընցի
եղող
Խասըր-պազարի
փողոցի
շատ
փոքրաթիւ
հայերը,
որոնք
ահ
ու
սարսափի
մատնուած
վերջապէս
յուսահատ,
կը
ստիպուին
իրենց
տուներուն
պատերը
ծակել
եւ
գիշերանց՝
իրենց
դրացի
Ռուսական
Հիւպատոսարանի
թարգման
Պ.
Եանգօ
Արթէմիի
տունը
ապաստանիլ։
Այս
վերջնոյն
ծեր
մայրը
մեծ
քաջութեամբ
եւ
անձնուիրութեամբ
պաշտպանած
եւ
ազատած
էր
երեք
հարիւր
հոգիի
մօտ
երկսեռ
քրիստոնեաները,
երեք
օր
եւ
չորս
գիշեր,
նոյն
իսկ
անոնց
սնունդներն
ալ
տալով։
Իսկ
մենք
կեդրոնը
լուր
չունէինք
այս
ամենէն
եւ
կը
կարծէինք
թէ
Խասըր-պազարի
քրիստոնեաները
ամբողջութեամբ
ջարդուած
են։
Մոլեռանդ
խուժանին՝
տգէտ
կրօնաւորներու
առաջնորդութեամբ
ըրած
սոսկալի
յարձակումներուն
դէմ,
քրիստոնեայ
փոքրաթիւ
դիմադրողները
քաջաբար
վահան
կանգնեցան
եւ
վերջապէս
թշնամին
ստիպուեցաւ
քաշուիլ
քրիստոնեաներու
թաղերուն
կեդրոնէն։
Առաջին
օրը
մինչեւ
իրիկուն
անկանոն
յարձակումներով
ու
դիմադրութիւններով
անցաւ,
որոնց
միջոցին
մեծ
թիւով
կորուստներ
ունեցանք
քրիստոնեայ
թաղերու
կեդրոնէն
հեռու
գտնուող
թուրք
թաղերու
մէջ,
ուր
բնակող
հազարաւոր
քրիստոնեաներ
մեծ
մասով
դրսեցիներ,
աներեւակայելի
խուժդժութիւններով
ջարդուած
էին,
առանց
նոյն
իսկ
մէկ
հոգի
ողջ
մնացած
ըլլալու
անխիղճներուն
ձեռքը,
մինչդեռ
ասդին
մեր
քրիստոնեայ
թաղերուն
մէջ
բնակող
թուրքերը
ամբողջութեամբ
պաշտպանուեցան
մեր
կողմէ
կատարեալ
հոգածութեամբ։
Առաջին
օրը
իրիկուան
դէմ,
քրիստոնեայ
թաղերուն
պատշպանութեանը
համար
մեր
շատ
փոքրաթիւ
դիմադրողները
յաջողեցան
դիրք
բռնել
Ատանայի
հետեւեալ
կարեւոր
կողմերէն.
Թարսուս
գափուսու |
20
հոգի |
Հ.
Յ.
Դ
Գլիւպին
առջեւ |
30
հոգի |
Պէքճի
մէրքէզի |
6
հոգի |
Չիֆթէ—տինկ |
7
հոգի |
Մեծ
արմաւենիի
փողոցը |
6
հոգի |
Մայր
եկեղեցիին
շուրջը |
6
հոգի |
Ասորիներու
եկեղեցին |
12
հոգի |
Աշխէնեան
վարժարանը |
11
հոգի |
Մուշեղեան
վարժարանը |
7
հոգի |
Մէլէք
կիրմէզ
չարշուսը |
5
հոգի |
Մէյվէ
պազարը |
4
հոգի |
Փոխադրելի |
114
հոգի |
Փոխադրուած |
114
հոգի |
Տ.
Գէորգի
փողոց |
2
հոգի |
Խօրօզ
օղլուի
փողոց |
7
հոգի |
Պօն
մարշէի
անկիւնը |
2
հոգի |
Պօն
մարշէի
քովը
տուն
մը |
4
հոգի |
Իսպիր
օղլուի
օթէլը |
3
հոգի |
Գունտուրաճըլարի
գլուխը
Տանիքի
մը
վրայ |
1
հոգի |
Գարասօգու |
3
հոգի |
Գարասօգու
տանիքի
մը
վրայ |
3
հոգի |
Հայ-Հռովմէականաց
եկեղեցիի
փողոցին
բերանը |
7
հոգի |
Հայ-Հռովմէականաց
եկեղիցին |
6
հոգի |
Հայ-Բողոքականաց
ժողովարանին
զանգակատունը |
4
հոգի |
Ֆրանսացի
Յիսուսեաններու
եկեղեցիին
քովը |
1
հոգի |
Ֆրանսացի
Մայրապետաց
վարժարանին
քովը |
6
հոգի |
Ամերիկ
վարժ[արան]ին
անկիւնը |
2
հոգի |
Ամերիկ
վարժ[արան]ին
շուրջը
տուն
մը |
2
հոգի |
Ամերիկ
վարժ[արան]ին
շուրջը
տուն
մը |
1
հոգի |
Ամերիկ
վարժ[արան]ին
շուրջը
տուն
մը |
5
հոգի |
Գումար |
173
հոգի |
Երեսուն
հազարէ
բաղկացեալ
ահագին
խուժանին
դէմ,
ահա
վերոգրեալ
հարիւր
եօթանասուն
երեք
տղաքներու
քաջարի
դիմադրութեանցը
շնորհիւ
առաջին
ջարդէն
ազատեցաւ
Ատանայի
մնացեալ
Հայութիւնը։
Այս
կերպով
քիչ
շատ
կանոնաւոր
դիմադրութիւն
մը
սկսելէ
ետքը
քիչ
մը
շունչ
առինք
եւ
մութը
վրայ
հասաւ։
Հազիւ
թէ
մութը
կոխած
էր,
մեր
կատաղի
թշնամիչները
նոր
գիւտ
մը
ըրին,
անշուշտ
փորձառու
հրամանատարներու
կարգադրութեամբ.
կրակ
դրին
քրիստոնեայ
թաղերուն
չորս
կողմերը,
եւ
ահռելի
հրդեհներ
բարձրացան
ամէն
կողմերէ,
որոնց
բոցերը
ցերեկի
պէս
լուսաւորեցին
ամբողջ
քաղաքը
եւ
ահա
յարձակումներն
սկսան
առաջուաններէն
աւելի
բուռն
կերպով։
Երկու
կողմերէ
հրացանաձգութիւնները
կ՚որոտային,
սոսկալի
հրդեհներուն
բեցերը
ճարճատիւններով
երկինք
կը
բարձրանային,
մինչ
օգնութեան
աղաղակները
ա՛լ
աւելի
կը
յուզէին
ու
կը
սարսռեցնէին
զմեզ։
Ատանայի
Հայոց
ինքնապաշտպանութեան
վարիչ
եւ
ճշմարիտ
Հերոս
Պ.
ԿԱՐԱՊԵՏ
ԼԱՉԻՆԵԱՆ,
որուն
«ՍԱՉԼ
ՖԷՏԱՅԻ»
անունը
տուին
Թուրքերը։
Գիշերուան
ժամը
երկուքն
էր,
յանկարծ
հրացաններու
ձայները
կրկնապատկուեցան,
եւ
մենք
կարծեցինք
թէ
ա՛լ
պարտուեցանք,
մինչդեռ
Մէրսինի
Անգլիական
Հիւպատոսը
Մր.
Տօթի
Ուիլ
փութացած
եկած
էր
մասնաւոր
շոգեկառքով
եւ
անոր
գալուստն
էր
որ
կ՚աւետէին
մերինները։
Հիւպատոսը
Ատանա
հասածին
պէս
ձիու
վրայ
հեծած
մէկ
քանի
հեծեալ
զինուորներու
առաջնորդութեամբ
կառավարութեան
դուռը
կ՚երթար,
եւ
երբ
մեր
թաղերէն
կանցնէր
բազմաթիւ
քրիստոնեաներ
Հիւպատոսին
ոտքին
ձեռքին
փարեցան
արտասուալից
աչքերով,
խնդրելով
որ
պաշտպանութիւն
մը
շնորհէ
եւ
ժամ
առաջ
ջարդն
ու
հրդեհը
դադրեցնէ։
Հիւպատոսը
խրախուսեց
բարձրաձայն,
վստահեցնելով
որ
անմիջապէս
պիտի
դադրին
յարձակումն
ու
կրակը։
Այս
աւետիսը
վայրկեանապէս
տարածուեցաւ
մեր
մէջ
բարձրաձայն
աղաղակներով,
եւ
պահ
մը
ուրախութեան
ճիչեր
արձակուեցան
ամէն
կողմէ,
սակայն
քիչ
վերջը
յուսախաբութեան
մատնուեցանք
եւ
մեր
այդ
ուրախութիւնը
լաց
ու
կոծի
փոխուեցաւ,
երբ
տեսանք
թէ
յարձակումներն
ու
հրդեհները
փոխանակ
դադրելու
ա՛լ
աւելի
կը
սաստկանային։
Առաջին
գիշերը
մինչեւ
առտու
հրդեհներով
պաշարուած
ահ
ու
սարսափի
մէջ
անցուցինք,
մի
եւ
նոյն
ատեն
դիմադրութեան
գործն
ալ
առաջ
տանելով։
Իսկ
անդին
Անգլիական
Հիւպատոսը
կուսակալ
Ճէվատ
պէյի
երթալով
ջարդին
անմիջական
դադրեցումը
կը
պահանջէ։
Խորամանկ
ու
վախկոտ
կուսակալը
աղուէսի
պէս
Հիւպատոսին
դէմ
քծնելով
անկարողութիւնը
կը
յայտնէ,
միեւնոյն
ատեն
առաջարկելով
որ
Հիւպատոսը
նոյն
ինքն
անձամբ
փորձէ
զսպելու
համար
յարձակումները,
եւ
Հիւպատոսը
կը
ստիպուի
մէկ
քանի
սպաներ
ու
զինուորներ
առնելով
շրջիլ
քաղաքին
մէջ,
ջարդը
դադրեցնելու
յոյսով։
Հիւպատոսին
անցած
միջոցին
վայրագ
խուժանը
կը
սկսի
փախչիլ
փողոցէ
փողոց
եւ
տղայական
պահուըտուք
խաղալ։
Բաւական
աշխատութենէ
ետքը
Հիւպատոսը
կը
ստիպուի
գործը
իր
վիճակին
ձգել,
խնդիրը
անմիջապէս
տեղեկագրելով
առ
որ
անկ
է։
Շոգեկառքի
սուլումները
սկսան՝
ժամէ
ժամ
օրօրելով
զմեզ
սնոտի
յոյսերով,
մինչդեռ
Անգլիական
Հիւպատոսը
կ՚երթեւեկէ
եղեր
Ատանայէն
Մէրսին,
Մէրսինէն
Ատանա։
Առաջին
գիշերը
այսպէս
անցաւ
եւ
մենք
դժբաղդ
ու
անտէր
Հայերս՝
միայն
Ամենակարողին
օգնութեան
ապաւինելով
առանց
վայրկեան
մը
քնանալու
ոտքի
վրայ
լուսցուցինք։
Երկրորդ
օրը
արշալոյսին
հետ
յարձակումները
կրկրնապատկուեցան
ամէն
կողմերէ։
Հրազէնները
կը
պայթէին
ու
կը
պայթէին
իրենց
տեսակներուն
կատաղութեամբը
եւ
զինուորներու
մաւզէրները
ցած
ու
աննշան
ձայներով
հեռուներէն
կը
ղրկէին
սրածայր
ու
բարակ
կապարներ,
որոնք
ասեղի
պէս
ծակելով
կ՚անցնէին
իրենց
հանդիպած
տեղերէն
եւ
կամ
մժեղի
բզզիւնով
մը
մեր
ականջներուն
քովէն
անցնելով
կ՚երթային
հեռուները։
Հաստ
պատերը
ահագին
ժայռերը,
մարմարիոնէ
սիւները
հազիւ
բարակ
թուղթի
մը
չափ
տկարութեամբ
կը
ծակուէին
մաւզէրի
սոսկալի
կապարներէն։
Մէկ
սենեակի
մէջ
տասը
հոգի
մէկէն
մաւզէրի
մէկ
գնտակով
սպանուիլը
տեսանք
ապշութեամբ,
եւ
ահա
այսպիսի
սենեակներու
մէջ
էր
որ
կը
մնայինք
եւ
կը
սպասէինք
անգութներու
գթութեանը
եւ
կամ
շահամոլ
օտարականներու
մարդասիրութեանը։
Սպասել
օգնութեան՝
ջարդի
պահուն,
ո՜հ
ինչ
անտանելի,
անհանդուրժելի
տառապանք
է
եղեր.
կը
հալինք,
կը
մաշինք,
կուլանք,
կ՚աղերսենք
ու
կ՚աղօթենք,
բայց
ի՜նչ
օգուտ,
ո՞վ
պիտի
հասնի
օգնութեան.
այն
վայրկեանները,
ո՜հ
այն
ժամերը
դարերու
չափ
կ՚երկարէին
մեզի
համար,
կ՚ուզէինք
ժամ
առաջ,
վայրկեան
մ՚առաջ
մեռնիլ,
առանց
սակայն
զգալու
ատիկա։
Մահը՛,
ո՜հ
մանաւանդ
ասանկ
պարագաներու
տակ,
անբնական
մահը
դժուար
շատ
դժուար
կը
թուէր։
Գիտնալով
մեռնիլ
եւ
անխիղճ
ոճրագործներու
դաշոյնին
տակ
հազար
ու
մէկ
չարչարանքներով
մեռնիլ,
սարսափելի
էր,
սարսափելի…։
Երեւակայեցէ՛ք
անգամ
մը
«դահիճները
կուգան,
ահա՛
մօտեցան»
ըսուած
ատեն
մարդ
ի՜նչ
կ՚ըլլայ,
ի՜նչ
սոսկալի,
անիմանալի
վիճակներու
կ՚ենթարկուի։
Անցնինք,
սիրելի՛
ընթերցող,
անցնինք
այն
վայրկեանները,
որովհետեւ
այդ
վայրկեաններու
յիշողութիւնն
անգամ
հատնում
է,
մահացում
է…։
Երկրորդ
օրուան
յարձակումները
ա՛լ
աւելի
սաստկացան,
եւ
տուներնուս
մէջ
գտնուող
Հայերս
ստիպուեցանք
մեր
Եկեղեցիները՝
եւ
մանաւանդ
օտարահպատակ
շէնքերու
մէջ
ապաստանիլ։
Իսկ
հեռուն
Յունաց
թաղին
մէջ
յոյները՝
կանխապէս
կառավարութեան
կողմէ
դրուած
նշանին
վրայ,
կարմիր
դրօշակներ
կախած
էին
իրենց
տուներուն
վրայ,
տարբերելու
համար
Հայերէն։
Քաղաքին
կեդրոնը
գտնուող
քրիստոնեաները
մեծ
մասով
լեցուեցան
Ֆրանսացի
Յիսուսեաններու
եւ
Մայրապետներու
եկեղեցին,
վարժարանները
եւ
բակերը,
որոնց
ընծայած
հիւրասիրութիւնը
եւ
ցոյց
տուած
մարդասիրութիւնը
յաւէտ
երախտապարտ
ըրած
է
Ատանայի
մնացեալ
Հայութիւնը։
Քրիստոնեաներէն
մնացեալ
մասերը
լեցուած
էին
Հայոց
Ս.
Աստուածածին
եւ
Ս.
Ստեփաննոս
եկեղեցիները,
Հայ-Հռովմէկանաց,
Հայ
Բողոքականաց,
Ասորի,
Մարոնի,
Քէլտանի
եկեղեցիները,
եւ
քիչ
մ՚ալ
Ամերիկեան
Միսիօնար
Մր.
Չէմպըրսի
տունը։
Հայոց
դիմադրութեան
գործին
բացի
յոյներէն
միւս
քրիստոնեայ
հասարակութեանց
ընծայած
օգնութիւններն
եւս
անուրանալի
են,
մանաւանդ
Ասորիները,
թուրք
թաղերուն
սահմանին
վրայ
Ճամըզ-կէօլիւի
մօտ
գտնուող
իրենց
եկեղեցիէն
բուռն
դիմադրութիւններ
ըրին
յարձակող
խուժանին
դէմ
եւ
այս
պատճառաւ
էր
որ
ջարդարարները
վրէժ
լուծելու
համար
այս
թշուառ
հասարակութեան
քահանան
վիրաւորեցին
եւ
եկեղեցին
այրեցին
երկրորդ
դէպքին։
Երկրորդ
օրը
Հայոց
թաղերու
սահմանները
նեղցան,
ժամէ
ժամ
ահ
ու
դողի
մատնելով
զմեզ
եւ
մեր
կրակուբոց
երիտասարդները՝
իրարու
ետեւէ
կը
բերուէին
ծանրապէս
վիրաւոր,
պատերազի
կամ
ճակատամարտի
դաշտէն։
Վայրկեան
մը
առաջ
հրացանը
ձեռքին
դիւցազնաբար
իր
ցեղին
կեանքն
ու
պատիւը
պաշտպանելու
վազող
Հայորդի
մը
յանկարծ
մէկ
քանի
տեղերէն
վիրաւորուած,
կամ
թեւը
կամ
ոտքը
կտրուած
եւ
կամ
բոլորովին
անշունչ
կը
բերուէր
ու
կը
նետուէր
մեր
առջեւը,
եւ
մենք
առողջապահական
պաշտօնեաներս
ոգի
ի
բռին
կ՚աշխատէինք
գոնէ
կեանք
մը
փրկելու
համար։
Խումբ
մը
զինեալ
երիտասարդներով
շրջապատուած
դեղարան
կը
վազեմ
եւ
ահա
հեռուէն
նետուած
մաւզէրի
գնտակ
մը
կուգայ
գետին
կը
փռէ
ընկերներէս
մին,
եւ
մենք
առանց
ետեւնիս
նայելու
կը
փախչինք
բզզացող
անթիւ
կապարներու
մէջէն,
կոխկրտելով
բազմաթիւ
դիակներ,
որոնք
լեցուեր
էին
փողոցներու
ամէն
կողմերը։
Դիմադրութեան
միջոցին
մեր
ձեռքն
ինկան
տասնի
չափ
թուրքեր
եւ
նոյն
իսկ
ոստիկան
զինուոր
մը,
որոնք՝
քիթերնին
իսկ
չարիւնելու
պայմանաւ
պաշտպանուեցան
մասնաւոր
սենեակի
մը
մէջ,
եւ
վերջն
ալ
այս
գերի
առնուած
ու
ստոյգ
մահէ
ազատած
անխիղճները՝
սուտ
վկայութիւններ
տուին
կարգ
մը
անմեղ
Հայերու
մասին։
Յանկարծ
իրարանցում
մը
կը
սկսի
«Անգլիական
Հիւպատոսը
կուգայ»
կ՚ըսեն
եւ
ահա
կը
տեսնենք
Հիւպատոսը
ձիու
վրայ
եւ
թեւէն
զարնուած,
անշուշտ
խուժանին
կապարովը,
եւ
մենք
շրջապատած
զինքը,
արցունքներով
ներողութիւն
կը
խնդրենք
որ
մեր
երեսէն
ինք
ալ
վիրաւորուեցաւ,
պաղատագին
կը
խնդրէինք
նաեւ
որ
ջարդը
դադրեցնէ,
գթայ
մեր
վիճակին։
Սրտոտ
եւ
վեհանձն
Հիւպատոսը
արտասուաթոր
աչքերով
ցաւ
կը
յայտնէ
որ
չկրնար
խօսք
հասկցնել,
որով
ստիպուած
է
կրկին
Մէրսին
երթալու
եւ
հոն
օգնութեան
սպասելու։
Մեր
արցունքներուն
եւ
պաղատանքներուն
մէջէն՝
Հիւպատոսը
կը
բաժնուի՝
ձգելով
զմեզ
բոլորովին
առանձին։
Իրիկունը
մօտեցած
է,
գիշերուան
գալուստին
կսպասենք,
զինադադարով
քիչ
մը
հանգիստ
ընելու
փափաքով,
եւ
սակայն
գիշերներն
ալ
հրդեհները
կը
սկսին։
Սուրի
եւ
կրակի
մէջ
մնացեր
էինք։
Երկրորդ
օրն
ալ
իրիկուն
եղաւ։
Եւ
մզկիթներու
գագաթներէ
փոխանակ
աղօթք
կարդալու՝
այն
բարձրերէն
անհատնում
կապարներ,
կրակներ
կը
թափուէին
մեր
վրայ՝
անդուլ
ու
անդադար.
այս
միջոցին
Ամերիկեան
աղջկանց
վարժարանը
պաշարուած
էր
անթիւ
թուրքերով,
որոնք
բարձրաձայն
կը
պահանջէին
աղջիկները։
Կապարներու
տեղատարափին
վրայ
Մր.
Չէմպըրսի
քաջասրտութեան
շնորհիւ
դիմացի
տունին
պատը
կարելի
կ՚ըլլայ
ծակել,
եւ
վարժարանը
պարպել
աղջիկներէն,
որոնք
ծակէ
ծակ
անցնելով
կը
հասնին
Չէմպըրսի
տունը,
եւ
այս
միջոցին
Մր.
Չէմպըրսի
հետ
աշխատող
Մարաշցի
նշանաւոր
Հայ
քարոզիչ
մը
Յովակիմ
էֆ[էնտի]
Գայաեան՝
մէկ
քանի
թուրքերու
ձեռքը
կ՚իյնայ
եւ
Մր.
Չէմպըրսի
բազուկներուն
մէջ
կը
սպաննուի
սուրերով
ու
սուիններով։
Նոյնպէս
այս
պահուն
Ամերիկացիներէն
Տարսօնի
Միսիօնար
մեծանուն
Հայասէր
Մր.
Քրիսթիի
փեսան
Մր.
Րաճըրզ
եւ
Հաճընի
Միսիօնար
Մր.
Մավրըր՝
կը
տեսնեն
որ
իրենց
վարժարանին
քովի
շէնքը
կ՚այրի
եւ
վստահելով
իրենց
օտար
հպատակութեանը՝
հրդեհը
մարելու
համար
քիչ
անդին
հրդեհին
վայրը
գացած
էին,
բայց
թուրքերը
անմիջապէս
կրակ
ընելով
սպաննեցին
երկու
անձնուէր
Ամերիկացի
միսիօնարները։
Նոյնպէս
Ֆրանսացւոց
եկեղեցիին
քով
ծանրապէս
վիրաւորեցին
Ֆրանսացի
Յիսուսեան
Հայր
Սապաթիէնը՝
մինարէէ
մը
նետուած
մաւզէրի
գնդակով
մը։
ՊԱՏ.
ՅՈՎԱԿԻՄ
ԳԱՅԱԵԱՆ.
Ծնած
1877ին
Ատանայի
մէջ։
Տարսոնի
Ամերիկ[եան]
գէլեճէն
եւ
Մարաշի
Աստուածաբանական
վարժարանէն
շրջանաւարտ,
քարոզիչ
եւ
բանաստեղծ։
Նահատակուեցաւ
այս
պատուական
երիտասարդն
ալ
Ատանայի
ջարջին
մէջ,
Ամերիկեան
գօլէճի
աղջիկները
ազատած
միջոցին։
Գիշերուան
մութը
հազիւ
թէ
կոխեց,
ահա
հրդեհները
սկսան
ամեն
կողմերէ,
ահագին
բոցերու
ճարճատիւնները
վերսկսան
բարձրանալ,
սարսափեցնելով
զմեզ։
Ֆրանսացի
Յիսուսեաններու
եկեղեցին
գտնուող
հազարաւոր
կիներ
բարձրաձայն
«Տէր
ողորմեա՜յ»
կ՚աղաղակէին,
պաղատագին
աղօթելով,
լալով
եւ
ողբով։
Իսկ
այրերը
եկեղեցւոյ
բակին
մէջ
բաց
տեղը
կեցած
հրդեհներուն
տեղերը
կ՚որոշէին
ենթադրութիւններով։
Հրդեհները
մօտեցան
եւ
պաշարեցին
զմեզ
ամեն
կողմերէ։
Յանկարծ
մեր
ազգային
վարժարանին
ու
նոր
շուկային
բռնկիլը
գուժեցին,
անմիջապէս
եռանդուն
եւ
քաջարի
երիտասարդներ
վազեցին
գացին
դիմադրելու
եւ
հրդեհին
առաջքը
առնելու
համար։
Հազիւ
թէ
այդ
քանի
մը
տղաքը
հազարաւոր
գայլերու
վոհմակին
մօտեցան,
խուժանը
սկսաւ
փախչիլ
եւ
կրակը
մարեցաւ՝
անհուն
ուրախութիւն
պարգեւելով
մեզ։
Նորէն
վոհմակը
գառնուկի
մորթով
յանկարծակիի
բերել
փորձեցին
եւ
սակայն
բարեբաղդաբար
մեր
քաջարթուն
տղաքը
իսկոյն
հասկցած
էին
թշնամիին
խորամանկութիւնը,
անմիջապէս
բոլոր
դիմադրող
քաջերը
զիրար
ճանչնալու
համար
մէկ
անունով
կոչուիլ
որոշեցին
եւ
մէկ
քանի
ժամ
«պատրա՜ստ»
կոչուեցան։
Ամէն
պահակի
առջեւէն
անցնողը
պարտաւոր
էր
«պատրա՜ստ»
գոչել
եւ
անցնիլ,
հակառակ
պարագային
իբրեւ
թշնամի՝
գնտակը
պիտի
ուտէր։
Մօտերը
գտնուող
թշնամին
«պատրաստ»
նշանին
տեղեկանալով
իրենցմէ
մէկ
քանին
փորձած
էին
«պուտրօս»ի
սխալ
հնչումով
մը
մեր
մէջը
արշաւել.
սակայն
բարեբաղդաբար՝
մեր
տղաքը
շուտով
հասկցած
էին
դաւադրութիւնը
հնչումի
սխալէն
եւ
որով
թշնամին
հանդէպ
գտնուելնին։
Դաւադիրներուն
գետին
փռուելէն
ետքը
հաստատուեցաւ
մեր
տղայոց
կասկածը
եւ
յետոյ
ստիպուեցան
փոխել
«պատրաստ»
անունը
«կայծակ»ի,
եւ
այսպէս
պատերազմի
գոյն
մ՚առաւ
գիշերուան
մութին
մէջ
մեր
դիմադրութիւնը։
Երկրորդ
գիշերը
շատ
մեծ
վախեր
անցուցինք
եւ
մինչեւ
լոյս
կրակներու
մէջ
մնացինք։
Պահ
մը
մեր
քաջերուն
յուսահատական
նշանները
տեսնելով
ժողով
գումարեցինք
որոշելու
համար
մեր
վերջնական
ընթացքը,
եւ
երկար
բարակ
վիճաբանութիւններէ
ետքը,
որոշուեցաւ
մինչեւ
վերջին
վայրկեանը
դիմադրել,
որովհետեւ
համոզուած
էինք
որ
եթէ
թշնամիին
անձնատուր
ըլլայինք,
անպայման
պիտի
ջարդուէինք
անմիջապէս։
Հրդեհները
մօտեցան
եւ
մեր
կիները
սկսան
սոսկալի
ճիչեր
արձակել։
Այրերը
լռեցնել
շատ
դիւրին
էր,
միայն
կիները,
այդ
պահուն
անտանելի
փորձանք
մը
եղած
էին։
Պզտիկներն
ալ
իրենց
մայրերուն
վիզին
փաթթուած
կը
ձայնակցէին
անոնց։
Այրերը
կրակ
ու
բոց
կտրած
լռութեան
կը
հրաւիրէին
զանոնք,
հակառակ
պարագային՝
կը
սպառնային
ամէնքն
ալ
սպաննել։
Բողոքական
երիտասարդ
մը
կիները
գլուխը
ժողված
ապաշխարութեան
եւ
աղօթքի
կը
հրաւիրէր.
«մեղա՜յ,
մեղա՜յ»
բացագանչութիւնները,
սրտակեղեք
«Տէր
ողորմեա՜յ»ները
օդը
կը
թնդացնէին,
բայց
Հայուն
Աստուածը
խուլ
եղած
էր
եւ
չէր
հասներ
օգնութեան՝
ազատելու
համար
մնացած
ափ
մը
Հայերը…։
Ո՜հ
այն
ժամե՜րը,
անցնինք
այն
ահռելի
վայրկեանները։
Ոտքի
վրայ
կեցած
կամ
սիւնի
մը
եւ
կամ
պատի
մը
կրթնած,
առտուան
արշալոյսին
ծագելուն
կը
սպասենք
անհամբեր։
Ցորեկը՝
գիշերուան
մութը
կը
փնտռէինք,
եւ
գիշերը՝
պայծառ
լոյսը։
Առտուան
դէմ
յանկարծ
շոգեկառքին
սուլումը
կը
լսուի,
ինչ
որ
անհուն
ուրախութիւն
կը
պատճառէ
մեզի,
որովհետեւ
մեր
վերջին
յոյսը
Մէրսինէն
կը
սպասէինք։
Եւ
ահա
սուտ
զրոյցներ
կը
սկսին
տարածուիլ
«ազատեցա՜նք,
ազատեցա՜նք»
կը
գոչեն
եւ
մէկ
քանի
վայրկեան
վերջը
կը
հասկնանք
որ
դժբաղդաբար
եկողը
միայն
Անգլիական
Հիւպատոսն
է,
բոլորովին
առանձին։
Ա՛լ
կրնայ
երեւակայուիլ
մեր
յուսահատութեան
աստիճանը։
Աշխարհի
վրայ
յոյսի
նշոյլ
մ՚իսկ
չէր
մնացած
եւ
մենք
կը
սպասէինք
մեր
մահուան
վայրկենին։
Երրորդ
օրը
յարձակումները
ա՛լ
աւելի
սաստկացան,
որովհետեւ
թշնամին
շատցած
էր,
Հալէպէն,
Սեբաստիայէն
ասդին՝
գտնուող
թուրքերը
վազած
եկած
էին
Ատանայի
վրայ,
որով
խուժանը
ծովածաւալ
համեմատութիւն
մը
առած
էր։
Մեր
կողմի
ռազմանիւթերը
կը
սպառին
ժամէ
ժամ,
եւ
այս
պարագան
էր
որ
ամենէն
աւելի
սարսափ
կ՚ազդէր
մեզի։
Յանկարծ
աւետիս
մը
կը
լսուի,
«Յոյն
երիտասարդներ,
իրենց
թաղերէն
թշնամին
վանելէ
ետքը,
մեզ
միանալու
կուգան»,
եւ
ահա
կարգ
մը
տղաք
իրենց
հրացաններուն
փարած
Յոյները
դիմաւորելու
կերթան։
Բայց
դժբաղդաբար
մէկ
քանի
վայրկեան
ետքը
մեր
տղաքները
ահագին
կորուստ
տալով
ետ
դարձան,
վիրաւորներու
մեծ
շարքով
մը։
Կը
հասկնանք
որ
այս
ալ
թշնամիին
մէկ
խաղն
էր,
եւրոպական
գլխարկներով
Յոյն
ձեւացուցած
էին
ինքզինքնին
ժամ
առաջ
արշաւելու
համար
մեր
մէջ։
Մինչդեռ
նոյն
միջոցին
Յոյները
անդին
իրենց
տուներուն
մէջ
հանգստացած
հազար
փառք
կուտային
որ
Հայ
չեն
ծնած,
եւ
խուժանին
կը
յանձնէին
իրենց
տուները
ապաստանող
Հայերը…։
Այս
միջոցին
էր
որ
թեւէն
զարնուեցաւ
Ատանայի
մեր
ինքնապաշտպանութեան
ամենէն
խիզախ
պետերէն
Տիգրան
Էֆ.
Պզտիկեան,
որ
վերջը
Պէրութի
մէջ
մեռաւ։
Ատանայի
առաջին
ջարդին
ինքնապաշտպանութեան
հերոսներէն
ՏԻԳՐԱՆ
ԷՖ[ԷՆՏԻ]
ՊԶՏԻԿԵԱՆ,
որ
բազուկէն
վիրաւորուելով
ջարդէն
ետքը
դժբաղդաբար
մեռաւ
Պէյրութի
մէջ։
Ծնած
էր
1882ին
Ատանայի
մէջ
եւ
կանոնաւոր
կրթութիւն
մը
ստանալէ
ետքը
իր
հօրը
ընդարձակ
հողերուն
մէջ
երկրագործութեան
կը
հսկէր։
Կէս
օրուան
մօտ
յանկարծ
նոր
լուր
մը
կը
գուժուի
որ
բոլորովին
կը
սարսափեցնէ
մեզ։
Հայոց
թաղին
մեծ
մասը
ձեռքէ
գացած
էր
եւ
թշնամին
մօտեցած
էր։
Պահակ
տղաքը
կը
վազեն
եւ
«օգնութի՜ւն,
օգնութի՜ւն»
կը
պօռան։
Վախկոտները
կը
խրախուսենք,
շատերուն
ետքը
կ՚իյնանք
շտապելու
համար
դիմադրավայրը,
խուճապը
կ՚աւելնայ,
սոսկալի
իրարանցում,
աղաղակներն
ու
պոռչտուքները
կը
շատնան,
ամէն
կողմէ
«օգնութի՜ւն»
կը
պոռան։
Հրազէնները
հազարաւորներ
միասին
կը
պայթին
եւ
կիսամահ
վիրաւորներն
իսկ
ոտքի
ելլել
կ՚ուզեն
դիմադրութեան
երթալու
փափաքով։
Եւ
ահա
մեր
մէկ
քանի
քաջ
հայորդիները
կուգան
աւետելու
թէ
թշնամին
ընկճած
եւ
ստիպուած
է
ետ
նահանջել։
Եւ
սակայն
մեր
ռազմանիւթը
սպառած
է.
անօթութիւնը
ծայր
աստիճան
հասած
է,
շատերը
երեք
օրուան
անօթութենէ
կը
մարին,
մանաւանդ
մանուկները
կը
մեռնին ,
որոնց
կարգին
մեռաւ
նաեւ
այս
տողերը
գրողին
մէկ
տարեկան
զաւակը
Գրիգորիս
Ռաֆֆին։
Մեր
միակ
յոյսը
եղող
կապարները
կը
հալին
ու
կը
հատնին
մեզի
հետ,
բոլորովին
շուարեցնելով
մեզ։
Հայ
թաղերու
սահմանը
նեղցաւ։
Դիմադրող
փոքրաթիւ
տղաքները
յոգնեցան,
ընկճեցան
եւ
թշնամիին
գնտակները
սկսան
թափուիլ
մեր
գտնուած
բակին
մէջ,
որոնցմով
մէկ
քանի
հայեր
յանկարծ
ինկան
անշունչ
եւ
սարսափը
ա՛լ
աւելի
մեծցաւ։
Յոյսի
նշոյլ
մը
իսկ
չի
մնաց,
«լմնցա՜նք,
լմնցա՜նք»
կը
գոչէին
ամեն
կողմերէ։
Այս
ժամուն
էր
որ
հայ
քահանայ
մը
բարձր
տեղ
մը
ելլելով
սկսաւ
«ողորմեսցի՜»
մը
ըսել
մահամերձներուն։
Քահանան
կը
փղձկէր
եւ
չէր
կրնար
արտասանել
իր
աղօթքը,
եւ
լաց
ու
կոծը
ընդհանրացաւ։
Թշնամիները
իրարու
յանցանք
կը
ներէին,
զաւակները,
իրենց
ծնողաց
ձեռքերը
կը
համբուրէին,
ամուսիններ
իրարու
փարած
կուլային
անդադար։
Հրացանի
ձայները
այնքան
մօտեցան
մեզի
որ
իբր
թէ
վեր
քովի
փողոցին
մէջ
կը
նետուէին,
նոյն
իսկ
թշնամիէն
մէկ
քանի
նախայարձակներ
մեր
աչքին
առջեւ
գետին
փռուեցան։
Եւ
վերջապէս
խորհրդակցութիւն
մը
կատարելով՝
որոշեցինք
վերջին
փորձ
մը
եւս
ընել,
գթութիւն
հայցելու
կառավարութենէն։
Արդէն
բոլորովին
յուսահատած
էինք։
Մէկ
քանի
երիտասարդներ
դիմեցին
հայոց
թաղին
կեդրոնը
անվնաս
պաշտպանուող
թուրք
երեւելիներէ
Թէքէլիզատէ
Օսման
պէյի,
խնդրելով
որ
ինք
անձամբ
կառավարութեան
դուռը
երթայ,
մեր
վիճակը
պարզէ
եւ
գոնէ
մնացածներուս
համար
գթութիւն
եւ
պաշտպանութիւն
հայցէ։
Հազուագիւտօրէն
բարի
եղող
Օսման
պէյ՝
անմիջապէս
կառավարութեան
դուռը
գնաց։
Հոն
կուսակալ
Ճէվատ
պէյը
գլուխը
ժողված
կարգ
մը
խուժանապետներ,
նախ՝
կը
մերժեն
Օսման
պէյի
խնդրանքը,
եւ
վերջը
գաղտնի
խորհրդակցութիւններէ
ետքը
կը
մեղմանան։
Օսման
պէյ
տեսնելով
կուսակալին
եւ
շուրջի
արբանեակներուն
ընդդիմութիւնը,
կը
բորբոքի
եւ
իբրեւ
Իսլամ
մեծ
կրօնաւոր
մը՝
կը
բողոքէ
կատարուած
անարդարութեան
եւ
անաստուածութեան
դէմ,
հաւաստելով
որ
Հայերը
կատարելապէս
անմեղ
են
եւ
թէ
ինք
ու
բազմաթիւ
թուրքեր
սոսկալի
ջարդին
միջոցին
քրիստոնեաներու
թաղին
մէջ
կատարելապէս
անվնաս
մնացին,
եւ
կ՚ըսէ
«
քրիստոնեաներուն
ըրածը՝
խուժանային
յարձակման
դէմ,
ճգնաժամային
ընդդիմութիւն
մ՚է,
ուրիշ
ո՛չինչ,
պէտք
է
խղճալ
գոնէ
մնացած
փոքրաթիւ
հայերուն
վրայ»,
վերջապէս
հազար
ու
մէկ
նազերով
կ՚ընդունին
զինադադարը,
պայմանաւ
որ
հայոց
երեւելիները
մեղայագիր
մը
ստորագրեն։
Օսման
պէյ՝
վերադարձաւ
մեր
ազատումը
աւետելով,
սակայն՝
չէինք
կրնար
հաւատալ,
որովհետեւ
անոնց
երդումներն
ու
պատուոյ
խօսքերը
միշտ
սուտ
ելան
եւ
դրժեցին
իրենց
ուխտերը։
Օսման
պէյ
առաջարկեց
որ
մէկ
քանի
հայ
երեւելիներ
ընկերանան
իրեն
եւ
կառավարութեան
դուռը
երթալով
հաշտութեան
ձեւակերպութիւնները
կատարեն։
Այս
պատուական
թուրքին
անկեղծութիւնը
վայրկենէ
վայրկեան
կատարեալ
վստահութիւն
ներշնչեց
մեզ,
եւ
անմիջապէս
որոշուեցաւ
որ
մէկ
քանի
անձեր
Օսման
պէյի
հետ
երթան,
իսկ
այս
միջոցին
դուրսը
կռիւը
կը
շարունակուէր
կատաղի
կերպով։
Մենք
բոլորովին
յուսահատած
վայրկեան
մ՚առաջ
հաշտութեան
կնքուիլը
կ՚սպասէինք
անհամբեր,
յուսալով
որ
յարձակումները
պիտի
դադրին
եւ
ազատ
շունչ
մը
պիտի
առնենք։
Ազնիւ
թուրքին
Օսման
պէյի
հետ
մեկնեցան
մէկ
քանի
հայ
երեւելիներ,
որոնք
Օսման
պէյի
հետ
եկած
ջոկատ
մը
զինուորներու
պաշտպանութեան
տակ,
թուրք
թաղերէն
եւ
ահռելի
խուժանին
մէջէն
անցնելով
հասան
կառավարական
պաշտօնատունը։
Հոն
կուսակալ
Ճէվատ
պէյի
նախագահութեամբ
Ատանայի
թուրք
եւ
հայ
երեւելիները
նիստ
գումարելով
հաշտութիւն
գոյացուցին,
հայերը
զէնքերը
յանձնելու
պայմանաւ։
Թուրք
երեւելիները
կեղծ
ու
պատիր՝
յուդայական
համբոյրներ
փոխանակեցին
եւ
ապա
քաղաքին
մէջ
շրջելու
ելան,
դադրեցնելու
համար
յարձակումներն
ու
դիմադրութիւնները։
Ջարդին
սկիզբը
ներկայ
եղող
երկու
հարիւր
զինուորները
եւ
բնական
կերպով
զէնքի
տակ
առնուած
պահեստի
զօրքերը
կանոնաւոր
կերպով
շարժման
մէջ
դրուեցան,
առջեւէն
հայ
եւ
թուրք
երեւելիները
եւ
երեւէն
զինուորները
քալելով
սկսան
նախ
թուրք
թաղերը
եւ
ապա
քրիստոնեայ
թաղերը
պտըտիլ,
պոռալով,
կանչուըռտելով,
որ
«զէնքերը
վա՜ր
առէ՜ք,
կրակնե՜րը
դադրեցուցէ՛ք,
հաշտուեցա՜նք,
նորէն
եղբայր
եղանք»։
Ջարդէն
մազապուր
ազատած
վերապրողներս՝
զինուորական
փոլերուն
ձայները
լսելով
անհունօրէն
կ՚ուրախանայինք,
շնորհաւորելով
զիրար,
չկրնալով
հաւատալ
թէ
իրաւցնէ
ազատա՞ծ
էինք
արդեօք։
Զինուորները՝
որ
ջարդէն
առաջ
իբր
թէ
փոքրաթիւ
խուժանը
չէին
կրցած
զսպել,
ջարդէն
ետքը
անոր
տասնապատիկը
աւելի
եղող
ահագին
խուժանը
զսպեցին
կէս
ժամուան
մէջ…։
Ժամը
10ին
(Ը.
Թ)
պահ
մը
հրացանները
լռեցին,
հրդեհները
մարեցան
եւ
ահա
զինուորական
ջոկատ
մը՝
փողահարութիւններով
եկաւ
շարուեցաւ
Ֆրանսացի
Յիսուսեան
հայրերու
եկեղեցւոյն
դրան
առջեւ,
որուն
մէջ
կը
գտնուէր
քրիստոնեաներուն
մեծագոյն
մասը։
Ուրիշ
ջոկատներ
դրուեցան
միւս
եկեղեցիներուն
դուռներուն
առջեւ
եւ
քրիստոնեայ
կեդրոնները,
որոնցմէ
սկսաւ
փողահարութիւնը,
միեւնոյն
խաղերով
կամ
եղանակով
նշաններ
փոխանակել
խաղաղութեան
մասին։
Քաղաքը
երկու
ժամու
չափ
հանդարտեցաւ
եւ
մեր
ականջները
քիչ
մը
հանգստութիւն
վայելեցին։
Իրիկուան
ժամը
12ին
(Ը.
Թ.
)
կրկին
սկսան
հրացանաձգութիւնները,
այս
անգամ
թշնամի
խուժանն
էր
որ
յարձակումի
փորձեր
կ՚ընէր
այլ
եւ
այլ
կողմերէ
եւ
զինուորները
մեր
կողմէ
կը
պատասխանէին
անոնց,
օդին
մէջ
պարպելով
իրենց
մաւզէրները։
Գիշերը
մէկ
քանի
տեղերէ
նորէն
հրդեհի
բոցեր
բարձրացան,
մինչդեռ
միեւնոյն
ատեն
հրացանները
կը
պայթէին
ու
կը
պայթէին
անդադար,
իսկ
զինուորները
կը
վստահացնէին
մեզ
որ
չվախնանք
եւ
կը
զգուշացնէին
զէնք
արձակելէ։
Այդ
գիշերը՝
մեր
վերապրումի
առաջին
գիշերը
ուժասպառ
ինկած
քնացանք՝
հոս
հոն
չոր
գետնին
վրայ
կատարեալ
հանգիստ
զգալով
ինքզինքնիս։
Չորրորդ
օրը
կանուխէն
կ՚արթննանք
եւ
ի՜նչ
տեսնենք.
խաղաղութիւն
կը
տիրէ
ամէն
կողմ.
զինուորները
մեզ
կը
պատմեն
գիշերուան
յարձակումները
եւ
իրենց
ի
գործ
դրած
բուռն
դիմադրութիւնները
եւ
մենք
երախտագիտութեամբ
մտիկ
կ՚ընենք
այս
ամենը։
Քիչ
մը
դուռնէն
դուրս
ելլել
կ՚ուզենք,
զինուորները
կ՚արգիլեն
եւ
սակայն
գործի
բերմամբ՝
վիրաւորներու
դեղ
եւ
դարման
հասցնելու
փափաքով
կը
նետուիմ
դուրս՝
ի
լոյս
աշխարհ։
Ո՜հ,
տեսարանը
զարհուրելի
էր,
փողոցները
դիակներով
լեցուած
էին,
անթիւ
անհամար
հայեր՝
անշունչ
կամ
կիսամեռ
պառկած
էին,
հոս
հոն՝
իրարու
վրայ,
եւ
խուժանին
ամենէն
սրտոտները
եկած
էին
ու
ու
հրճուանքով
կը
դիտէին
արիւնահեղութեան
դաշտին
վրայ
իյնող
անմեղ
հայ
նահատակները։
Փողոցներու
մէջ
հետաքրքիր
թուրքերու
թիւը
հետզհետէ
աւելցան,
որոնք՝
առանց
բացառութեան
ճերմակ
փաթթոցներ
կապած
էին,
քրիստոնեաներէն
տարբերելու
համար։
Յանկարծ
թաղապետութեան
տասնեակ
մը
աղբակառքերը
եկան
շարուեցան
մեր
փողոցները,
եւ
ահա
հազարաւոր
հայու
դիակները
սկսան
ժողվել
փողոցներէն,
որոնք
փոխադրուեցան
գետեզերք
եւ
թափուեցան
Սիհունի
գետը։
Նահատակներուն
մէջ
գտնուած
էին
նոյն
իսկ
ողջ
հայեր,
ինչպէս
Տիրան
էֆ[էնտի]
Առաքելեան
անունով
ազնիւ
երիտասարդ
մը,
զոր
հակառակ
իր
աղաչանքներուն,
տարած
վիրաւոր
վիճակով
յանձնած
էին
Սիհունի
հոսանքին…։
Երկու
օր
անընդհատ
հայու
դիակներ
փոխադրուեցան
փողոցներէն
Սիհունի
գետը,
որ
տարաւ
յանձնեց
Միջերկրականի
ամեհի
ալիքներուն։
Ատանայի
նահատակներէն
Տիրան
էֆ[էնտի]
Առաքելեան,
որ
լաւ
դաստիարակուած
եւ
զարգացած
երիտասարդ
մ՚էր։
Ծանրապէս
վիրաւոր
եւ
ողջ
վիճակով
Սիհունի
գետը
նետուած
է
անգթօրէն։
Ատանայի
նահատակներէն
Տիրան
Էֆ.
Առաքելեան,
որ
լաւ
դաստիարակուած
եւ
զարգացած
երիտասարդ
մ՚էր։
Ծանրապէս
վիրաւոր
եւ
ողջ
վիճակով
Սիհունի
գետը
նետուած
է
անգթօրէն։
Դժբաղդ
հայերս՝
փողոցները
ելած
մեր
կորսուած
ազգականները
կը
փնտռենք,
եւ
ահա
փողոցի
անկիւնը
կը
գտնենք
զանոնք
անշունչ
դիակնացած։
Ո՜հ,
այն
ահաւոր
ժամերը,
այն
չարաշուք
վայրկեանները,
զանոնք
յիշելն
իսկ
սարսափ
կ՚ազդէ։
Կառավարութիւնը
մունետիկներու
միջոցաւ
«պաշարման
վիճակ»
հրատարակուած
ըլլալը
ծանոյց,
եւ
ես
անմիջապէս
Ֆրանսերէն
գիրով,
հայերէն
լեզուով
հեռագիր
մը
խմբագրելով
հեռագրատուն
ղրկեցի
զինուորի
մը
հետ,
Կ.
Պոլիս
օրաթերթի
մը
հասցէին,
«սարսափելի
ջարդ,
թալան,
հրդեհ,
սոսկալի
թշուառութիւն,
պաշարման
վիճակ»։
Հեռագիրս
չընդունուիր,
առարկելով
որ
կուսակալը
արգիլած
է
ջարդի
մասին
հեռագիր
տրուիլը,
բայց
հեռագրատարս՝
պատուէրիս
համաձայն
տգէտ
պաշտօնեայն
կը
համոզէ
վստահեցնելով
թէ,
հեռագրին
պարունակութիւնը,
«ամենքնիս
ալ
ողջ
առողջ
ենք»
խօսքերէ
բաղկացած
է։
Հեռագիրներ
կը
հասնին
մեզի
ամեն
կողմերէ,
որոնց
պատասխանները
մեր
ուզած
ոճով
չեն
ընդունուիր
հեռագրատունէն,
այլ
հեռագրատան
պաշտօնեաները
կը
խմբագրեն
զանոնք,
իրենց
տրուած
հրամանին
համաձայն
«ողջ
առողջ
ենք»
բացատրութեամբ։
Վստահութիւնը
վայրկենէ
վայրկեան
կ՚աւելնայ
եւ
մեր
ժողովուրդի
մէկ
մասը
կ՚երթայ
իր
մօտակայ
տուները։
Հայոց
թաղերուն
կեդրոնը
գտնուող
նպարավաճառի
խանութները
կը
բացուին
եւ
հացագործները
գործի
կը
սկսին,
ուտելիք
հասցնելով
սովամահ
ըլլալու
վիճակին
հասած
ժողովուրդին։
Թշուառութիւնը
յետին
աստիճանին
հասած
էր,
հազարաւոր
ընտանիքներ
անտուն
անտէր
մնացած
էին
մէջտեղը,
որոնց
օգնութիւն
պիտի
ըլլար
միայն
ազգէն
եւ
խեղճ
ազգը՝
քայքայուած
չէր
գիտեր
ընելիքը։
Քաղաքապետութեան
կողմէ
իբրեւ
օգնութիւն՝
մէկ
քանի
պարկ
ալիւր
ղրկուած
էր,
մինչդեռ
քսան
հազարէ
աւելի
ժողովուրդը
«հա՜ց»
կը
պոռար
միաբերան։
Չորրորդ
օրն
ալ
անցաւ
այս
վիճակին
մէջ
եւ
հինգերորդ
օրը
վստահութեան
չափն՝
ա՛լ
աւելցաւ,
որով
մնացած
ժողովուրդին
մեծ
մասը
ցրուեցան
իրենց
տուները։
Բոլոր
փողոցներուն
անկիւնները
պահակ
զինուորներ
դրուեցան,
որոնք
կը
հսկէին
խաղաղութեան
վերահաստատման։
Ս.
Ստեփաննոս
եկեղեցւոյ
բակին
մէջ
գտնուող
աղջկանց
վարժարանի
սրահները
անմիջապէս
հիւանդանոցի
վերածուեցան,
ուր
փոխադրուեցան
մէջտեղը
գտնուող
հինգ
հարիւր
աւելի
վիրաւորները,
այս
առթիւ
երախտագիտութեամբ
յիշենք
թէ
օտար
միսիօնարները,
ֆրանսացի
կրօն[աւոր]
հայրերն
ու
մայրապետները
մեծամեծ
ծառայութիւններ
մատուցին
մեզ։
Ամենքն
ալ
գրեթէ
հիւանդներու
ետեւէ
ինկած՝
հոս
հոն
կը
վազէին
պատգարակներով
եւ
կառքերով։
Զինադադարէն
ետքը
մեր
մէջէն
շատեր՝
գլխաւորաբար
ունեւորները,
սկսան
խումբ
խումբ
փախչիլ
շոգեկառքով
դէպ
ի
Մէրսին
եւ
անկէ
Եգիպտոս
կամ
Կիպրոս։
Կառավարութիւնը
կարծես՝
նկատելով
որ
երկրորդ
ջարդին
ենթարկուելիք
մարդ
չպիտի
մնար,
խստիւ
արգիլեց
այդ
գաղթը
եւ
նոյն
իսկ
շոգեկառքի
առօրեայ
երթեւեկութիւնն
ալ
դադրեցաւ
պաշտօնապէս։
Առաջին
ջարդի
միջոցին
ջարդուեցան
Ատանայի
շրջակայ
գիւղերուն
մէջ
գտնուող
հայերը
եւ
Ատանայի
կեդրոնը
քիչ
կորուստ
ունեցաւ,
մինչդեռ
երկրորդ
ջարդը
կործանեց
Ատանան։
[1]
Այս
ոճիրին
համար
իբրեւ
ոճրագործ
կախաղան
հանեցին
սեւամորթ
ջրհանկիր
մը։
[2]
Հայտար-օղլու
պանդոկի
կոտորածէն
ալ
ազատեցաւ
մէկ
հատիկ
հայ
երիտասարդ
մը,
որ
կծկտած
էր
բաց
դարակի
մը
մէկ
անկիւնը
եւ
զոր
հակառակ
կրկնակի
խուզարկութեանց
չէին
կրցած
տեսնել,
մինչդեռ
վայրենիներուն
արիւնոտ
աչքին
առջեւ
պահուած
էր։
Այս
ստոյգ
մահէն
ազատած
տղան՝
ջարդէն
ետքը
ամիս
մ՚ալ
բանտը
դրուեցաւ
իբրեւ
վարձատրութիւն
ողջ
մնալու։