ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՌԱՋԻՆ ՋԱՐԴԷՆ ԵՏՔԸ ԱՂԷՏԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ԵՂԱԾ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Առաջին ջարդէն անմիջապէս ետքը առողջապահական պաշտօնեաներն ու գթութեան քոյրերը, բարեգործական միսիօնարները մէջտեղ ելան։ Մէջտեղը մնացած անթիւ վիրաւորեալները դարմանելու համար առժամանակեայ հիւանդանոցներ հաստատուեցան, Հայոց կողմէ Աշխէնեան վարժարանին մէջ, ֆրանսացի Յիսուսեանց հայրերու եւ քոյրերու կողմէ՝ Շատրիկեանի տունը, Ամերիկացիներու կողմէ՝ երկաթուղիի կայարանին մօտ շէնք մը, որոնք հիւանդանոցի վերածուեցան եւ բժիշկներն սկսան գործի։ Յիսուսեանց գթութեան քոյրերուն ի գործ դրած ջանքերն ու հոգածութիւնները անմոռանալի յիշատակներ թողած են մեր սրտերուն խորերը։ Ասոնք փողոցներն իյնալով նոյն իսկ խուժանին մէջ պտտելով մուրացին աղէտեալներու օգնելու համար։

Հազիւ թէ հիւանդանոցներն ու բարեգործական հաստատութիւնները գործի սկսած էին՝ երկրորդ ջարդը վրայ հասաւ եւ մոռցուց առաջինին տպաւորութիւնը, աւելի խոր վէրքեր բանալով մեր սիրտերուն մէջ։