ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՏՈՒՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԻՍԼԱՄՆԵՐԸ ՓՈՂՈՑՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

«Դէպքը սկսածին պէս, Հայերը անմիջապէս իրենց հաստատուն տուները, խանութները, պանդոկները, ակումբները եւ եկեղեցիները քաշուեցան։ Փողոցները միայն իսլամները, եւ մանաւանդ թշուառ մշակները մնացին. եւ հայոց տուներէն նետուած գնդակները այն խեղճերը փողոցներուն մէջ փռեցին։

Ապիտին փաշայի պողոտան դէմդիմաց գտնուող թարգման Աւետիսի եւ Պզտիկեանի տուներէն, ու աւելի անդին Սմմիկեան Յարութիւն աղայի տունէն նետուող գնդակները մինչեւ կամուրջ հասնելուն՝ այն կողմերու երթեւեկութիւնը բոլորովին դադրեցաւ եւ գրեթէ կամուրջէն չէր անցնուէր։ Հայերու գործածած զէնքերուն մարթին, մաւզէր [1] տեսակներէն ըլլալը գնդակներէն կը հասկցուէր»։



[1]            Այս անունները տասնեակ անգամներ է որ կը կրկնէ մասնաւոր նպատակով, մինչդեռ բոլորովին սուտ է։