ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕՏԱՐ ՄԱՐՏԱՆԱՒԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆՈՒՄԸ

Առաջին ջարդին դադրելէն երկու օր ետքը՝ հետզհետէ Մէրսին ժամանեցին Ֆրանսական կառավարութեան «Վիքթօռ Հիւկօ» Անգլիական կառավարութեան «Սէյիֆչըր», Գերմանական կառավարութեան «Լօրլէյ», Իտալական կառավարութեան «Բիէմօնթէ» զրահաւորները։ Ասոնցմէ երկու օր ետքը ժամանեցին Ռուսական մէկ Գրուազէր եւ Ամերիկեան երկու խոշոր զրահաւորներ։ Բոլոր ասոնք՝ միայն ականատես կ՚ըլլային եղելութիւններուն եւ նուագահանդէսներով ու թատերական ներկայացումներով կը զուարճանային ծովուն վրայ եւ երբեմն ալ ելեքտրական լոյսերու ցոլացումներով իրենց ներկայութիւնը կը զգացնէին Մէրսինի ծովեզերքէն մինչեւ Ատանա։ Եւ սակայն անոնց ներկայութիւնը եւ մանաւանդ անգործութիւնն՝ ալ աւելի կատղեցուց ու քաջալերեց վայրագ խուժանը եւ որով մեծ բաժին ունեցաւ ջարդին կրկնութեանը մասին։