ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՏԱՆԱՅԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՋԱՐԴԸ

ՍԿԶԲՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ. 1909 Ապրիլ 12ի Կիրակի օրն էր, Տէտէ-աղաճի զօրքերուն ժամանումէն ետքը, Պոլսական լրագրի մը ուղղեալ՝ անմիջական թղթակցութիւն մը գրելով, թղթատարին յանձնելու համար կառավարութեան պաշտօնատունը կ՚երթայի։

Հազիւ թղթատան մօտեցած էի, յանկարծ տեսայ խուժանային ահագին բազմութիւն մը ժամացոյցի աշտարակին հրապարակին վրայ, ուր միթինկ մը գումարուած ըլլալու էր։ Ճամբան գոցուած ըլլալով, քաղաքավարութեամբ խնդրեցի որ ճամբայ տան անցնելու համար, առանց կռահելու թէ ամենասոսկալի վտանգի մը դէմ կ՚երթայի։ Բազմութեան մէջէն զիս ճանչցողները սկսան անլուր լուտանքներ թափել իրենց բերնէն, եւ այնպիսի շանթիչ ակնարկներ նետել վրաս, որ կարծես պիտի ուտէին զիս։ Բարեբաղդաբար ճամբայ ալ չիտուին, որով ստիպուեցաւ կամաց մը ետ դառնալ զգալով ահռելի վտանգի մը մօտաւորութիւնը։

Վերադարձիս անմիջապէս վազեցի Ազգ[ային] Առաջնորդարան եւ հոն մի քանի հայ երեւելիներու պատմեցի տեսածներս, յայտնելով նաեւ թէ անկասկած յարձակում  մը մօտալուտ ըլլալու է։ Ունկնդիրներս չ՚ուզեցին հաւատալ, յայտարարելով թէ անկարելի է որ երկրորդ յարձակում մ՚ալ ըլլայ, մանաւանդ որ Ազատութեան բանակին զինուորներն ալ ժամանեցին։ Տեսնելով մեծ աղաներու անտարբերութիւնը եւ մանաւանդ յիշելով Ազատութեան բանակին անկեղծութիւնը, ես ալ չուզեցի հաւատալ իմ կասկածներուս եւ դարձայ գործիս գլուխը։

Սակայն վայրկեանէ վայրկեան իրարանցումը կը բազմապատկուէր եւ սարսափը կ՚ընդարձակուէր մեր մէջ։ Պահ մը, Թուրք երիտասարդ մը մեր մէջ գալով սկսաւ անտեղի պատճառներով քրիստոնեաներու վրայ յարձակիլ, կրօնքի, ազգութեան եւայլ հայհոյել, եւ տեսնելով որ քրիստոնեաներու քով թուրք մը նստած է, անոր վրայ յարձակիլ, երեսն ի վեր պոռալ թէ՝ «դուն իսլամ չե՞ս, զգացում չունի՞ս, դուն ի՞նչ գործ ունիս այս կեավուրներուն մէջ եւայն»։ Քիչ ետքը տեսաւ որ գլուխը գիւղացի թուրք կիներու պէս ճերմակ փաթթուած կին մը առեւտուր կ՚ընէր քրիստոնեայ նպարավաճառէ մը, անմիջապէս անոր քով վազեց եւ կնօջը թեւէն քաշելով հարցուց՝ «դուն իսլա՞մ ես թէ կեավուր»։ Կինը աապշահար պատասխանեց, «ես քրիստոնեայ Ասորի եմ», քանի որ անանկ է, գնա սատկէ, ուրկէ կ՚ուզես անկէ առ, ես ալ զքեզ միւսլիման կարծեցի, մինչդեռ կեավըր ես եղեր» ըսաւ եւ հեռացաւ։

Հազիւ թէ կես ժամ անցած էր միեւնոյն թուրքը նորէն եկաւ եւ տեսնելով որ Քիւրտ մշակ մը, քրիստոնեայ  հացագործէ մը գնում կ՚ընէր, խոյացաւ վրայ եւ անոր գնած հացը գետին նետելով, հացին փոխարժէքը վճարեց Քիւրտին եւ սկսաւ անտեղի լուտանքներ թափել մեր հասցէին բարձրաձայն պոռալով հետեւեալ խօսքերը «դուն միւսլիման չե՞ս, դուն զգացում չունի՞ս, ինչ համարձակութեամբ կեավըրէ մը հաց կ՚առնես, ասոնց հացը թունաւոր է, զմեզ թունաւորելու համար պատրաստած են, ասոնք անիծիեալ ազգ մ՚են, մինչեւ որ ասոնք չի լմնան մեզի հանգիստ չի կայ, գնա՛ կորսուէ, անօթի սատկէ, նորէն կեավըրներէն առեւտուր մի՛ ըներ, առ քեզ դրամ, գնա՛ թուրք հացագործի մը քով եւ հոն կեր ուզածիդ չափ հաց. ասոնց ազգն ալ կրօնքն ալ…» Այս խօսքերը արտասանեց հարիւրաւոր հայերու ներկայութեանը, որոնց մէջ ներկայ էր նաեւ այս տողերը գրողը։

Կարծես մասնաւոր կարգադրութեամբ մը այս մարդը ղրկուած էր, մեր մէջ երկրորդ ջարդին պատճառ մը պատրաստուելու համար եւ սակայն չէ կրցաւ յաջողին, որովհետեւ մնացած հայերս արդէն սարսափահար առանց ձայն հանելու մտիկ կ՚ընէինք։ Այս ցոյցը տեսնող քրիստոնեաները համոզուեցան երկրորդ ջարդի մը պատրաստութեանը եւ անմիջապէս լեցուեցան իրենց պատկանած եկեղեցիները։