ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՏԵՐԱԶՄ[ԱԿԱՆ] ԱՏԵԱՆՆԵՐՈՒ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ատանայի, Էրզէնի եւ Անթաքիոյ մէջ գումարուած Պատերազմական Ատեանները աշխատեցան Արդարութեան ձեռքէն ազատել այնպիսի արիւնարբու ճիւաղներ, որոնց համար մահու պատիժն իսկ շատ թեթեւ պիտի ըլլար, տասնեակներով քրիստոնեաներ սպաննող բարբարոսներէ շատ քիչեր դատապարտուեցան ամենաթեթեւ պատիժներով, եւ ասդին ինքնապաշտպանութեան նուիրական պարտականութիւնը կատարող կամ ջարդի միջոցին հեռուէն միայն խուժանին աչքին երեւցած բազմաթիւ հայեր դատապարտուեցան բուն ոճրագործներէն աւելի ծանր պատիժներով։ Այս պարագան շատ դիւրաւ կը հաստատուի, երբ մեր Օսմ[անեան] Սահմանադրական Կառավարութիւնը հաճի հարեւանցի քննութիւն մը կատարել, եւ արդէն կը կարծենք թէ Կեդր[ոնական] Կառավարութիւնն ալ հասկցած է եւ գիտէ ամէն ինչ։ Սահմանադրական Կառավարութեան մը վայել Արդարութիւնը կը պահանջէ Կիլիկիոյ աղէտին վերաքննութիւնը։

Պատերազմական Ատեանին կողմէ դատապարտուեցան յիսունի չափ թուրքեր մահուան, որոնցմէ հազիւ քսանի չափ հոգիներ կախաղան բարձրացան։ Ասոնց ամենէն աւելի կարեւորներն էին Պաղչէ գաւառակին խուժանապետ Միւֆթին եւ Ապտօղլուի Հայոց դահիճները զոյգ մը ահարկու թուրք եղբայր աղաներ։ Իսկ մնացեալները՝ մահուան դատապարտուած վեց Հաճընցի հայերու շնորհիւ կախաղանէն ազատեցան, ցկեանս բերդարգելութեան փոխուելով եւ վերջն ալ ազատեցան ընդհ[անուր] ներումներով։