ՎԱՅՐԱԳ
ԹՐՔՈՒՀԻ
ՄԸ
ՍԻՆԷՄԷ
ՀԱՆԸՄ
Կը
պատմեն
թէ՝—
Ատանայէն
3
ժամ
հեռու՝
Ղայըրլը
գիւղին
մէջ
բնակող
Ապտալ
Խալլօի
աղջիկը
Սինէմէ
հանըմ՝
վայրագ
եւ
ճիւաղ
այն
թրքուհին
է
որ,
իր
ազդեցութեան
շնորհիւ
ժողվել
տուաւ
իր
գիւղն
ու
շրջակաները
գտնուող
երկսեռ
հայերը,
եւ
անոնցմէ
գեղեցիկ
աղջիկներն
ու
հարսերը
զատելով
իր
ուզած
թուրքերուն
հետ
ամուսնացուց
եւ
մաս
մը
հայեր
ողջ
ողջ
գիւղին
փուռը
լեցնել
տալով
այրեց,
անոնց
աղաղակներովը
զուարճացաւ,
եւ
ամենէն
վերջը
մաս
մը
հայեր
ալ
գետեզերք
փոխադրել
տալով
ինք
իր
ձեռքովը
մորթեց
եւ
ջուրը
թափեց…։
Ահա
կին
մը,
որուն
անիծեալ
կիսանդրին
կ՚արժէ
որ
ցուցադրուի
համաշխարհային
ցուցահանդէսներու
մէջ
իբրեւ
Քսաներորդ
Դարու
Անգթութեան
Մարմնացումը
կնօջական
տարազին
տակ…։