ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԶԳՈՒՇՈՒԹԻՒՆԸ

«Այն գիշերը՝ Զինուորական Հրամանատար Մուսթաֆա Րէմզի փաշա՝ իրեն հետեւորդ ժանտարմայի հրամանատար Ահմէտ պէյ՝ հազարապետ Րիֆաթ պէյ՝ ոստիկանութեան պաշտօնեաներ եւ գումարտակ մը զինուոր առնելով մինչեւ առտու՝ քաղաքին ամեն կողմերը, սրճարանները, կազինօները եւ հաւաքոյթի վայրերը պտտելով ժողովուրդին պէտք եղած խրատները տուաւ, բոլոր մարդիքը իրենց տուները ղրկեց եւ ամեն կողմ զինուորական ջոկատներ ղրկելով, ապահովութեան հաստատման կ՚աշխատէր»։

«Միւս կողմէ Ն. Վ. կուսակալ պէյ էֆէնտին՝ իրեն ընկեր ունենալով տեղացի երեւելիներէն մէկ քանին եւ բաւականաչափ զինուոր, քաղաքը կը պտըտէր եւ յուզումը հանդարտեցնելու կ՚աշխատէր»։