ԷՐԶԻՆԻ
ՄԷՋ
ՀԱՃԸՆՑԻ
ԳԱՐԵԳԻՆ
ԱՃԷՄԵԱՆԻՆ
ԿԱԽԱՂԱՆ
ԲԱՐՁՐԱՆԱԼԸ
Հաճընի
ինքնապաշտպանութեան
միջոցին
խուժանէն
նախայարձակ
մէկուն
սպանման
պատճառաւ
մահուան
դատապարտուած
Գարեգին
Աճէմեան
անունով
դեռատի
երիտասարդը՝
Էրզինի
Պատերազմական
Ատեանին
կողմէ
մահուան
դատապարտուելով
կախաղան
հանուեցաւ
Էրզինի
մէջ՝
Պաղչէ
գաւառակի
արիւնարբու
ճիւաղ
միւֆթիին
հետ։
Առտուն
կանուխէն
լուր
կուտան
Գարեգինին
որ
պատրաստուի
կախաղան
ելլելու։
Առիւծասիրտ
Գարեգինը
առանց
յուզուելու
կը
պատասխանէ
«քանի
որ
կախուելս
որոշուած
է,
պատրաստ
եմ
մեռնելու»,
իսկ
անդին
Պաղչէի
միւֆթին
երբ
կախաղանի
լուրը
կ՚առնէ,
պատէ
պատ
կը
զարնուի,
գոռում
գոչումներով
եւ
բարձրաձայն
լացերով
ահագին
աղմուկ
կը
հանէ։
Գարեգինը՝
իրեն
ներկայացող
հայ
քահանային
կը
խոստովանի,
Ս.
Հաղորդութիւն
կ՚առնէ,
ժպտաշուրթն՝
կը
պատուիրէ
քահանային
որ
աղօթէ
իրեն
համար։
Գարեգինը
երբ
կախաղանին
կը
մօտենայ
կատարեալ
պաղարիւնութեամբ
կը
բարձրանայ
չուանի
աթոռին
վրայ
եւ
երեք
անգամ
կը
գոչէ
«կեցցէ՜
Արդարութիւն,
կեցցէ՜
ազատութիւն,
կեցցէ՜
Ազգս»
եւ
չուանը
ինք
իր
ձեռքով
անցնելով
իր
վզին
կը
հրամայէ
որ
աթոռը
քաշեն
ոտքին
տակէն։
Իսկ
միւֆթին
գետինը
կը
պառկի
եւ
զինուորները
բռնի
կերպով
կը
բարձրացնեն
կախաղանին
վրայ…։