ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԱՐՍՈՆԻ [1] ՋԱՐԴԸ

Տարսոնի ջարդին բոլոր անցքերուն ականատես եւ ամէն մանրամասնութեան տեղեակ Տարսոնցի մը կը պատմէ հետեւեալ կերպով։

«Ապրիլ մէկի Չորեքշաբթի օրը ժամը 6ին յանկարծ զօրանոցին փողը ճէմ պօրուսը հնչեց եւ մունետիկ մը շուկան ելլելով սկսաւ պոռալ՝ «Մարգարէն սիրողը զօրանոց թող երթայ»։ Իսկոյն շուկայի թուրք ժողովուրդը զօրանոց վազեց եւ այս տեսարանին ականատես եղող քրիստոնեաներն յանկարծակիի եկած՝ ստիպուեցան իրենց վաճառատունները գոցելով տուներնին քաշուիլ։ Զօրանոցէն զէնք բաժնուած էր խուժանին, նկատելով պահեստի զինուոր, եւ պատրուակելով թէ քաղաքը պիտի պաշտպանեն Ատանայի ապստամբներուն դէմ ?…։

Առաջին իրիկունը կառավարական պաշտօնեաներն ու տեղացի թուրք երեւելիները ժողով գումարելով իրենց մօտ հրաւիրեցին Հայոց քահանան ու հայ երեւելիները, եւ առաջարկեցին որ հայերը համոզեն ու հանդարտեցնեն վստահեցնելով թէ բան մը չկայ եւ չ՚ըլլար։ Յիշեալ ժողովին որոշումով հայ ու թուրք երեւելիներէ բաղկացեալ պահակախումբ մը կազմուեցաւ, որ այն գիշերը մինչեւ առտու պտտեցաւ փողոցները։ Այս ընթացքէն հայերը քիչ մը քաջալերուեցան եւ շատեր ետ կեցան Մէրսին փախչելու որոշումէն։ Հետեւեալ օրը, ժողովուրդը ամբողջապէս շուկան էր եւ քրիստոնեաները առանց խանութ բանալու կը սպասէին իրենց ճակատագրին։

Կէս օրուան մօտ Ատանայի շոգեկառքը ժամանեց եւ սոսկալի իրարանցում մը սկսաւ։ Ատանայի կողոպտիչներէն մաս մը՝ հարուստ Ատանան թալանելէ ետքը շոգեկառք նետուելով Տարսոն եկած էին։

Յանկարծ ահագին խուժան մը շուկան թափուեցաւ, եւ սկսան պոռալ՝ «Ատանան կործանեցինք դեռ ի՞նչ կեցած էք»։ Այս ահաբեկիչ յայտարարութեան վրայ, հայերը քաշուեցան իրենց տուները եւ թուրքերը յարձակեցան առաջին անգամ Կոզմայի պանդոկին վրայ։ Հոն կացիններով ու բիրերով սպաննեցին Կեսարացի Գառնիկ անունով հայ կառապան մը, (Ատանայի առաջին զոհն ալ նոյնպէս Կեսարացի՝ Լութֆիկ անունով ատաղձագործ մը եղաւ)։ Նոյն իրիկունը Պօյաճը Գրիգոր եւ Շալվարճեանի տուները կոխելով զէնք փնտռեցին եւ տան տէրերը սոսկալի խոշտանգումներու ենթարկելէ ետքը բանտ տարին։

Ուրբաթ առտու սարսափն աւելցաւ եւ ահա լուր ելաւ թէ՝ ժամ մը ետքը ջարդը պիտի սկսի, եւ թէ Յոյներուն բան մը չպիտի ըլլայ, այլ միայն հայերը՝ պիտի ջարդուին։ Ասոր վրայ վաթսունի չափ հայեր՝ խումբով ամէն վտանգ աչքի առնելով Մէրսին փախչելու համար երկաթուղիի կայարանը գացին։ Խուժանը՝ կայարանի շէնքին մէջ գտնուող հայերուն վրայ յարձակելով սպաննած էր հինգ քրիստոնեաներ եւ մնացածները թրէն նետուած են. խուժանը պաշարած է թրէնը՝ մէջը գտնուողները ջարդելու մտադրութեամբ, բարեբախտաբար թրէնը շարժելով փախած է եւ որով ազատած են ստոյգ մահէ մը յիսուն եւ հինգ հայեր։

Երկաթուղիի կայարանը պաշարող վայրագ խուժանը՝ բարձրաձայն գոչերով ու պոռչտուքներով զօրանոց վազեց եւ հոն բաշխեցին մնացած զէնքերն ալ։ Խուժանը տարածուեցաւ Հայ թաղերուն մէջ։ Աֆղան շէյխ մը՝ մէկ ձեռքը կը բռնէր կրօնական վերատառութիւններ կրող դրօշ մը եւ միւս ձեռքը խոշոր եւ մերկ սուր մը, պօռալով կեավըրներու ջարդին կը հրաւիրէր ու կ՚առաջնորդէր մոլեռանդ խուժանը։ Ասոր ետեւէն կուգային խուժանապետներն ու խուժանը. որ չորս մասի բաժնուեցան շուկային մէջ։ Մէկ մասը յարձակեցաւ Գըպրըս թաղին մէջ բնակող հայ՝ երեւելի վաճառական Սարգիս էֆ[էնտի] Գանձապետեանի տան վրայ եւ հակառակ Սարգիս էֆ[էնտի]ի օտարահպատակութեանը, սկսան կացիններով անոր տան դուռը խորտակել եւ ներս խուժել։ Սակայն բարեբախտաբար ներսէն արձակուած ատրճանակի հարուածները փախցուցին ու վախցուցին զանոնք։ Հակառակ պարագային պիտի փճանար վայրկենապէս Տարսոնի հայութեան ազնիւ եւ պատուական ընտանիքներէն մին, որ պատիւ կը բերէ պատկանած համայնքին։

Պահակախումբ մը՝ զինուորներէ եւ ոստիկաններէ բաղկացած, կը դիտէր այս դէպքը, բայց չէր հաճեր բան մը ըսել։

Երկրորդ մաս մը յարձակեցաւ Սթանպուլեան տունին վրայ, որուն մէջ ջարդեց հինգ հայեր ու թալանի տուաւ տան պարունակութիւնը եւ ամենէն վերջը կրակի տուաւ տունը։

Երրորդ մասը յարձակեցաւ Ճամպազեան եղբայրց տան վրայ, հոն ալ տանտէրն ու ընտանիքին անդամները ջարդելէ ետքը պարունակութիւնը թալանեց եւ կրակի տուաւ այս տունն ալ։

Չորրորդ մասը յարձակեցաւ ատամնաբոյժ Պարոնեանի տունը, եւ եղած դիմադրութեան շնորհիւ չի կրցաւ մտնել տունէն ներս։

Այս միջոցին Հայոց թաղին մէջ մնացած հայերէն՝ 4-500 հոգի խուժեցին Ամերիկեան վարժարանը ուրկէ ընդունուեցան Վեր. Տօքթ. Քրիսթիի տիկնօջը կողմէ կատարեալ հոգածութեամբ։ Մաս մը հայեր Մ. Խրիսթօֆիի տունը եւ մաս մ՚ալ վստահելի ֆէլլահներու պարտէզները ապաստանեցան։

Քաղաքը ամէն կողմերէ կրակի տրուած էր։ Պէրպէրեան անունով հայ մը փախած ատենը կացինի հարուածներով սպաննուեցաւ։ Խուժանը ամէն կողմէ ճամբաները բռնած՝ անխնայ ջարդեց ձեռքն ինկած քրիստոնեաները։ Պէկճի-պաշի Ալի Չավուշ կոչուած մարդակերպ ճիւաղ մը սպաննած էր Էֆլաթօն կոչուած քրիստոնեայ մը որ իբրեւ ամենամտերիմ դրացի մը, իր տուն ապաստանած էր, խեղճը՝ Ամերիկեան վարժարանէն աւելի վստահելի կարծելով այն տեղը…։

Կրակը պատեց ամէն կողմ եւ շատեր չի կրնալով փախչիլ՝ իրենց տուներուն մէջ այրեցան։ Մայրեր իրենց զաւակները կրակին մէջ ձգելով փախան։ Ամենէն ետքը խուժանը կրակի տուաւ հայոց Պօղոս Առաքեալի պատմական մեծ եկեղեցին եւ անգութ ճիւաղները տեսնելով որ ամէն մասերով չայրիր, աղտեղութիւններով պղծեցին։

Ուրբաթ օրը առտուընէ մինչեւ իրիկուն Ամերիկեան Գօլէճին մէջ ահ ու սարսափով անցուցինք։ Կիները վարժարանին շէնքին մէջ իրարու վրայ կը մնային, եւ այրերը բակին մէջ կը սպասէին։ Պահ մը խուժանը յարձակիլ փորձեց Ամերիկեան վարժարանին վրայ, սակայն օտար դրօշի մը ծածանումը խելահաս թուրքերէն ոմանց սարսափ ազդեց, որով արգիլուեցան անխոհեմ յարձակումներէ։ Ամերիկեան վարժարանի տնօրէնը՝  Տօքթ. Քրիսթի՝ Ատանա կը գտնուէր եւ սակայն Տիկին Քրիսթի կատարեալ վեհանձնութեամբ պահեց եւ պահպանեց իրենց օգնութեան դիմող Հայերը, որոնք այսօր անոր կը պարտին իրենց կեանքերը։ Հետեւեալ օրը կառավարութիւնը հաճեցաւ հաց ղրկել եւ ամիս մը հոն Ամերիկեան վարժարանի բակին մէջ մնացինք՝ անտուն եւ գրեթէ անօթի։ Վերջը յոյն թաղերուն մէջ տուն գտնելով տեղաւորուեցանք։

Տարսոնի վնասը. 600 տուն այրեցաւ, մարդու կորուստն է՝ քաղաքէն 70, իսկ շրջականերովը  560, որոնցմէ 160 հոգին Գօզ-օլուգ գիւղէն էին։ Նիւթական վնաս կը հաշուեն 500, 000 ոսկի»։



[1]            Պօղոս Առաքեալի հայրենիքն եղող այս պատմական քաղաքը՝ կը գտնուի Ատանայի եւ Մէրսինի մէջտեղը։ 1908ի պաշտօնական մարդահամարին միջոցին ունէր 3139 տեղացի Հայ բնակիչ։ . Յ. Թ. )