ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՆԲԱՒԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԻՍԼԱՄՆԵՐՈՒ ԱՆԶԷՆՈՒԹԻՒՆԸ

«Դէպքին պատահած օրը Ատանայի մէջ գտնուող զինուորական ոյժը՝ մի քանի հարիւր հոգիէ կը բաղկանար։ Կուսակալը՝ ոստիկաններու, ժանտարմաներու եւ զինուորներու աւելցուիլը կրկին ու կրկին անգամներ Բ. Դուռը գրած ըլլալով մէկտեղ, կարեւորութիւն չ՚էր տրուած։ Ատանայի ժողովուրդին համեստ վիճակը գիտցող նախորդ Վարչապետ Հիլմի փաշա՝ կերեւայ թէ հոս աղէտ մը պատահիլը չի յուսացած։

Հայերուն քով գտնուող զէնքերուն շատութիւնն ու կատարելութիւնը կը գիտցուէր եւ իսլամները՝ անզէնութեան պատճառաւ մեծ վախի մէջ կը գտնուէին։

Զէնքի ձայները ամէն կողմէ սոսկալիօրէն ականջները կը խլացնէին։ Կառավարութիւնը անմիջական տնօրինութիւն մ՚ըլլալով Թարսուսի եւ Մէրսինի մէջ գտնուող մէկ երկու հարիւր կանոնաւոր զինուորներուն առաքումը հրամայելով մէկտեղ, Գարաիսալուի պահեստի զօրքերուն ստիպողաբար ղրկուիլը պահանջեց»։